ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ – ՀԱՆՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
ՌԱԿ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻ ԵՎ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՄԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
Ստորագրեալներս, 7 հոկտեմբեր 2016, Երեւանի մեջ կայացած ժողովին ընթացքին հասանք հետեւեալ համաձայնութեան, որուն դրոյթները այս հանգրուանին ի զօրու կը մնան առաւելագոյնը մինչեւ 2017-ի վերջաւորութեան։
1. ՌԱԿ կը վերածուի հայաստանակեդրոն կուսակցութեան։ Մէկ կուսակցութիւն, մէկ ծրագիր-կանոնագիր եւ մէկ ղեկավարութիւն։
2. Հանրապետական վարչութիւնը կը վերանուանուի ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութիւն, որուն ղեկավարութեան մէջ տեղ կ’ունենան Հայաստանի եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչները իբրեւ վարչականներ։
3. Կը կազմուի ՌԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդ մարմինըՙ ճշդելու եւ ծրագրելու ՌԱԿ-ի քաղաքականութեան ընդհանուր գիծերը եւ վերահսկելու ՌԱԿ-ի լայնածաւալ աշխատանքները։ Վարչականները կ’ընտրուին թե Հայաստանէն եւ թէ Սփիււռքէն, այս պարագայինՙ նշանակեալ կերպով։
4. Կը նշանակուի օրէնսգէտներէ եւ փորձառու կուսակցականներէ կազմուած մարմին մը, որ այս ժամանակաշրջանին պիտի վերամշակէ զոյգ կանոնագիրները։