Ռուս մեծ գրող Իվան Թուրկենեւի «Հայրեր եւ որդիներ» գործին վերնագիրը ինծի համար մտածումի ու խորհրդածութեան առիթ տուաւ, որպէսզի արագ մը աչքէ անցընեմ մեր մեծերը, որպէս հայրեր, եւ մտածեմ անոնց որդիներուն մասին:
Գիտականօրէն ժառանգականութիւնը մեծ դեր կը խաղայ սովորաբար ծնողքին մարմնական, մտային ու հոգեկան իւրայատկութիւնները զաւակներուն փոխանցելու գծով, սակայն, երբեմն ալ կը պատահի, որ շեղումներ ըլլան եւ զաւակները խոտոր համեմատին իրենց ծնողներուն: Հայր մը կամ մայր մը կրնայ առաքինի ըլլալ, դրական հակումներ ունենալ, որոշ տաղանդներ ունենալ, սակայն զաւակը կրնայ լրիւ տարբեր, նոյնիսկ դատապարտելի հակումներ ունենալ: Ասոր հակառակն ալ ճիշդ էՙ հայրը կրնայ անպէտքին մէկը ըլլալ, մինչ զաւակըՙ բացառիկ:
Մարդիկ ամէն ինչ ժառանգականութեա՞մբ կ՛ամբարեն, թէ՞ ընտանիքէն ու շրջապատէն ազդուելով: Դաստիարակութիւնը որքա՞ն մեծ դեր կը խաղայ: Սակայն, ես իմ անձնական կեանքէս գիտեմ, որ տան մթնոլորտը շատ բան կու տայ զաւակներուն: Օրինակ, եթէ ծնողները ընթերցասէր են, կամ դասական երաժշտութիւն ունկնդրող, ընդհանրապէս զաւակները նոյնպէս կը մեծնան, իրենք ալ ընթերցող ու երաժշտութիւն ունկնդրող կ՛ըլլան:
Մեր գրողներէն քանի՞ անուն կը յիշէք, որոնց զաւակներն ալ գրող դարձեր են: Բնատուր տաղանդը փոխանցուա՞ծ է: Նոյնը կարելի է ըսել արուեստագէտներու, հերոսներու, գիւտարարներու մասին եւ այլն:
Հաւանաբար բոլորս ալ շատ բան չենք գիտեր մեր մեծերուն ընտանեկան պարագաներուն մասին, թէՙ տուեալ գրողի մը կողակիցը ո՞վ է, քանի՞ զաւակ ունեցած է, անոնք ի՞նչ դաստիարակութիւն ստացեր են եւ այլն, յատկապէս եթէ խնդրոյ առարկայէն զատ, ընտանիքի միւս անդամները ակնառու բան մը չեն ունեցած:
Եթէ փորձեմ քանի մը անուն յիշել, կրնամ ըսել, որ Ռուբէն Զարդարեանի որդինՙ Հրաչ Զարդարեանն ալ գրող էր, նաեւ Յակոբ Օշականին որդինՙ Վահէ Օշականը: Կրնամ յիշել Յովհաննէս Շիրազի բանաստեղծ որդինՙ Սիփան Շիրազը: Եթէ պրպտեմ, հաւանաբար քանի մը ուրիշ անուն ալ մէջբերեմ, եւ միայն այդքան: Մեր հարիւրաւոր գրողներուն մեծամասնութեան զաւակները չեն բռնած իրենց հօր կամ մօր ուղին: Թէ ինչո՞ւ, այդ ալ Աստուած գիտէ: Երբեմն պատահած է, որ զաւակ մը ուզած է իր հօր շուքէն դուրս գալ, ուզած է ինքնուրոյն անհատականութիւն մը դառնալ, չէ փափաքած որ զինք «այսինչին տղան, կամ աղջիկն է» ըսեն, այլ ուզած է որ ըսուիՙ «այնինչը իր հայրն է»:
Անշուշտ այս երեւոյթը միայն հայերուս պարագային չէ, օտարներու մէջ ալ նոյնն է հարցը: Գրականութեան մէջ հայր եւ որդի Ալեքսանդր Տիւմաները, երաժշտութեան մէջ հայր եւ որդի Շթրաուսները, քանի մը անուն եւս ու այդքան:
Զիս աւելի հետաքրքրողը մեր անմիջական կեանքին մէջ ազգային որոշ դերեր կատարած մարդոց մասին է, որոնց հետ կ՛ապրինք ու կը շփուինք: Ըսել կ՛ուզեմՙ քանի՞ ազգային-հասարակական գործիչ ունինք, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, որոնց զաւակներն ալ նոյն ուղիով ընթացեր են եւ շարունակեր են իրենց ծնողներուն նուիրական գործը: Շատ քիչ: Դաստիարակութեան թերացո՞ւմն է պատճառը. հաւանաբար, քանի այս պարագային բնատուր տաղանդի հարց չկայ, որ ժառանգաբար փոխանցուի:
Հայրեր կամ մայրեր չե՞ն յաջողած, թէ՞ ներկայ դարի ըմբռնումները աւելի ձգողական եղած են եւ իրենց յորձանուտին մէջ քշած-տարած են զաւակները, որոնք նախընտրած են «ազատագրուիլ» իրենց ծնողներու շուքէն, անոնց «կապանքներէն» եւ միջավայր փոխած են, հեռացեր են հայկական դպրոցներէն, ակումբներէն, երբեմն օտար ամուսնութիւններ կնքած են ու ծովը թափած են իրենց ծնողաց երազները:
Եթէ ազգային-հասարակական տեսանկիւնէ դիտուած մեր փափաքը արդարանալի է եւ անհրաժեշտ, նոյնը չենք կրնար ըսել մենատէր իշխանաւորներու մասին, որոնք ամէն ինչ կ՛ընեն, որպէսզի իրենց զաւակները յաջորդեն իրենց եւ իշխանութիւնը դուրս չգայ ընտանիքէն:
Հետաքրքրական նիւթ է եւ կ՛արժէ լուրջ ուսումնասիրութիւն մը կատարել: