20 տարեկան զինծառայող մահացած է Արցախի մէջ: Թերթին երկրորդ էջին մէկ կողմը, քանի մը տողով կը հաղորդուի լուրը: Եթէ մէկը ուշի- ուշով չկարդայ բոլոր վերնագիրները, ոչ իսկ կը տեսնէ տեղադրուած լուրը, իսկ կարդալէ ետք բան մը կը շարժի՞ իր ներաշխարհին մէջ, թէ՞ ամէն շաբաթ կրկնուող այս գոյժերը արդէն սովորական են դարձած ու գրեթէ անդրադարձ չեն ունենար ընթերցողին կողմէ, գուցէ գլխու թեթեւ տարուբերումով, որպէս ափսոսանք:
Ո՞վ ժամանակ ունի այս օրերուն սահմանապահ զոհուող զինուորներու լուրերով զբաղելու: Ինչպէս թերթերու առաջին էջերուն վրայ տեղադրուած ցուցարարներու լայնածաւալ լուսանկարները, այդպէս ալ Երեւանի հրապարակն ու փողոցները լայնածաւալ ցույցերու թատերաբեմ դարձած են:
Զոհուած զինուորը, որուն անունը Արտակ է, կամ Աշոտ, Գագիկ է, կամ Էդիկ, շատ հաւանաբար աչքը սահմանին այն կողմ, իսկ ականջը ռատիոյին, աչքով կը հետեւի թշնամիի շարժումներուն ու ականջովՙ Երեւանի ցոյցերուն, ու սիրտը կը ցաւի, երբ լսէ որ հայ ոստիկանները բրտութիւն ցուցաբերած են խաղաղ ցուցարարներուն հանդէպ, մինչ ցուցարարները լուր իսկ չունին, որ իրենց բարձրաձայնած լոզունգներուն ու կոչերուն աղմուկին մէջ ընտանիք մըն ալ որբացած է, որոնց հեկեկոցները ոչ իսկ լսուած են ընդհանուր ժխորին ու անտարբերութեան մէջ:
Երկիր է, իր սեւով ու ճերմակով, իր լաւով ու վատով, իր քաղցրով ու լեղիով. մարդիկ կը ծնին, կ՛ապրին, կ՛ուսանին, կ՛աշխատին, կը գոհանան իրենց վիճակէն, չեն գոհանար, կը բողոքեն, ցոյցերու կը մասնակցին, համակիրներ կ՛ունենան, չեն ունենար, բրտութեան կ՛ենթարկուին, «թաւշեայ» է կ՛ըսեն, քաղաքը կ՛անդամալուծեն, համբերութեան բաժակը յորդած է կ՛ըսեն, մեծերը խոհեմութեան կոչ կ՛ընեն, կ՛ենթարկուին, չեն ենթարկուիր, քաշքշուք, իրարանցում եւ օդին մէջ սաւառնող հարցումՙ Համլէթեան ոճովՙ «Լինել, թէ՞ չլինել»… Իսկ մենք, քաղաքացիներ ենք, մեր սեւով ու ճերմակով, մեր լաւով ու վատով, մեր քաղցրով ու լեղիով եւ «Լինել»ու մասին կը մտածենք. լինե՛լ, աւելի լաւը, քան երէկ. չլինե՛լ անդէմ ու անխօս, այլՙ տեսակէտ ու կարծիք ունենալ եւ զանոնք արտայայտելու իրաւունք:
Երկիր է, իր ամէն ինչով: Թրքական հեռատեսիլը օրը քանի անգամ ցոյց կու տայ Հայաստանի ցոյցերը եւ յատկապէս բրտութեան պատկերները: Թրքամէտ Euronews-ն ալ նոյնը կ՛ընէ: Կեցցէ դրամը:
Նոր վարչապետը հաւանաբար անհանգիստ է, բայց աներեր, վերանորոգուած հին կառավարութիւնը, իբր ոչինչ պատահած, պիտի շարունակէ իր գործը: Մէկը կ՛ըսէՙ այս անգամ Սեւակը սխալած պիտի ըլլայ, քանի որ «պատը» էլի պատ կրնայ չմնալ, կամՙ մնալ ու ճագ տալ, սակայն պատին զարնող ճակատն ալ պիտի չ«պակսի», այլ դափնեպսակ պիտի հագնի: Ուրիշ մը դիմատետրի իր էջին վրայ կը գրէ, որ անիմաստ են ցոյցերը, բան պիտի չփոխուի, այնքան ատեն, որ ոստիկանութիւնն ու բանակը իշխանութեան հետ են:
Անհաշիւ կարծիքներ. մարդիկ անտարբեր չեն, սակայն բոլոր թեր ու դէմ կարծիքներու աւարտին «Միայն թէ արիւն չյեղուի, միայն թէ զոհեր չըլլան»…
Երիտասարդութեան պոռթկումը այնքան բնական է, որքան տարեցներուն համակերպումն ու մխացող լռութիւնը: Մեծերը յոգնած են արդարութիւն պահանջելէն. երիտասարդները դեռ կայտառ են ու իրավիճակի փոփոխութեան իրենց պահանջքին մէջ իրաւացի են:
Երկիրը կ՛եռեւեփի: Ուր որ է ճաշը կա՛մ պիտի եփի, կա՛մ կաթսայէն դուրս պիտի թափի ու աղտոտէ չորս կողմը, եթէ խոհարարները զգոյշ չըլլան:
Նախկին վարչապետին հանդիպումը Փաշինեանի հետ ձախողեցաւ. որո՞ւ մեղքով: Սակայն մէկ բան ականջիս մէջ գամուած մնացՙ «Երեւի Մարտի 1-ից դաս չէք քաղել»… Այս խօսքը ամէն վերյիշելուս, մէջէս դող մը կ՛անցնի:
Ինչպէս կ՛ըսեն,- գրութեանս մելանը չչորցած,- պատահեցաւ անակնկալըՙ Սերժ Սարգսեանը հրաժարեցաւ: Արիւն չյեղուեցաւ, յաղթեց բանականութիւնը, յաղթեց ժողովուրդը: Հիմա Հայաստանը նոր կացութեան մը առջեւ է: Յետո՞յ: