Ծանօթ օրիորդ մը Հալէպէն զանգահարեց անցեալ օր եւ ըսաւ՝ Երեւան պիտի գանք, հիւրանոցը ապահոված ենք, օդանաւի տոմսն ալ ապահոված ենք, բայց դեռ չենք վճարած, ի՞նչ կ՛ըսես, գա՞նք, թէ վազ անցնինք.
– Ինչո՛ւ համար վազ պիտի անցնիք:
– Կ՛ըսեն պատերազմի հոտեր կան, մենք ալ կը վախնանք կոր, գանք, ու յանկարծ պատերազմ սկսի ու չկարենանք վերադառնալ: Ըսինք քեզի հարցնենք, դուն տեղացի ես այլեւս, անցածէն-դարձածէն լուր կ՛ունենաս, անկեղծօրէն ըսէ, ի՞նչ է վիճակը:
– Յարգելի տիկին, դուն 50 Cent-ը կը ճանչնա՞ս:
– Ֆիֆթի սենթը կէս տոլար չէ՞, գիտեմ որ տոլարը շատ իջեր է, ամմա…
– Տոլարը շատ իջեր է, ամմա ժողովուրդին թանսիոնը բարձրացեր է:
– Խէ՞ր, ինչո՞ւ ճնշումնին բարձրացեր է, տաքէ՞ն:
– Չէ, ի՞նչ տաքէն, ֆիֆթի սենթէն…
– Բան չեմ հասկնար կոր.
– Ինչո՞ւ, ե՞ս բան կը հասկնամ կոր. մտիկ ըրէ, քեզի պատկերը ներկայացնեմ, ինչպէս որ է: Ուրեմն՝ այս Ֆիֆթի Սենթը ամերիկացի երգիչ մըն է, այս ամսու 1-ին «Հրազդան» մարզադաշտին մէջ…
– Երգիչ է կ՛ըսես… «Հրազդան» մարզադաշտը ֆութպօլի դաշտ չէ՞, այդ մարդը ով է նէ՝ ֆութպո՞լ պիտի խաղայ:
– Չէ, ճանս, չէ, մտիկ ըրէ, այդ մարզադաշտին մէջ երգահանդէս տուած է, տոմսին գինը… քովդ հանդարտեցուցիչ Վալիում, Լէկզօթան, բան մը կա՞յ… հատ մը կլլէ, որ շօք չըլլաս… այս երգահանդէսին տոմսին գինը 30.000-էն 300.000 հայկական դրամ է, այսինքն՝ ամենաաժան տոմսը 75 տոլար է, ամենասուղն ալ 750 տոլար… լսեցի՞ր…
– Ի՛նչ կը խօսիս կոր, քեզի լուրջ բան մը հարցուցինք, կատակի առիր:
– Չէ , չէ, կատակ չէ, եւ հետաքրքրականն ալ այն է, որ մարզադաշտը հազարաւոր հանդիսատեսներով լեփ-լեցուն եղած է:
– Մեղայ Աստուծոյ, մեղայ… Հոս դպրոցի մը տնօրէնին ամսական աշխատավարձը 75 տոլարի չի հասնիր… Այսքան դրամ ուրտեղէ՞ն ժողովուրդին քով…
– Ի՜նչ պատերազմ, ի՜նչ բան, դեռ ասի բացառիկ երեւոյթ է ըսենք, հապա եթէ գաս ու Ֆրանսայի Վերսայի պալատը յիշեցնող հարսանեկան սրահներն ու ճաշասրահները տեսնես, մին-միւսը գերազանցող կահաւորումով, յարդարանքներով, ճաշատեսակներով… ու անոնց յաճախորդները… Ուիսքիին ու շամփանիային հետ տոլար ալ կը հոսի: Պատերազմ եղեր… ամառանոցները լեցուն, զբօսավայրերը լեցուն, սուփըրմարքէթները լեցուն, կեանքը կեռայ: Դուն տուներուն գիները հարցուր, վարձքերը հարցուր, տաքի ջերմաստիճանին հետ՝ անոնք ալ բարձրացան:
– Հապա, ուրեմն սո՞ւտ տարաձայնութիւններ են, որ Ատրպէյճանը կը սպառնայ:
– Սուտ չէ, Ատրպէյճանը կը սպառնայ, Արցախի ու սահմանային գիւղերու բնակիչները տագնապի մէջ են, բայց Երեւանը քէֆի մէջ է: Մենք ասանկ կը յաղթենք տագնապին: Ես Ատրպէյճանի նախագահին տեղ ըլլամ՝ ջղայնութենէս կը ճայթիմ, ամէն օր պատերազմի սպառնալիք՝ եթէ իր պայմանները չընդունի Հայաստանը, իսկ Հայաստանը հե՛չ:
– Ուրեմն վախնալիք բան մը չկայ, երթամ ալ այդ տոմսերուն դրամը վճարեմ:
– Հալէպ-Երեւան-Հալէպ օդանաւի տոմսը քանի՞ է:
– Այդ ձեր Ֆիֆթի Սենթին ելոյթին սուղնոց տոմսին կէս գինը:
– Հայաստանը համաշխարհային մակարդակի պիտի հասցնեն, ինչերնի՞ս պակաս է որ: Դեռ անցեալները Եւրոպայի բռնցքամարտի մրցումները մեր մօտ եղան, աշնան միջազգային խորհրդաժողով կայ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի Նոպէլեան մրցանակակիրներու… Զորն ասեմ, զորը խոստովանիմ… Այս բոլորին զուգահեռ ընդդիմադիր կիրքերը քիչ մը հանդարտած են, գոնէ փողոցէն փոխադրուած են Ազգային ժողով, ուր պաշտօնազրկումներ ու հրաժարականներ տեղի կ՛ունենան:
Կրցա՞յ գաղափար մը տալ այստեղի վիճակին մասին: Եկուր, աչքովդ տես թէ ինչ կայ, չկա: Ամէն ինչ կայ, բացի…
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ