Տաղանդաւոր եՒ զգայուն գեղանկարիչ ՅարութիՒն ԹորոսեանիՅունուարի 10-ին փարիզեան շրջանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է Յարութիւն Թորոսեանը:Լիբանանի գեղանկարչական աշխարհին մէջ յայտնի դէմք էր Յարութիւն Թորոսեան:Ան ծնած էր 1933ին, Պէյրութ: Մաս կը կազմէր հայ արուեստագէտներու սերունդի մը: Բազմաշնորհ արուեստագէտ էր: Միաժամանակ կը սիրէր գրել: Հետաքրքրական է իր «Անկարելի սէր» գիրքը: Իր գեղանկարչական ուսումը ստացած էր Լիբանանի Գեղարուեստից վարժարանին մէջ, ապաՙ Փարիզի Գեղարուստից Ազգային Բարձրագոյն դպրոցինՙ նկարչութիւն, փորագրութիւն (gravure) եւ որմնանկարչութիւն (fresque):Ունի հայերէնով հրատարակութիւններ եւ իր գեղանկարներու ներկայացման ալպոմներ:Ան անդամ էր Լիբանանի գեղանկարիչներու եւ քանդակագործներու միութեան եւ Ֆրանսայի Արուեստագէտներու պալատին:Յարութիւն Թորոսեանի ստեղծագործական ներշնչման ենթահողը երրեակ է. ծննդավայր Լիբանանը, արմատներու եւ սիրոյ հայրենիք Հայաստանը, եւ Ֆրանսանՙ իր արուեստի մեծութիւններով:Վերջին տարիներուն քանի մը անգամ միասին գտնուեցանք Պէյրութի ցուցահանդէսներուն եւ նուագահանդէսներուն: Ֆրանսայի մէջ յաճախ իրարու հանդիպեցանք Մոնթրէօյի իր տունը եւ արձակուրդի օրերունՙ Նորմանտի, Վիլլէր-սիւր-Մէր կամ Տովիլ ծովափնեայ քաղաքները: Կարօտով կը խօսէր Լիբանանի եռուն կեանքին մասին, ինչպէսՙ իր ընկերներուն:Յարութիւն Թորոսեանէն իբրեւ յիշատակ կը պահեմ երեք մերկուհիներու գեղանկարներ, որոնք գեղեցիկի եւ կեանքի մասին կը վկայեն:Անոնք մնայուն ներկայութիւն պիտի ըլլան գիրքերուս կողքին, շարունակելով Նորմանտիի մեր զրոյցները, որոնք կը մեղմէին կարօտներ եւ աքսորի տխրութիւնները:Արուեստ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն ԲԱՆՆ իսկ են, մեզմէ առաջ սկսած, մեզմով շարունակուող եւ դէպի գալիքները ընթացող: Ինչե՜ր ըսած է Գեղեցիկը: Յարութիւն Թորոսեանի մերկուհիները ի՞նչ կ՛ըսէին իրեն, ի՞նչ կըսեն արուեստասէրին, ի՞նչ պիտի ըսեն վաղը:Կը դիտեմ: Ինք կը խօսի իր զգացումներով:Կը մնայ ներկայութիւն:Այդպէս է Բանի եւ Արուեստի բաց պատուհանը:Լիբանանի արուեստի կեանքին եւ անոր զարգացման մէջ իր տեղը ունէր Յարութիւն Թորոսեան, ինչպէս իրմէ առաջ շիջած Զաւէն Խտըշեան, Լիւսի Թիւթիւնճեան եւ շատեր: Իր սերունդէն ուրիշներ, հակառակ Լիբանանի եւ լիբանահայութեան ապրած խոր տագնապին, կը շարունակեն ստեղծագործել եւ կենդանութեան շունչ տալ հայ կեանքին:Իր ետին տաղանդաւոր արուեստագէտի պայծառ յիշատակ կը թողու Յարութիւն Թորոսեան:Օր մը, յաղթահարելէ ետք ներկայի բարդութիւնները, Սփիւռքի հայ արուեստագէտներու թանգարան կը ստեղծուի՞ Հայաստանի մէջ, որպէսզի հայկական ժառանգութիւնը պահուի: Այդ կ՛ըլլայ օտար երկինքներու տակ տարածուած հայ միտքի լոյսին հայրենիքին տուած տիրութեան եւ սիրոյ տուրքը:Յարութիւն Թորոսեանի հետ արուեստասէրներ իրենց անաւարտ զրոյցները պիտի շարունակեն իր նկարներուն հետ: 11 յունուար 2022, Նուազի-լը-Կրան ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ, Նուազի լը Գրան, Ֆրանսիա |