Ուրբաթ, 7 Օգոստոս, 2026

Եւրոպացիները յանուն Արցախի. պատասխան ՀՀ վարչապետի Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութիւններուն

Եւրոպացիները Յանուն Արցախի Europeans for Artsakh Հարթակը զարմացած եւ ցնցուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին անընդունելի յայտարարութիւններէն: Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կ՛ենթարկեն հաստատուած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կ՛անարգեն Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կ՛ընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիւններու եւ Հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նուիրական աշխատանքներ եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի Եւրոպահայերու գործունէութեան մէջ, որուն շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանը ճանչցած են Հայ ժողովուրդի դէմ կատարուած այդ մեծ յանցագործութիւնը:

Որպէս եւրոպացիներ, վիրաւորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ կը դնէ այս առաջընթացքը, որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպահայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկուին որեւէ ներքին կամ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի:

Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի որոշ ասպեկտները կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատուական արշաւներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:

Արցախի ժողովուրդը ենթարկուած է Ցեղասպանութեան եւ էթնիկ զտումի: Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի Հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտման եւ պատասխանատուներուն պատժելիութեան:

Պատասխանատուութիւն հաստատելը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար:

Ընդունուած վարկած է, որ երբ ոճրագործը չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կարող է կրկնել նոյն ոճիրը:

Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Կրկնութիւնը Ցեղասպանութեան ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները:

Ցեղասպանութեան ուրացումը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր ներկայիս հարցականի տակ դնելը ՀՀ Վարչապետին կողմէ, լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու ապագան:

Եւրոպացիները Յանուն Արցախի

10 Փետրուար, 2025թ.

Աղբիւրը՝ https://armactu.fr/hy/2025/02/19/18133/