Քիմիական զէնքերը, որ ստեղծած են գիտնականները, եւ պատերազմներու ժամանակ օգտագործած են ու կը շարունակեն օգտագործել բանակներ, ամենասատանայական զէնքերն են, որոնց դիմաց աւանդական զէնք ու զրահները անզօր են:
Այս տեսակի զէնքերուն դէմ ոչ օդային, ոչ ծովային, ոչ ալ ցամաքային զէնքերն ու զինուորները դէմ դնելու կարելիութիւն ունին, մինչեւ որ զգան անակնկալ վտանգն ու պաշտպանուելու ձեւեր որդեգրեն: իսկ պարզ ժողովուրդը, անկարող պաշտպանուելու, զոհ կ՛երթայ հսկայ թիւերով, եթէ նոյնիսկ չմահանան, այդ քիմիական թոյներուն ազդեցութեան տակ հիւանդութիւններ կը ստանան, որոնք կրնան բուժուիլ, կամ չբուժուիլ:
Այդ տեսակի զէնքեր, հակառակ որ միջազգայնօրէն արգիլուած են, ոչ միայն պատերազմներու ընթացքին կը գործածուին, այլեւ սկսած են օգտագործուիլ որպէս այլ նպատակներ իրականացնելու միջոց:
Ամերիկեան գեղարուեստական ֆիլմեր դիտած ենք այս նիւթին շուրջ, ուր կը պատկերացուի, թէ ինչպէս ամերիկեան ռազմական գիտաշխատանոցներու մէջ այսպիսի ժահրեր ու վարակներ ստեղծած են ու այլ ժողովուրդներու վրայ փորձարկած, իսկ ֆիլմին հերոսն ու իր ընկերները հետապնդած են ու գտած չարութեան աղբիւրը ու ոչնչացուցած:
Գեղարուեստական ֆիլմ, որ ծածկոյթ մըն է իսկականին: Դիտողները, իբր թէ պիտի կարծեն որ երեւակայական արկածախնդրական պատում մըն է, որպէսզի կասկածի տեղիք չտան, որ կրնայ իրական ըլլալ:
Այսօր, աշխարհի մտահոգութեանց կիզակէտը դարձած Գորոնավիրիւսը կամ ժահրը այդօրինակ վտանգ մըն է, որուն համար առայժմ ոչ պաշտօնապէս, սակայն շատ մը կողմերէ մատնացոյց կ՛ըլլայ, որ Ամերիկեան զէնք մըն է, որուն թիրախը Չինաստանն է, անոր տնտեսութիւնը քայքայելու միտուած:
Եթէ մէկը քաղաքական իրադարձութեանց հետեւող է, պիտի անդրադառնայ, որ Թրամփին գալէն ետք Չինաստանի դէմ ահաւոր պայքար սկսած է, մասնաւորաբար տնտեսական գետնի վրայ: Եթէ ուշադրութիւն դարձնենք, ապա պիտի նկատենք, որ այս ժահրին գլխաւոր թիրախները Չինաստանն ու Իրանն են, Ամերիկայի երկու մեծ թշնամիները, մէկը տնտեսական, միւսը քաղաքական:
Հիմա ամբողջ աշխարհը այս ժահրով վարակուելու վախը ունի, քանի արդէն Չինաստանէն ու Իրանէն սկսաւ տարածուիլ այլ երկիրներ նաեւ: Վարակէն պաշտպանուելու համար հիմնական միջոցը յատուկ դիմակներով քիթ-բերան գոցելն է, անշուշտ անձնական դիմադրողականութիւնը զօրացնող ազդակներու կողքին:
Երեւանի մէջ այն դիմակը, որ 50 դրամի կը վաճառուէր դեղատուներու մէջ, դարձաւ 200, քանի մը օր ետքՙ 400 դրամ, եւ Աստուած գիտէ քանիի պիտի հասնի յաջորդող օրերուն: Գործարարները լաւ գիտեն առիթներէ օգտուիլ ու հսկայ շահեր ապահովել, իսկ պետութիւնը այս գիներու մագլցումին սահման դնելու մասին չի մտածեր:
Դիմակ արտադրող Չինաստանը ինք սկսաւ դիմակ ներածել: Անցեալ շաբաթ իմ ներկայութեանս, երեւան այցելող 5 չինուհիներ հազար հատ դիմակ գնեցին, որպէսզի իրենց հետ Չինաստան տանին:
Լիբանանի մէջ, ուր պատրաստ են ամէն լուրջ բան կատակի առնել, արդէն դիմատետրի վրայ վիտիօ-նկարով ցոյց կու տան, թէ դիմակներու բացակայութեան ինչպէ կարելի է կանացի կրծկալները դիմակներու վերածել…
Աստուած մեզ փրկէ ոչ միայն Գորոնավիրիւսէն, այլ մարդկայի՛ն ժահրէն: