Այն ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ Թուրքիան եօթը հոգի ունեցող կատուի նման միշտ ոտքերուն վրայ կ՛իյնայ, կամ, այլ ասացուածքովՙ միշտ ջուրին երեսը կ՛ելլէ:
Կատուներըՙ հասկնալի է, բայց մի՞թէ գորշ գայլերն ալ ոտքի վրայ կը մնան: Թուրքիոյ այս վիճակը իսկապէս առեղծուածային է:
Պատմութիւնը մէկ կողմ ձգենք ու նայինք, թէ ինչե՜ր պատահեցան ու կը պատահին այս օրերուն սուրիական սահմանային գօտիին մէջ: «Պիտի ներխուժեմ», ըսաւ Էրտողանը ու ոտնակոխելով ամէն տեսակի միջազգային, քաղաքական, ՄԱԿ-ի եւ այլ մարդկային օրէնքներն ու արգելքները, հսկայ բանակով խուժեց գերիշխան պետութեան մըՙ Սուրիոյ սահմաններէն ներս: Ամբողջ աշխարհը դատապարտեց, սպառնացին զէնք-զինամթերքի վաճառքը կասեցնել, Թրամփ սպառնացՙ «Այնպիսի պատիժներու կ՛ենթարկեմ, Թուրքիոյ տնտեսութիւնը կը պայթեցնեմ», բայց երբ տեսաւ ականջ կախող չկայ, անոր ոտքին գնաց, իր փոխանորդը ղրկեց, որ Էրտողանը համոզէ քանի մը օր կռիւը դադրեցնել, խոստանալով բոլոր պատժամիջոցներն ու սպառնալիքները ետ քաշել: Ամօթ քեզի, Թրամփ, ԱՄՆ-ի արժանապատուութեան հետ այսպէ՞ս կը վարուիս: Չէիր ուզեր որ Թուրքիան յարձակի քիւրտերուն վրայ, ձգէիր բանակդ Սուրիա, ինչո՞ւ լքեցիր քիւրտերը, ինչո՞ւ քաշուեցար:
Ճիշդ է, որ Քիւրտերը հիւսիսային Սուրիոյ, Թուրքիոյ սահմանակից շրջաններուն մէջ կը փորձեն ինքնիշխանութիւն ստեղծել եւ սպառնալիք են Թուրքիոյ, սակայն ցարդ այդ շրջաններէն որեւէ յարձակում չեն գործած Թուրքիոյ վրայ, որ Թուրքիան ալ ոտքի ելլէ հակադարձելու: Ոչ միայն կը հակադարձէ, այլեւ ամբողջ շրջաններ կը գրաւէ ու գրաւած քաղաքներուն ու գիւղերուն մէջ ալ թրքացման ծրագիրներ կ՛իրագործէ: Ամէն կողմ թրքական դրօշակներ, դպրոցներուն մէջ թրքական կրթական ծրագիրներ, դրամատուներ ու թրքական դրամանիշեր կը դրուին շրջանառութեան:
Աշխարհը կը տեսնէ այս բոլորը, ՄԱԿ-ը կը տեսնէ, Արաբական Լիկա կոչուած ամուլ կազմակերպութիւնը կը տեսնէ, սակայն որեւէ մէկը խօսքէն գործի չ՛անցնիր:
Խոստացուած հրադադարը խախտեց Թուրքիան, բացի մէկ շաբաթուան մէջ քիւրտերու կողմէ ինկած 300 զոհերէն, նոր զոհեր ալ արձանագրուեցան հրադադարի օրերուն:
Պարզ կը դառնայ, որ անիմաստ են բոլոր օրէնքները. անոնք թուղթի վրայ մնալու դատապարտուած են: Ինչպէս որ Իսրայէլը տասնեակ անգամներ ՄԱԿ-ի որոշումները անտեսած է, այդպէս ալ Էրտողանը, օրինակ վերցնելով Իսրայէլէն, նոյնը կ՛ընէ:
Բայց մարդ կը տարուի մտածելու. ո՞ւր թաքնուած է Թուրքիոյ ուժը, որ այսքան ժպիրհ ձեւով ուզածը կ՛ընէ: Ինչպէ՞ս կրցաւ իր մեծ բարեկամինՙ ԱՄՆ-ին կռնակ դարձնել ու Ռուսիոյ կողմը յակիլ, մինչեւ իսկ անկէ ամենաարդիական հրթիռային համակարգեր գնելով: Ինչպէ՞ս կը յաջողի լարախաղացի պէս մէկ լարէն միւսին վրայ ցատքել: Ի՞նքն է խորամանկն ու խելացին, թէ՞ միւսներն են միամիտները:
Սակայն ի՞նչ կայ որ, Ժամանակին թուրքերը Լենինին չխաբեցի՞ն ու իբր թէ «սոցիալիստական» երկիր կառուցելու համար անհաշուելի «նուէրներ» ստացան:
Պարտուած Թուրքիան երկու համաշխարհային պատերազմներէն ողջ դուրս եկաւ: Շրջապատի երկիրներէն իր գրաւած հողերուն վրայ բոլորին սպառնալիք կարդացող հանրապետութիւն մը հիմնեց ու այսօր ալ Աթաթուրքին ժառանգորդը Օսմանեան կայսրութիւնը կը փորձէ վերակենդանացնել, ոչ միայն սպառնալով աշխարհին, այլ նոյնիսկ իր հարազատ ժողովուրդին, անոնցմէ բազմահազար քաղաքացիներ բանտերը լեցնելով եւ տասնեակ հազարաւոր պաշտօնեաներ ալ գործազրկելով:
Օսմանցի եւ թուրք պետական մարդիկը միշտ ալ սարսափազդու եղած են, սակայն այսօրուան «Սուլթանը» գլեց – անցաւ բոլորը: Այնքան ատեն որ մեծ երկիրները իր դիրքին ու ծառայութիւններուն կարօտ են, ան պիտի չդադրի սանձարձակ Ճիրիտ խաղալէ: