Մեծ ակնկալութիւներով համայն հայութիւնը կը սպասէր Յունիս 7-ի համապետական խորհրդարանական ընտրութիւններուն, յոյս ունենալով, որ Մայր հայրենիքը, Հայոց պետութիւնը, վերջին 7-8 տարիներու վերիվայրումներէն, հողային ու տարածքային կորուստներէն, հազարաւոր երիտասարդներու զոհաբերումէն, հայրենիքի անբաժանելի կարգ մը մասերուն եւ Արցախին կորուստէն, Հայ եկեղեցին ու եկեղեցականները հալածելէն, Սրբազան Արարատը, Մեծ եղեռնը ուրանալէն, Սփիւռքը անտեսելէն, ներքին պառակտումներ, փոխադարձ ատելութիւն հրահրելէն, մեր պետութինը ատրպէյճանա-թրքական ողորմածութեան յանձնելէն ետք, վերջապէս կունենայ համաժողվրդային ընտրութիւններով ինքզինք վերագտնելու առիթ եւ կարելիութիւն, ներքին հաւասարակշռութիւնը վերահաստատելու, իշխող ուժին նկատմամբ սահմանադրական հակակշիռներ ստեղծելու, նոր խորհրդարանի միջոցով մեր երկիրին ներքին անդորրութիւնը վերահաստատելու, արտաքին դիւանագիտութեան միջոցով բոլոր երկիրներու հետ յարաբերութիւնները ի շահ մեր պետութեան ամրապնդելու եւ, ի վերջոյ, արտաքին սպառնալիքներէն խուսափելու, ազգային բանակին մարտունակութիւնը բարձրացնելու եւ զայն արդիականացնելու կարողութիւնը:
Սական,աւա՜ղ, գործող իշխանութիւնը, ի գլուխ ունենալով անարժանաբար վարչապետի պաշտօնը տակաւին կրող անձը, կրկին ի գործ դրաւ պետական-վարչական բոլո՛ր գործիքները՝ ոստիկանական ճնշումներ, այսպէս կոչուած դատական իշխանութիւններու միջոցով մրցակիցներու ձերբակալութիւններ, Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի եւ Սահմանադրական դատարանի ստորաքարշ համագործակցութեամբ ընտրական օրէնքի բացայայտ խախտումներ, քուէներու գողութիւններ եւ, ամենասարսափելին, մրցակից կուսակցութիւններու գրասենեակներու եւ ղեկավարներու դէմ սպառնալից գործողոթիւններ եւ ձերբակալութիւններ յաջորդեցին իրարու, տակաւին մանրամասն չխօսելով ընտրակեղծիքներու եւ վախի ընդհանուր մթնոլորտ ստեղծելու նիքոլական քաղաքականութեան մասին:
Ներկայ պահուն, քուէարկութեան աւարտէն 48 ժամ անց, տակաւին յայտնի չեն վերջնական արդիւնքները: Որոշ ընտրատեղամասերու մէջ, բացայայտ ընտրակեղծումներու առկայութեամբ կը կատարուին քուէներու վերահաշուարկումներ, որոնց արդիւնքները տակաւին պարզ չեն: Միւս կողմէ, պաշտօնեաները կը սպասեն «Վերին Մարմինի» հրահանգին՝ իրենց պաշտօնը շարունակելու կամ պաշտօնազրկուելու երկմտանքի, տատամսումի դողդողանքի մէջ:
Միայն մէկ բան յայտնի է առայժմ կամ ցնոր տնօրինութիւն. որ նախնական տուեալներով Նիքոլ Փաշինեանը եւ իր գլխաւորած կուսակցութիւնը չեն յաղթահարած 50+ սահմանը, հետեւաբար չեն կրնար կառավարութիւն կազմելու եւ վարչապետ նշանակելու իրենց ծրագիրը պարտադրել: Առնուազն 4 կուսակցութիւն՝ Նիքոլի «Քաղաքացիական պայմանագիր», Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան դաշինք», Սամուէլ Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքը եւ, հաւանաբար, Գագիկ Ծառուկեանի «Բարգաւաճ Հայաստան» կազմակերպութիւնները յաղթահարած են խորհրդարան անցնելու սահմանագիծը: Վերջին՝ ընդդիմադիր 3 ուժերը տակաւին երկմտանքի մէջ են՝ հրաժարի՞լ իրենց պատգամաւոր ունենալու իրաւունք mandate-ներէն, թէ՞ մտնել խորհրդարան՝ հո՛ն շարունակելու իրենց պայքարը:
Սպասելով վերջնական որոշումներուն, նաեւ՝ քուէները հաշուող ու տակաւին տատամսող մարմինին եզրակացութեան, մեր կողմէ կրնանք կրկին ափսոսանք յայտնել, որ համերաշխութեան, համահայկականութեան, ազգաշահութեան մեր ձգտումները արդիւնաւորուած չեն, դժբախտաբար:
Հետեւաբար, մենք, Սփիւռքի մէջ տակաւին մեր հայու ինքնութիւնը չկորսնցուցած հայերս, պիտի շարունակենք քաղաքական պայքարը ընդդեմ Նիքոլ Փաշինեանի ազգակործան իշխանութեան՝ վասն Մայր հայրենիքի եւ Հայոց պետութեան հզօրացումին:
Իր ապազգայնութեամբ, թրքասիրութեամբ, հակաժողովրդական ու հակամարդկային գործունէութեամբ եւ ստախօսութեամբ Նիքոլ Փաշինեանը այս ընտրութիւններուն գերազանցեց ինքզինք՝ նոր մրցանիշներ հաստատելով:
Ռ. Ա.











