Ե.Ա., Խմբագրական «Պայքար» շաբաթաթերթի
Հայաստանի պետական վերականգնումի հարիւրամեակը պատմա- կան հանգրուան մըն է, որ անհրաժեշտ է դիմաւորել յառաջիկայ տարի, ազգովին եւ միացեալ ոյժերով: Բնականաբար արժանավայել կերպով պիտի նշուին Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ժողովրդական պանծալի յաղթանակները, որոնք ճամբայ հարթեցին ազգային պետականութեան վերականգնումին: Մեր յաղթանակներու եւ սխրագործութեանց կարգին անհրաժեշտ է նաեւ անդրադառնալ քաղաքական ու հոգեբանական այն ազդակներուն, որոնք սահմանափակեցին արիւնով ձեռք ձգուած անկախութիւնը` խուսափելու համար ապագայ վտանգներէ եւ դաստիարակուելու համար անցեալի դասերէն: Ամբողջ դար մը պատմութիւն ապրելէ ետք կիրքերը հանդարտած պէտք է ըլլան առարկայական քննարկումներ կարենալ կատարելու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահէն սկսեալ բազմաթիւ քաղաքագէտներ, պատմաբաններ ու հրապարակագիրներ Առաջին հանրապետութիւնը հիմը կը նկատեն Երկրորդ` Խորհրդային Հայաստանի, իսկ վերջինն ալ` ներկայ Անկախ Հայաստանի: Այդ կերպով պատմութեան շղթան ճիշդ բնորոշած կըլլայ – կառչիլ մէկուն կամ միւսին, եւ, առաւել եւս, հակադրել մէկը միւսին ոչ հայրենասիրութիւն է, ոչ ալ պատմագիտութիւն: Երրորդ հանրապետութիւնը առանց դժուարութեան ընդունեց եւ որդեգրեց եռագոյն դրօշը, բանավէճեր տեղի ունեցան մասնաւորաբար պետական զինանշանի շուրջ, մանաւանդ այնտեղ խճողուած կենդանիներու խորհրդանշաններուն մասին, սակայն այսօր հարցեր չկան այդ կապակցութեամբ:
Բայց տակաւին կը մնայ պետական օրհներգի հարցը, որ կը թուի թէ դեռ զոհ է հատուածական նախապաշարումներու կամ կամք պարտադրելու փորձերու:
«Մեր հայրենիք, թշուառ, անտէր» կարկտնուած երգը առաւելաբար պարգեւն է երաժիշտ Լորիս Ճգնաւորեանի, հաւանութեամբը անոր պաշտպան կանգնող հատուածին: Ճգնաւորեան հրաշալի գործ կատարեց անկախութեան առաջին օրերուն, մութ ու ցուրտ ժամանակամիջոցին անվերջ համերգներ կազմակերպելով. ժողովուրդը կը խուժէր դահլիճ` հոգեւոր ու մարմնական ջերմութիւն ստանալու: Դասական համերգներու կարգին կը տրուէին նաեւ հոգեւոր երաժշտութեան յայտագիրներ, որոնք նորութիւն էին եօթանասուն տարի անաստուած իշխանութեան ներքեւ ապրած ժողովուրդին, որ այդ կերպով կը վերագտնէր իր ինքնութիւնը եւ կիւրացնէր իր հոգեւոր ժառանգութիւնը. սակայն, այդ հոգեպարար եւ օգտաշատ աշխատանքին կողքին Պր. Ճգնաւորեան տեղի եւ անտեղի կը հնչեցնէր «Մեր հայրենիքը»ՙ զայն ժողովրդականացնելու յամառ ճիգով մը: Նոյնիսկ անկախութեան հռչակման օրը իր խումբը կը բերէր խորհրդարան – բնականաբար ՀՀՇական աւագանիին մեղսակցութեամբ- հոգեկան ճնշում բանեցնելու պատգամաւորներուն վրայ: Հակառակ «թշուառ անտէր» եւ կարգ մը այլ բառերու փոփոխութեան` օրհներգը մնաց խնդրական: Յանձնախումբեր կազմուեցան, երգահաններու մրցանքներ յայտարարուեցան, սակայն խնդիրը մնաց օրակարգի վրայ:
Ոմանք հեգնանքով ըսին, թէ դատարկուող եւ անտէր Հայաստանի մը համար պատշաճ օրհներգ մըն է «Մեր հայրենիքը»: Սակայն, առաջարկներ ալ եղան պահպանելու Արամ Խաչատուրեանի յօրինած հզօր օրհներգը, անհրաժեշտ փոփոխութիւնները կատարելով անոր վրան:
Չէ՞ որ մեր ժողովուրդը շատ հակամէտ է հետեւելու Ռուսաստանին, որ իր խորհրդային շրջանի օրհներգը պահեց` բանասեղծութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելով: Այսուհանդերձ խնդիրը մնաց անլոյծ եւ օրակարգի վրայ: Ըսուեցաւ որ օրհներգի փոփոխութեան մասին որոշումը փոխանցուած է Մշակոյթի նախարարութեան: Իսկ Մշակոյթի նախարարներէն մէկն ալ խոստովանեցաւ ըսելով. «Այնքան ատեն որ Դաշնակցութիւնը գործօն է այս կառավարութեան մէջ, կարելի չէ օրհներգին խնդիրը արծարծել»: Կը նշանակէ, թէ հատուածական կալանքի տակ է մեր պետական օրհներգի խնդիրը:
«Մեր հայրենիքը», որ միայն դաշնակցական շրջանակներու մէջ ծանօթ էր, սկսած է պարտադրուիլ նաեւ սփիւռքի հայութեան, որ յաճախ դժկամութեամբ կը հարկադրուի զայն կատարել կամ լսել պաշտօնական առիթներով:
«Մեր հայրենիքը» եօթանասուն տարի հակադրուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի իրականութեան եւ ատով իսկ խորթացաւ սփիւռքի զանգուածներուն:
Ի դէպ, հարիւրամեակի տօնախմբութիւնները պէտք է ընդգրկեն նաեւ Խորհրդային Հայաստանի իրագործումները: Հակառակ այդտեղ իշխող անմարդկային վարչակարգին, մեր ժողովուրդը գիտցաւ ու կրցաւ նոր ոսկեդար մը կերտել գրականութեան, երաժշտութեան, արուեստներու եւ գիտութեան մէջ: Հարուստ ժառագութիւն մըՙ որ յումպէտս վատնուեցաւ Երրորդ հանրապետութեան օրով. հետեւաբար հարկ է ոգեկոչել այդ սխրագործութիւնները աննախապաշար կերպով: Գալով պետական օրհներգին` վերջերս կրկին արծարծուած է այդ հարցը` Շարլ Ազնաւուրին վերագրուած մէկ ցանկութեամբ, որով մեծ երգիչը կը փափաքի տեսնել որ իր յօրինած երգը` «Քեզ համար, Հայաստան» դառնայ Հայաստանի պետական օրհներգը, եւ իբր թէ նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս համամիտ եղած ըլլայ: Անշուշտ ազգովին կը սիրենք Ազնաւուրը, բայց ճշմարտութիւնը` աւելի: Հայաստանին նուիրուած տխուր երգ մը, որքան ալ հոգեցունց, տուեալները չունի օրհներգ դառնալու, մանաւանդ որ «Մեր հայրենիքն» ալ զոհուելով կը վերջանայ եւ բոլորովին անյարիր է ապրելու եւ ապագայ կերտելու ձգտող ժողովուրդի մը համար: Կենթադրենք որ նախագահին ալ համամտութիւնը հաճոյախօսութեան սահմանէն անդին չ՛անցնիր:
Արամ Խաչատուրեանի յօրինած հզօր օրհներգը ցարդ կը մնայ անմրցելի, մանաւանդ երգահանին խոստովանութեամբ ինք օգտագործած է մեր հոգեւոր երաժշտութեան տարրերը: Արդարեւ, երկու տարբեր առիթներով Արամ Խաչատուրեան երգահան Համբարձում Պէրպէրեանին եւ գրող Կարպիս Սուրէնեանին յայտնած է, թէ ինք պետական հիմնին մէջ օգտագործած է տարրեր մեր հոգեւոր երաժշտութենէն:
Իսկ օրհներգի բառերը յօրինած է այդ շրջանի պալատական բանաստեղծ Սարմէն. թէեւ որքան ալ տաղանդաւոր ըլլար բանաստեղծը, անհնար էր որ տարբեր բանաստեղծութիւն որդեգրէին եթէ այդ բանաստեղծութեան մէջ բացակայէին «սովետական», «կոմունիզմ», «Լենին» բառերը: Հեռու մեզմէ յաւակնութիւնը այստեղ գրական ու երաժշտագիտական քննարկումներ կատարելու, թէեւ այդ մասին ալ իրենց կարծիքը յայտնած են մասնագէտները: Կարելի է ամբողջութեամբ նոր բանաստեղծութեամբ փոխարինել Սարմէնի բառերը, կամ` վիրաբուժական փոփոխութիւններ կատարել` ինչպէս եղած է «Մեր հայրենիքի» պարագային:
Երգահան Համբարձում Պէրպէրեան` տաղանդաւոր երաժիշտ մըն էր, որ խիստ բացասական բնորոշումներով արտայայտուած է «Մեր հայրենիքի» մասին – «Դուք կրնա՞ք երեւակայել, որ օտար երգ մը պատշաճեցուած է հայերէն բառերու … ու ան ալ մենք այսօր պետութեան քայլերգ պիտի ընդունինք: Այդ տեսակի երգ մը իբր հիմն ընդունիլ` ասիկա հայ ժողովուրդի համար նուաստացուցիչ պարագայ է: Մենք բացառիկ մշակոյթ ունեցող ժողովուրդ եղած ենք անցեալին: Յետոյ Հայաստանի մէջ թէ արտասահմանի, երգահա՞ն կը պակսէր որ կարենար արժանաւոր կերպով գրել մեր հիմնը: Եւ այդ բոլոր ոյժերը մոռնալ եւ երթալ «Մեր հայրենիք»ին: Յետոյՙ ուրիշ բան մը եւս «Մեր հայրենիք»ին մէջ մեր դասական վանկերու շեշտաւորման սխալ կայ: Եւ կը զարմանամ, թէ ինչպէս ատիկա ընդունեցին հայրենի երգահանները:
Ես հակառակ եմ, ու պէտք է այդ հիմնը փոխել շուտով: Բնականաբար «Մեր հայրենիք»ը օտարամուտ երգ մըն է իր բառերով թէ երաժշտութեամբ: Բանաստեղծութիւնը Միքայէլ Նալպանտեանը շարադրած է հայերէնովՙ օգտագործելով իտալացի բանաստեղծ Լուիճի Մերքանթինիի հեղինակած նիւթը: Այս վերջինը հեղինակն է Կարիպալտիի ռազմերգին: Բանաստեղծութիւնը նուիրուած է իտալացի հնձուոր աշջկան մը, որ կը գովերգէ իտալացի հերոսները, որոնք կը կռուին Աւստրօ-Հունգարիոյ դէմ: Կը տեսնուի թէ երգն ու բանասեղծութիւնը որքան հեռու են հայութենէն եւ Հայաստանէն: Կըսուի թէ յետագային Բարսեղ Կանաչեան եւս մշակումներ կատարած է. այսուհանդերձ երգը կը մնայ անհարազատ:
«Մեր հայրենիք»ը իբրեւ ազգային օրհներգ ընդունուած է 1991ի Յուլիսին, զայն փոխ առնելով Առաջին հանրապետութենէն: Երգը առաջին անգամ հայկական շրջանակի մէջ հնչած է 1885ի Մարտ 15ին, Թիֆլիսի «Արծրունի» թատրոնին մէջ սարքուած համերգին: Իսկ Արամ Խաչատուրեանի յօրինածը որդեգրուած է 1944ին, իբրեւ Խորհրդային Հայաստանի պետական օրհներգ: Օրհներգը պէտք չէ վերածուի քաղաքական ոտնագնդակի: Պր. Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայ դատի հայաստանեան գրասենեակի պատասխանատուն, անդրադառնալով օրհներգի մասին եղած քննարկումներունՙ ըսած է. «Հայաստան ունի իր օրհներգը»:
Դժբախտաբար այդ օրհներգը չէ բխած հայութեան էութենէն, ոչ ալ կապ ունի Հայաստանի հետ: Առաւել եւս տարիներով սփիւռքի մէջ խորհրդանշած է հատուածական կիրքի դրսեւորումը: Եթէ Պր. Մանոյեան եւ իր գաղափարակիցները կուսակցութիւնը կը սիրեն աւելի քան հայրենիքը, ըսելիք չունինք: Սակայն պետականօրէն մտածող մարդիկ պէտք է հրաժարին հատուածական նախապաշարումներէ եւ ունկնդիր ըլլան համայն հայութեան սիրտի զարկին: Այդ զարկին մէջ գոյութիւն չունի իտալացի աղջկան երգը: Եթէ 100-ամեակին առիթով հայութիւնը լաւատեսութեամբ եւ կառուցողական միտքով պիտի դիմաւորէ հայրենիքի ապագան, ուրիշ պատուաւոր ուղի չկայ, բացի երգելէ Խաչատուրեանի փառապանծ օրհներգը: