Երեքշաբթի, 4 Օգոստոս, 2026

ԸՆԿԵՐՆԵՐ ՅԱԿՈԲ ՓԱՓԱԶԵԱՆ ԵՒ ՎԻԳԷՆ ՉԱԼԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՆ

ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան հետ շրջանակի քատրային երրորդ խորհրդակցական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ 8 նոյեմբերին, Պէյրութի Թէքէեան Կեդրոնին մէջ:Հանդիպման առաջին մասով, հեռակայ կապով մեզի միացան Արցախի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարուհիՙ Լուսինէ Ղարախանեանն ու Արցախի նախագահի խորհրդական-յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ (Սփիւռքի հարցերով)` Ազատուհի Սիմոնեանը:Հանդիպման ընթացքին Արցախի ԿԳՄՍ նախարարութեան ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԱԳԻՐԵՐՈՎ պարգեւատրուեցան մեր երախտաշատ երկու ընկերներՙ Տոքթ. Յակոբ Փափազեանը եւ Վիգէն Չալեանը: