«Մեծերը եւ Միւսները»*
Ճիշդ 30 տարի առաջ, մօտաւորապէս այս օրերուն, Հայաստանի արդարադատութեան նախարարութիւնը, փոխնարար Գագիկ Ճհանկիրեանի, ՀՀՇ այն ժամանակ ազդեցիկ ղեկավարներէն (այժմ հանգուցեալ) Էտուարդ Եգորեանի, Տէր Յուսիկի եւ այլոց ջանքերով կը դադրէր «Ազգ» օրաթերթին հրատարակութիւնը, որ այդ օրերուն նորանկախ Հայաստանի առաջատար եւ ազդեցիկ թերթերէն էր՝ օրական մօտ 45 հազար տպաքանակով: Ազդեցիկ՝ նորանուն հրապարակախօսներու գրիչով, երիտասարդ լրագրողներու թարմ մօտեցումներով: Այժմ, 30 տարի յետոյ, նոյնը կը պատահի տարբեր մթնոլորտի ու պայմաններու եւ բոլորովին տարբեր հանգամանքներու տակ, բայց ատելավառ փառասիրութեան նոյն դրդապատճառներու հետեւանքով: Այս անգամ «զոհը» Պէյրութի ՌԱԿ պաշտօնաթերթ «Զարթօնք» օրաթերթն է՝ Վահան Թէքէեանի, Յովհաննէս Պօղոսեանի, Գերսամ Ահարոնեանի խմբագրած թերթը՝ իր 90-ամեայ յոբելեանի շեմին: Գրեթէ նոյն մարդիկն են, 30 տարի ծերացած ու բնաւ չիմաստնացած: Մէկ առ մէկ կրնամ տալ անունները այդ «հերոսներուն», որոնք 30 տարի առաջ նոյն «սկզբունքով» փորձեցին փակել «Ազգ»ի ընթացքը եւ 13 օր կեղծ «Ազգ» հրատարակելէ ու դատարանին վճիռով իրենց բերանները գոցելէ ետք, ահա այսօր, չխրատուած՝ նոյնը կը կրկնեն «Զարթօնքի» դէմ: Այս մարդիկ, արդարեւ, անյուսալիօրէն մոլորուած են, բայց կը շարունակեն նոյն յիմարութիւնը ինքնափառաբանութեան, քանզի չունին զիրենք փառաբանողներ, հետեւորդներ, աջակիցներ, նոյնիսկ իրենց կնիկներուն մէջ: Այս մարդիկ, ինչպէս 30 տարի առաջ, բնաւ չեն հասկցած, թէ ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի իրենց հայրենիք Հայաստանը, ի՛նչ տագնապներու մէջ կը գտնուի աշխարհատարած մեր ժողովուրդը համաշխարհային ներկայ թոհուբոհին մէջ եւ վտանգաւոր ի՛նչ աղէտներ կը սպասեն մեզի, սակայն կը շարունակեն զբաղիլ իրենց նեղ անձնական փառասիրութիւնը շոյելով, որ այլեւս ոչ մէկը կը հետաքրքրէ, նոյնիսկ՝ իրենց մտերիմները:
Ճղճիմ մարդիկ, տօքթոր-մօքտորի փետուրներով, որոնք չունենալով որեւէ միջոց որեւէ բան ստեղծելու, ահաւասիկ, երկրորդ անգամ կը փորձեն թերթ փակել, թերթ գոցել, անգամ մը եւս խայտառակել թերթ, մամուլ, լրատուամիջոց ստեղծելու աւանդութիւն ու փորձ ունեցող մեր կուսակցութիւնը, արդէն 105 տարուան պատմութիւն ունեցող մեր ՌԱԿ-ը:
Ստորեւ հրատարակուող յօդուածը, Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը եւ միսւները» պատմական ու բնորոշիչ վերնագրով, կը ներկայացնէ, թերթ ստեղծողներու եւ թերթ գոցողների հակադրութեամբ, այն դժբախտ պատկերը, որ կը տիրէ այսօր Ռամկավար կուսակցութեան ներսը, օտարերկրեայ մի քանի գործակալներու եւ անոնց խաբուած գործակատարներուն մեղսակցութեամբ:
Մեծերը անոնք են, որոնք միշտ միասնականութիւն կը ստեղծեն մեծ գործերու շուրջ, իսկ միւսները անոնք՝ որոնք քանդիչ, պառակտիչ, ճղճիմ գործերու հետամուտ են:
ՄՈՒՏՔ
Հայաշխարհի մէջ ազգային կեանքով ապրող հայորդիներէն ո՛չ մէկուն համար գաղտնիք է, թէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը վերջին աւելի քան 30 տարիներուն կ՛ապրի իր պատմութեան ամենաթշուառ օրերը, իր բազմաշերտ եւ հակոտնեայ բաժանումներով:
1990ականներէն ի վեր, իբր թէ սերնդափոխութեան պատրուակով «ընտրուած» եւ անկէ ետք կանոնադրական զանազան խախտումներով ինքզինք կուսակցութեան ղեկավարութիւն կոչող խմբակ մը անկումէ անկում կ՛առաջնորդէ ազգային արժէք հանդիսացող՝ պանծալի անցեալ եւ հայ իրականութեան մէջ կենսական դեր ունեցող՝ մեր սիրելի կուսակցութիւնը:
«ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ»Ի ՀԻՆ-ՆՈՐ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Վերջերս, այսպէս կոչուած ներքին շրջաբերականէ մը իմացանք, որ իւրաքանչիւր քանի մը տարին մէկ խեղկատակութեան համազօր բեմադրութիւններով նոյն՝ մշտապէս ինքզինք վերարտադրող խմբակը դարձեալ կը ծրագրէ ընթացիկ տարուան մայիսի վերջը գումարել այսպէս կոչուած ՌԱԿ ընդհանուր պատգամաւորական ժողով մը:
Ճիշտ այն ժամանակամիջոցին, երբ թէ՛ մեր կազմակերպութեան մէջ իր դիրքով եւ թէ՛ իր անձնական արժանիքներով «Մեծեր»-էն համարուող անձնաւորութիւն մը, յանձին՝ Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեանի, ի տես մեր ազգն ու Մայր հայրենիքը յուզող տագնապալից այս օրերուն, իր հանգամանքին յարիր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ Միասնականութեան կոչ կ՛ուղղէր բոլորիս, «Միւսները»՝ իրենց նենգ ու ճղճիմ նկարագիրն ու կուսակցակործան ընթացքը աւելի եւս բացայայտող հաւաք մը դարձեալ կը փորձեն կազմակերպել՝ անունը դնելով «Պատգամաւորական Ժողով», աւելի եւս պառակտելու համար մեր սիրելի կուսակցութիւնը:
ՅԻՇԵՑՈՒՄԻ ԿԱՐԳՈՎ
«Միւսները» ներկայացնող նշեալ խմբակը աւելի քան 30 տարիներ առաջ, ինքնահաստատումի իր ապիկար փորձին մէջ կուսակցութենէն իբր թէ փորձեց հեռացնել արժանաւորապէս «Մեծերը» հանդիսացող ղեկավարներ, որոնց անունները միաձուլուած եւ նոյնացած էին Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անունին եւ իր արդի պատմութեան հետ:
Այս խմբակը չբաւարարուեցաւ այդքանով, այլ՝ փորձեց սփիւռքի զանազան երկիրներու մէջ գործող մեր կուսակցութեան եւ անոր ուղեկից Թէքէեան Մշակութային Միութեան շրջանակներուն մէջ երկփեղկումներ յառաջացնել, կուսակցապատկան եւ միութենապատկան թերթեր փորձել իւրացնել, համախոհ հաստատութիւններ փակել, ազնիւ ընկերներ մոլորեցնել կամ խրտչեցնել, անկախ Հայրենիքի մէջ լուրջ զոհողութիւններով հիմնադրուած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող մեր առաջատար թերթ՝ «Ազգ»-ին շուրջ դաւեր հիւսել:
Նոյն խմբակին հակոտնեայ անդամները 2000ական տարիներուն, իրար մէջ քինախնդիր եւ անձնական հարցեր լուծելու համար երկու տարիով դադրեցուցին «Զարթօնք» օրաթերթը, հակոտնեայ դատերով վտանգեցին Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնի գոյութիւնը, Պէյրութի Վահան Թէքէեան վարժարանի վերելքին նպաստող տնօրէններ, ըստ իրենց քմահաճոյքին, պաշտօնանկ ըրին` խաթարելով մեր սիրելի վարժարանին գոյերթն ու ակադեմական մակարդակը, եւ իրենց այդ արարքներուն մասին փոխանակ ամչնալու՝ ուրախացան եւ հպարտացան, կէտեր արձանգրել կարծելով իրարու դէմ:
Միշտ միեւնոյն խմբակը ամէն ինչ ըրաւ ձախողցնելու մեր կուսակցութիւնը միացնելու իւրաքանչիւր նախաձեռնութիւն: Վերջինը, դարձեալ վաստակաւոր ընկերներ՝ Արշաւիր Կէօնճեանի եւ այժմ արդեն հանգուցեալ Երուանդ Ազատեանի կազմակերպած նախաձեռնութիւնն էր, կուսակցութեան նախկին ատենապետներու մասնակցութեամբ: Պատմութեան եւ մարդկային խիղճի հանդէպ ազնիւ փորձ մըն էր այն, որ իր հերթին ձախողութեան մատնուեցաւ վերոյիշեալ նոյն խմբակին եւ անոր արբանեակներուն նենգութիւններուն հետեւանքով:
Քանի մը ամիս առաջ նշեալ խմբակը դոն քիշոթեան նոր արկածախնդրութեան մը ձեռնարկեց: Արդէն շուրջ 90 տարիներէ ի վեր պատուով գոյատեւող եւ այս օրերուն աշխարհասփիւռ ընթերցողներու մէջ լայն տարածում ունեցող եւ զանազան ծրագիրներ իրագործող «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթին զուգահեռ` նոյնանուն կեղծ թերթիկ մը փորձելով հրատարակել Պէյրութ մէջ: Լկտի քայլ մը, զոր առնուազն կարելի է կոչել անամօթութիւն՝ Հայաստանեան մեր հայրենիքին, ծննդավայր Լիբանանին, մեր ժողովուրդին եւ ընդհանրապէս աշխարհին դիմագրաւած օրհասական այս օրերուն, երբ մենք բոլորս կը դիմագրաւենք գոյութենական հարցեր: Մինչ մեր ապրած տարածաշրջանը կ՛ապրի աննախադէպ դժուար օրեր, ներքին ճակատի վրայ փոխանակ համախմբուելու եւ միակամ աշխատելու, եւ ինչու չէ՝ բարելաւելու եղածը, խաւարի ասպետներ կը շարունակեն խափանարարական իրենց սեւ գործը, գուցէ նիւթապէս հրապուրելով Լիբանանի մէջ տնտեսական ճգնաժամ դիմագրաւող ընկերներ, որոնց անունը օգտագործելով, ինչպէս նաեւ ներքին ճակատի վրայ կարգ մը մեղսակիցներու հնարաւորութիւններէն օգտուելով, կը փորձեն յառաջ տանիլ իրենց սիրած սեւ գործը, զոր դաւադրական տեսանկիւնէ դիտած՝ կարելի է կոչել նաեւ հայ ժողովուրդի թշնամիներուն պատուէրով ստանձնուած «առաքելութիւն» կամ ազգակործան յանձնառութիւն:
ԱԶԳԱՅԻՆ-ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ԽՈՐՈՒՆԿ ՃԵՂՔ
Մինչև վերջին 8 տարիները մեր կուսակցութեան պառակտումի հիմնական պատճառը կարելի էր նկատել իբրեւ անձնական քինախնդրութիւն և ընդհանուրը՝ անձնականին զոհելու յոռի նկարագրի տէր մարդուկներու լկտի պահուածք: Այսօր սակայն, մեր եւ խնդրոյ առարկայ այդ խմբակին միջեւ գոյութիւն ունի ազգային-գաղափարական ուղղահայեաց եւ հորիզոնական ճեղք մը:
Արտաքին ուժերու եւ, ինչու չէ, նաեւ թշնամի կողմերու ի շահ քաղաքական տարբեր պատուէրներ կատարելու միշտ պատրաստ այդ խմբակին այսպէս կոչուած առաջնորդներն, այսօր մօտէն կը գործակցին, պատմական թիւրիմացութեամբ մը, մեր Հայրենիքին իշխանութիւնը ձեռք ձգած իշխանութիւններուն հետ: Հետեւաբար նման մարդոց հետ ունինք սկզբունքային խնդիրներ: Բան մը` որ աւելի եւս կը դժուարացնէ ներկուսակցական լուծումներու ձեռնարկումը, քանի կարելի չէ ձեռք մեկնել Արցախը յանձնած, Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու մեր Սուրբ Արարատի հայկականութիւնը հարցականի տակ դնող կողմի հետ գործակցող խմբակի մը հետ:
Մենք կը հաւատանք, որ ժամանակն է ամէն բան իր տեղը դնելու: «Մեծեր»-ու անուններն են, որ պիտի յաւերժանան, մինչ «միւսները»՝ իրենց մանկլաւիկներով ու պաշպանեալներով մէկտեղ` խմբովին պիտի յայտնուին պատմութեան աղբանոցին մէջ:
ԽՍՏԻՒ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՒՄ ԵՒ ԿՈՉ
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Լիբանանի շրջանակս խստիւ կը դատապարտէ անցեալի թէ ներկայ կուսակցաքանդ գործելաոճի ամէն դրսեւորում և կոչ կ՛ուղղէ աշխարացրիւ մեր բոլոր ընկերներուն` համախմբուելու մեր սիրելի կուսակցութեան «Մեծերուն» եւ անոր վեհ դրօշին շուրջ, միասնաբար փրկելու մեր սիրելի կուսակցութիւնը, կամ այն` ինչ «միւսները» ձգած են, որ մնայ անկէ:
Մեր կուսակցութեան 105ամեայ երթը ամէն գնով շարունակելու անշեղ խոստումով`
Կեցցեն՛ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը եւ իր ուղեկից Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱԿ
* Մեր սոյն յայտարարութեան վերնագիրը փոխառած ենք Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մեծերը և Միւսները» հատորէն, ուր ան զուգահեռ համեմատականով կը նկարագրէ ազգային կեանքի մէջ իրաւ Մեծերը, ինքզինքնին մեծ կարծող ու այդպէս ալ ձեւացնող Միւսներուն հետ:









