Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը՝ ե՛ւ որպէս միասնական կառոյց, ե՛ւ որպէս կեդրոնական ու շրջանային ղեկավար կազմեր, ե՛ւ որպէս շարքային անդամներ ու համակիր շրջանակներ՝ տեւական ժամանակէ ի վեր կ ալեկոծի բազմաբնոյթ տագնապներու շարունակական տարափներով, որոնց պատճառահետեւանքային կապերը, առաւել եւս՝ առկայ իրողութիւնները յառաջացնող ու զանոնք սնող հանգամանքները ունին քանի մը տասնամեակի պատմութիւն:
Յամեցող ճգնաժամը կը սպառնայ ո՛չ միայն վերջնականապէս խարխլել կուսակցութեան գոյութեան հիմքերը, մթագնել անոր փառապանծ պատմութեան լուսաւոր էջերը եւ ստուերել անոր անուրանալի աւանդի կենսագործ ընթացքը, այլեւ՝ մէկդարեայ մեր կուսակցութիւնը անխուսափելիօրէն առաջնորդել դէպի անդունդ՝ զայն դուրս մղելով հայոց քաղաքական թատերաբեմի վրայ գործօն եւ արդիւնաւէտ դերակատարում ունենալու հնարաւորութենէն:
Գոյութենական այս ճգնաժամի խորքային պատճառներու համապարփակ գիտակցումը ունեցող որեւէ կուսակցականի՝ թէ՜ պատասխանատու դիրք զբաղեցնողի եւ թէ՜ շարքային անդամի համար, պարտադիր առաջնահերթութիւն պէտք էր ըլլար՝ գաղափարախօսական դրոյթներու վերաթարմացումով, քաղաքական տեսլականի ու նպատակներու վերասահմանումով ու կազմակերպչական աշխատաձեւի վերանորոգումով ու արդիականացումով՝ կուսակցութեան միասնականութեան իրագործումը եւ միացեալ շարքերով ու վերանորոգ վճռակամութեամբ նոր երթի մը նախաձեռնումը:
Սակայն, դժբախտաբար, վերջերս քաղաքամայր Երեւանի մէջ կուսակցութեան անուան տակ հաւաքուածներու մօտ գերիշխեցին՝ այլատեսակ «առաջնահերթութիւններ» ու «նկատառումներ»:
Անոնք ո՛չ ունեցան՝ տուեալ ժամանակահատուածին Հայաստանի եւ Հայ ժողովուրդի դիմագրաւած բազմատեսակ սպառնալիքներու եւ մարտահրաւէրներու լիարժէք ընկալման կարողութիւնը, ո՛չ ալ՝ կուսակցութիւնը տագնապեցնող խնդիրներու դիմագրաւման ու յաղթահարման միտուած պատասխանատուութեան գիտակցումն ու նախանձախնդրութիւնը:
Գձուձ աթոռամոլութիւնը ու ճղճիմ փառամոլութիւնը, ունայն մտածելակերպը եւ դատարկ ցուցամոլութիւնը դարձան ուղենիշները անոնց հաւաքին, եւ ցաւ ի սիրտ պէտք է արձանագրենք, որ կուսակցութիւնը անգամ մը եւս կորսնցուց անյապաղ վերանորոգման առիթը, մասնաւորապէս՝ միասնականութեան վերականգնման հնարաւորութիւնը:
Մենք՝ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնս, մնալով հաւատարիմ կուսակցութեան հիմնարար սկզբունքներուն եւ արժէքներուն, անվարան հետապնդելով կուսակցութեան միասնականութեան հրամայականի իրագործումը եւ անոր ազգանուէր գործունէութեան վերահունաւորումը, խորապէս գիտակցելով ազգային եւ կուսակցական առումով տուեալ ժամանակահատուածի հրամայականներուն եւ առաջնահերթութիւններուն, մեր ձեռքը կ երկարենք անխտիր բոլոր հաւատաւոր ընկերներուն եւ համակիրներուն, որպէսզի՝ միասնական կամքով վերակառուցենք մեր նախորդներու կողմէ մեզի թողուած աւանդին արժանի, եւ մեր յետնորդներու համար պանծալի՝ հայրենանուիրութեան եւ հայակերտումի յառաջամարտիկ կուսակցական ժառանգութիւն մը:
Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւն
Լիբանանի Շրջանային վարչութիւն
11 Յունիս 2023, Պէյրութ