Եթէ արտահերթ ընտրութիւնները պիտի չբուժեն Հայաստանի վէրքերըՙ լեգիտիմութիւն հաստատելն ու մանտաթ ապահովելը պիտի մնան ապարդիւն մարզանքներ
Հայաստան եւ Արցախ պատմակշիռ ծանր հարուած մը ստացան 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքով: Եթէ շրջանային գերհզօր ոյժեր սատարեցին այդ ահաւոր աղէտին, աննշան չէ նաեւ պատասխանատուութիւնը երկրի իշխող վարչախումբին, որուն ռազմական անհեռատեսութիւնը, դիւանագիտական ապիկարութիւնը եւ վարչական անձեռնհասութիւնը ազդակներ դարձան այս մեծ պարտութեան:
Այս աղէտալի կացութեան գիտակից ոեւէ արժանապատիւ պետական մարդ կամ անհատ քաղաքացի տրամաբանօրէն պիտի դիմէր հրաժարման, որովհետեւ այսօրուան կացութիւնը աւելի բարդ է քան էր նախապատերազմեան շրջանին:
Եթէ կրցանք թշնամիին հետ զինադուլ կնքել, մենք ազգովին պէտք է ոյժ գտնենք զինադուլ կնքելու մեր միջեւՙ սանձելով բեւեռացնող համացանցն ու մամուլը եւ վերջ տալով անասելի աստիճանի հասած փոխադարձ լուտանքներուն:
Ժամանակն է վերջ տալու հինի ու նորի, սեւի եւ սպիտակի, թալանչիի եւ լեգիտիմի յոգնած պիտակներուն եւ բոլոր ճակատներէ ներս փնտրելու միայն արժէքներ – քաղաքական, գիտական, ռազմական եւ տնտեսական: Կազմել արժէքներու համախմբումով համազգային համերաշխական վարչակազմ մը եւ միայն այդ կերպով դիմել արտահերթ ընտրութեանց:
Այսօրուան քաղաքական լեզուական լաբիւրիդոսի Արշակաւանին մէջ պէտք է գտնուին պետական մարդիկ հասկնալու եւ կենսագործելու «հարկս լուծանէ օրէնս» սկզբունքը եւ անհրաժեշտը պատշաճեցնելով օրինականինՙ դիմել ընտրութեանց:
Արտահերթ ընտրութեանց նպատակը պէտք է ըլլայ դարմանել Հայաստանի վէրքերը եւ վերականգնել երկիրը: Եւ ոչ թէ հաստատել, թէ ո՞ր խմբաւորումն է որ կրնայ մեծամասնութիւն գոյացնել եւ ջախջախել հակառակորդը կամ հակառակորդները: Այն ինչ որ կորսուեցաւՙ կարելի չէ ետ բերել այսօրուան տուեալներով. ինչ որ կարելի էՙ մնացածը պաշտպանելն է:
Գործող նախագահըՙ Արմէն Սարգսեան եւ Հայաստանի ու Արցախի հինգ նախկին եւ մէկ ներկայ նախագահ տուին նախանշանները ազգային միասնականութեան ուղիին: Կը բաւէ շարունակել եւ իր լրումին հասցնել այդ միասնականութիւնը:
Մեր հինգ հազար երիտասարդ նահատակները այլեւս պիտի չքուէարկեն արտահերթ ընտրութեանց, ոչ ալ տասը հազար հաշմանդամներն ու անոնց պարագաները: Երկիրը կաթուածահար է եւ անդամալուծուած: Քաղաքացիներու մեծագոյն զանգուածը անտարբեր պիտի մնայ ընտրութեանց նկատմամբ, չգտնելով պահի լրջութեան համապատասխանող պետական վարչախումբ:
Հաւանաբար քուէարկութեան մասնակցին միայն յուսահատներ եւ քաղաքական տհասութեամբ պատուհասուած խումբ մը քաղաքացիներ: Այսինքնՙ ընտրազանգուածին մէկ փոքրամասութիւնը. եւ այդ փոքրամասնութեան մէջ գտնուող մեծամասնութիւն մը կրնայ տեսականօրէն ընտրել վարչախումբ մը, որ յաւակնի լեգիտիմութեան, բայց ոչՙ երկիրը կառավարելու հեղինակութեան ու կարողութեան:
Այժմու իշխանութիւնը պատասխանատու է ներկայ ձախողութեան: Անոր վերարտադրութիւնը չի կրնար տալ աւելինՙ քան ինչ որ տուաւ աւելի բարելաւ պայմաններուն ներքեւ:
Այո, կայացնել արտահերթ ընտրութիւններՙ հայրենիքը դուրս բերելու այսօրուան աղէտէն եւ ոչ թէ հաստատելու տեսութիւններ, որոնք պիտի մնան ապարդիւն մարզանքներ:
ՌԱԿ-ի Մամուլի Օրկաններու Համախմբում
«Ազգ» (Երեւան), «Ապագայ» (Մոնրէալ), «Արեւ» (Գահիրէ), «Զարթօնք» (Պէյրութ), «Նոր Աշխարհ» (Աթէնք), «Պայքար» (Պոսթոն), «Սարտարապատ» (Պուէնոս Այրէս), Armenian Mirror-Spectator (Պոսթոն) :