Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս, 2026

ՑԱՎԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ

ԹԷՔԷԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ԵՐՈՒԱՆԴ ԱԶԱՏԵԱՆ, ատենապետ
ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ, ատենադպիր
Յուլիս 22, 2020

Յարգելի ընկեր Արմէն Սաքապետոյեան

Երեւան, Հայաստան

Խորունկ վիշտով իմացանք Ձեր պատուական հօրՙ Ռուբէն Սաքապետոյեանի տխուր կորուստին մասին:

Դուք ոչ միայն կորսնցուցիք ընտանիքի հոգածու հայր մը, այլ մանաւանդ հմուտ գիտնական մը, արտակարգ լեզուաբան մը, զոր փոխարինելը անհնար պիտի ըլլայ:

Իբրեւ լեզուաբան եւ դաստիարակՙ հսկայ ժառանգութիւն մը կը թողու իր ետին:

Անոր հայրենասիրական հաւատքը ժառանգ մնացած է ձեզի եւ ընտանիքի միւս հարազատներուն:

Թէքէեան մշակութային միության Կեդրոնական վարչութեան ամբողջ կազմը կը միանայ Ձեզի կիսելու համար Ձեր եւ Ձեր ընտանիքին մեծ սուգը:

Կ՛աղօթենք առ Աստուած, որ լուսաւորէ հոգին հանգուցեալ Ռուբէն Սաքապետոյեանին եւ պարգեւէ երկնային մխիթարութիւն Ձեր ընտանիքի սգակիր պարագաներուն:

Անկեղծ վշտակցութեամբՙ