Չորեքշաբթի, 12 Օգոստոս, 2026

«Զոհ» խաղալու հերթական զաւեշտը

Նիկոլ Փաշինեանը շաբաթ մը առաջ Հայաստանի  Ազգային ժողովի ամպիոնէն չքմեղանքի հին-նոր ճառ մը արտասանեց, միշտ նոյն՝  իրեն յատուկ ժողովրդայնականութեան ոճով: Այս անգամ Փաշինեանը դարձեալ գրաւոր ձեւով եւ բարեպաշտ ու «զոհ» խաղցող «խեղճ»ի կերպարով հանդէս եկաւ:

Ս. Զատկուան տօնի սեմին, Փաշինեան իր  «խոստովանանքը» համեմած էր մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի 9 երանիներէն մէկուն՝ խաղաղարարներուն ուղղուած երանութեամբ:

Այս ձեւով Փաշինեանը փորձեց ինքզինք արդարացնել, իբր թէ յանուն խաղաղութեան իր կատարած ու կատարելիք զիջումներուն ու Հայրենիքի հանդէպ կատարած մեղանչումներուն հանդէպ:

Մեր կրօնական համեստ գիտելիքներով¸ սակայն, գիտենք թէ «Խաղաղութեան իշխանին»՝ խաղաղարարներուն ուղղած երանութիւնը երբեք չի նշանակեր թշնամիին, չարին յանձնուիլ: Նիկոլական մեկնաբանութիւնը ճշմարտութիւնը կ՛աղաւաղէ:

Մենք լաւ գիտենք, որ Աստուածաշունչի 9 երանիներէն է նաեւ հետևեալը՝ «Երանի՜ անոնց, որոնք կը  հալածուին արդարութեան համար, որովհետև անոնցն  է երկինքի արքայութիւնը» (Մատթէոս 5:10):

Աւելին, նոյն Աստուածաշունչին (Առակաց 23:10)ն կ՛ըսէ. «Մի՛ փոխեր  հին սահմաններու նշանները»…:

Փաշինեանին կը մնայ յաջորդիւ աւելի եւս ուսումնասիրել Աւետարանը եւ կամ ընտրովի ու այլանդակուած ձեւով չօգտագործել Ս. Գիրքին խօսքերը:

Վերջապէս, կարելի է որոշ  մարդոց խաբել երբեմն, սակայն կարելի չէ բոլոր մարդոց խաբել միշտ:

Մեր հայրենիքին վերաբերող Տիեզերական Արդարութեան դատաստանը շատ մօտ է¸ եւ վայ անոնց, որոնք կ՛անտեսեն զայն:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

«Զարթօնք»¸ Պէյրութ