ԱՄՆ եւ Իսրայէլ գլուխնիս տարին հակաիրանեան իրենց ելոյթներով ու որոշումնրով, մինչեւ որ հարցը հասցուցին ԱՄՆ-ի պէս մեծ երկրի մը «թքած թուքը լզելուն»: Պաշտօնապէս Իրանի հետ ստորագրուած համաձայնութիւնը, վերջինիս աթոմակայանի աշխատանքներուն կապակցութեամբ, Թրամփին կողմէ չեղեալ յայտարարուեցաւ, ի զարմանս, ոչ միայն Իրանի, այլեւ շատ երկիրներու:
Հիւսիսային Քորէան շատոնց իրագործած է հիւլէական ոյժի օգտագործումը եւ մինչեւ Ամերիկա հասնող հիւլէական գլուխներով միջ-ցամաքային հրթիռներով անդադար կը սպառնար ԱՄՆ-ին. այսքան ժամանակ ինչպէ՞ս չկրցան խոչընդոտել անոր ծրագիրները, մինչ Իրանի աթոմակայանի աշխատանքները կասեցնելու համար, ինչ-ինչ միջոցներու կը դիմեն: Ասիկա երկու չափ, երկու կշիռ չէ՞:
Եմէնի պարագային, ԱՄՆ-ի գործակալ Սէուտական Արաբիան իբր թէ օրինաւոր իշխանութիւնը պաշտպանելու համար, արաբական համաձայնական ոյժ կազմեց եւ սկսաւ ամէն օր հարուածել ընդդիմադիրները: Սէուտական Արաբիան ջատագով է օրինական իշխանութեան, լա՛ւ, Սուրիոյ պարագային ինչո՞ւ օրինական իշխանութեան դէմ է ու ութ տարիէ ի վեր Սուրիոյ ահաբեկիչները կը հովանաւորէ: Ասիկա երկու չափ, երկու կշիռ չէ՞:
Վերջերս, Իսրայէլ, իբր թէ «իր սահմանին» մօտ իրանական ռազմական կուտակումներ նկատելով, հրթիռակոծեց Սուրիոյ մէջ գտնուող այդ կէտերը, որուն ի պատասխան, երբ Սուրիայէն Կոլանի իր ռազմական կեդրոնները հրթիռակոծեցին, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Լիպերման աղմուկ բարձրացուց եւ սպառնաց Սուրիոյ նախագահ Ասատին ուղղակի…
Զարմանքն ու ընդվզումը ոչինչ նշանակութիւն ունին ի լուր այս սանձարձակ ապուշութեան: Ուրեմն Իսրայէլ իրաւունք ունի ուզած ատեն ներխուժել ինքնիշխան պետութեան մը տարածքները, հրթիռակոծել ու աւերել, իսկ փոխադարձը անընդունելի է: Ինչ որ իրեն համար արտօնուած է, ուրիշին չէ արտօնուած… Ասիկա երկու չափ, երկու կշիռ չէ՞:
Իսկ աւելի զարմանալին այն է, որ Լիպերմանը մոռցած է, կամ կ՛անգիտանայ որ հրթիռակոծուած «իր տարածքները» բռնագրաւուած սուրիական հողեր են, որոնք յիսուն տարիէ ի վեր գերութեան մէջ են:
Իսրայէլի բոլոր սահմանները ռազմակայաններու վերածուած են եւ իսկական սպառնալիք են սահմանակից պետութեանց, սակայն Իսրայէլ իրաւունք ունի, իսկ Սուրիան իրաւունք չունի սահմանին վրայ զինուորական ոյժ տեղադրելու: Հարցը եթէ Սուրիոյ զինակից Իրանն է, կամ Ռուսիան, որոնցմէ կը վախնայ Իսրայէլ, հապա ի՞նչ ընելու է Սուրիան, երբ ԱՄՆ ձեռքով ու ոտքով Իսրայէլի մէջ է: Իրանն ու Ռուսիան սպառնալիք են Իսրայէլի, իսկ Ամերիկան սպառնալիք չէ՞ Սուրիոյ:
Թրամփն ու Քիմ Յանկ Ընը բան չձգեցին, որ չըսին իրարու հասցէին, վաղը իրար դէմ երբ նստին ու հարցերը միասին քննարկեն, արդեօք այդ հանդիպման ընթացքին կը մտաբերե՞ն, թէ զիրար ինչպէս փետտեցին, թէ՞ կը մոռնան երէկուան ըսածնին, ճիշդ փողոցի գզուըռտող երախաներուն նման:
Իսկ պարոն Տոնալտ Թրամփը, որ ամէն օր Իարայէլը կը գովէ, այն Իսրայէլը, որ օրն ի բուն պաղեստինցիներուն գլխուն կրակ կը թափէ, եթէ օր մը ստիպուած ըլլայ Սուրիոյ նախագահին ձեռքը թօթուելու եւ անոր հետ սեղանի շուրջ նստելու, արդեօք ներողութիւն պիտի խնդրէ՞ որ Ասատին անկրթաբար «animal» անուանեց, մինչ Ասատ իր քաղաքավար պատասխանին մէջ ըսաւ, որ երկրի մը նախագահը հարկ է որ իր ժողովուրդին զարգացման մակարդակին հայելին ըլլայ երբ կ՛արտայայտուի, ԱՄՆ-ի ժողովուրդին մակարդակը այդ չէ, ըսաւ…
Այլեւս, Ի՞նչ չափ եւ ի՞նչ կշիռ…