Facebook-եան սովորական անհակակշիռ, այլազան գրութեանց շարքին, օրերս տեղեկատուութիւններ կը շրջին, թէ մայիս ամսուան վերջին շաբաթավերջին, Երեւանի մէջ, քանի մը տասնեակ անձերէ կազմուած խմբակ մը հաւաքոյթներ ունեցած է, որոնք կը ներկայացուին որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան «Պատգամաւորական ժողովի նիստեր»: Այս պարագան հասկնալիօրէն շփոթ մը ստեղծած է Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ ազգային լուրջ հարցերով մտահոգ եւ անոնց առնչուող եւ նոյնքան լուրջ շրջանակներուն եւ անհատ ազգայիններու մօտ, քանի որ այս վերջինները նկատած են այդ «պատգամաւորական ժողովներ»էն տարածուած նկարներուն մէջ պատգամաւորի հանգամանք ունենալու յաւակնութիւն ունեցողներուն շարքին, ամբողջական բացակայութիւնը ռամկավար բոլոր այն ազգայիններուն, որոնք բազմածանօթ եւ բազմավաստակ անձնաւորութիւններն են, որոնք տարիներու ընթացքին ընդհանուրին ծանօթ են իրենց կատարած հետեւողական, որոշիչ, շարունակական եւ անխոնջ գործունէութիւններով, որպէս հարազատ դրօշակակիրները ազգանուէր հրաշալի աւանդութիւն կերտած Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան:
Հասկնալի է այս շփոթը ու նաեւ շատ դիւրաւ բացատրելի: Հետեւաբար անհրաժեշտ կը նկատենք հետեւեալ կարճ բացատրողականը կատարել վերյիշեցնելով նաեւ, թէ առաջին անգամը չէ դժբախտաբար, որ անպատասխանատու եւ անպարկեշտ այս դերը կատարող նոյն խմբակը, Ռ.Ա.Կ.եան կանոնադրութեան կոպիտ խախտումով կը շարունակէ աւելի եւս շփոթեցնել ազգային արդէն իսկ խիստ խռոված մթնոլորտը, եւ ահա ժամանակ առ ժամանակ, օգտուելով մանաւանդ Facebook-ի անհակակշիռ ազատութենէն, կը ձեռնարկէ այսպիսի անվաւեր եւ, հետեւաբար, բոլորովին ապօրինի հանդիպումներ, որակելով զանոնք իբրեւ «պատգամաւորական ժողովներ»:
Ուրեմն այսու կը վերյիշեցնենք, թէ հրաշալի անցեալ ունեցող եւ ազգակերտ իրագործումներով ծանօթ՝ Տամատեաններու, Թէքէեաններու եւ անոնց նմաններուն ոգիով առաջնորդուած Ռ.Ա.Կ.ը, դժբախտաբար աւելի քան երկու տասնամեակներէ ի վեր կորսնցուցած է իր յայտնի պաշտօնական ծրագիր-կանոնագրով նախատեսուած եւ շատ յստակ կերպով բնութագրուած կառոյցը: Այս մասին մեր մամուլին մէջ երեւցած են բազմաթիւ բացատրական յօդուածներ: Պարզապէս կարելի չէ այստեղ վերարտադրել այդ լայն գրականութիւնը:
Բնականաբար խիստ ցաւալի է այս իրականութիւնը, որուն հետեւանքով տարիներէ ի վեր, կանոնագրով նախատեսուած՝ անդամակցութեան, ակումբային, շրջանակային, եւ ի վերջոյ կեդրոնական մարմիններու կանոնաւոր գործունէութիւնը գործնապէս դադրած է: Հետեւաբար, անվիճելիօրէն, այս պայմաններուն տակ, կանոնաւոր եւ օրինական պատգամաւորական կառոյց պարզապէս գոյութիւն չունի:
Բազմաթիւ անգամներ լուրջ փորձեր կատարուեցան եւ այսօր եւս վաստակաշատ կուսակցականներ կը ջանան վերահաստատել բարեփոխուած սակայն օրինաւոր կառոյց մը, որպէսզի մեր պանծալի կուսակցութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը վերադառնայ բնականոն եւ օրինական վիճակի:
Մինչ այդ, աւանդապահ եւ բազմատասնեակ տարիներու իրենց ազգանուէր գործունէութեամբ ծանօթ կուսակցական ընկերներ կը ջանան առաւելագոյն չափով վառ պահել Ռ.Ա.Կ.եան աւանդական ազգանուէր եւ ազնուագոյն ոգիով գործունէութիւնը, շնորհիւ մանաւանդ ընդհանուրին յարգանքը վայելող Ռ.Ա.Կ.եան հայատառ եւ անգլիատառ լայնատարած իր մամուլին, եւ գործակցաբար Ռ.Ա.Կ.եան ներշնչումով գործող Թէքէեան Մշակութային Միութեան լայնատարած գործունէութեան:
Եզրակացնելով այս հակիրճ ակնարկը՝ այժմ կը վերադառնանք մեզի ուղղուած հարցադրումներուն՝ Մայիսի վերջին շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած այդ ժողովներու բնոյթին: Անգամ մը եւս բացայայտուած օրինական այս տուեալներուն վրայ հիմնուելով կը հաստատենք եւ յստակօրէն կը յայտարարենք, թէ Ռ.Ա.Կ.եան օրինական կառոյցներուն ներկայի բացակայութեան հետեւանքով, վերոյիշեալ հաւաքներուն մէջ պարզապէս չկայ ոչ իսկ մէկ օրինաւոր պատգամաւոր: Աւելորդ է աւելի մանրամասնել այդ հանդիպումներուն իւրաքանչիւր մասնակցողին բոլորովին ինքնակոչ բնոյթը:
Հետեւաբար այդ հաւաքները չունին ոչ մէկ օրինական հանգամանք: Հետեւաբար նաեւ, արդէն իսկ այդ փոքր խմբակէն մէկ կէսին ինքզինքին Կեդրոնական Վարչութեան հանգամանք տալու խեղճ փորձը եւս չունի ոչ մէկ հանգամանք:
Մենք որպէս աւանդապահ Ռ.Ա.Կ.ականներ ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ բարձր կը պահենք Ռ.Ա.Կ.եան հարուստ աւանդութեամբ ներշնչուած մեր գործունէութիւնը ի նպաստ մեր ազգային գերագոյն շահերուն:
Կը կրկնենք յամենալնդէպս, թէ ինչպէս մենք անցեալին եղանք նախաձեռնողները, անգամ մը եւս պատրաստ ենք լուրջ փորձ մը եւս կատարելու, եւ առանձնապէս լուրջ վաստակաշատ կուսակցականներու ջանքերով, վերահաստատել բարեփոխուած եւ օրինաւոր կառոյց մը, որպէսզի մեր պանծալի կուսակցութեան յառաջիկայ գործունէութիւնը վերադառնայ բնականոն օրինաւոր վիճակի:
Ռ.Ա.Կ.եան Աւանդապահ Անդամներ









