Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս, 2026

Թէքէեան Մշակութային Միութեան  ԴՈԿՏ. ՆՈՒՊԱՐ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ  Ամենամեայ մրցանակաբաշխութիւն

Մտաւորական, լրագրող, հասարակական գործիչ եւ ՌԱԿ բազմաթիւ թերթերու  կէսդարեայ խմբագիր Դոկտոր Նուպար Պէրպէրեանի 2024 թուականի մրցանակաբաշխութեան դիմելու մեկնարկը տրուած է:

Նուպար Պէրպէրեանի մրցանակը կը տրուի հայկական ծագում ունեցող ուսանողներուն, որոնք կը մասնագիտանան միջազգային իրաւունքի կամ քաղաքագիտութեան մէջ:

Մրցանակաբաշխութիւնը սահմանուած է մտաւորականի  կտակին համաձայն, իսկ Պէրպէրեան կեանքէն հեռացած է 2016 թուականի Նոյեմբեր 23ին, 94 տարեկան հասակին:

Մրցանակաբաշխութեան մասնակցելու պահանջներն են՝

1)      կրնան մասնակցիլ ուսումնական հաստատութիւններու՝ հայկական

ծագում ունեցող ուսանողները, որոնք գլխաւորապէս մասնագիտացած են կամ միջազգային իրաւունքի, կամ քաղաքագիտութեան մէջ:

2)      դիմորդը պէտք է ամբողջական դրոյքով ներգրաւուած ըլլայ աշխարհի հաւատարմագրուած քոլէճներու կամ համալսարաններու  պաքալորէայի կամ ասպիրանթուրայի ծրագիրներով:

3)      դիմորդը պէտք է ներկայացնէ ամբողջական տեղեկատուութիւնը, որ

սահմանուած է դիմումի ձեւով:

4)      դիմորդը պէտք է ներկայացնէ քոլէճի գրագրի պատճէնը:

5)      դիմորդը պէտք է ներկայացնէ դիմանկար:

6)      դիմումը հնարաւոր է ստանալ Tcadirector@aol.com ելեկտրոնային փոստին

գրուած նամակի միջոցով:

7)      դիմորդները պէտք է դիմումները ներկայացնեն ելեկտրոնային

տարբերակով՝ ուղարկելով Tcadirector@aol.com հասցէով:

8)      յայտերի ընդունման վերջնաժամկէտը 2024 Սեպտեմբեր 30-ն է:

9)      հիմնադրամի  կառավարիչները 2024 թ. Հոկտեմբերին կը քուէարկեն

որակաւորուած յաղթողներու օգտին՝ հաշուի առնելով իւրաքանչիւր դիմումատուին ներկայացուցած դիմումը:

10)   յաղթողը կամ յաղթողները կը ստանան իրենց մրցանակները 2024

Նոյեմբերին:

11)   յաղթողները իրաւասու չեն կրկին դիմել մրցանակի համար:

Ուոթըրթաուն, ԱՄՆ