Այսպիսի շփոթ վիճակի մէջ չեմ գտնուած: Կա՛մ ես շատ հեռու եմ իրատես ըլլալէ, կա՛մ ինչ որ կը դառնայ շուրջս անիրական բան մըն է:
Սկսայ հաւատքս կորսնցնել: Ես, որ այնպիսի հաւատքով փարած էի վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն, դրական գալիքին նկատմամբ, ակամայ սկսայ մտածել, որ ես հարցերը դիտելու եւ հասկնալու դժուարութիւն ունիմ, կամ ալ հարցերը այնքան մշուշոտ են, որ նոյնիսկ թաքնուածը գուշակել կարելի չէ:
Չերկարեմ. գլխապտոյտ պատճառող սա իրարանցումը բնակա՞ն է, այսինքն, աշխարհի մէջ ամէն տեղ ալ նո՞յնն է. աւելի ճիշդՙ ամէն ժողովրդավարական-դեմոքրաթիք երկիրներու մէջ ալ այսպէ՞ս կ՛ըլլան յեղափոխութիւններն ու հակայեղափոխութիւնները:
Կը կարդամ, կը լսեմ, չեմ հասկնար իրար անցած դեր ու դէմ կարծիքները, շղթայ կապած են տարօրինակ որակումներըՙ ա՛լ Մասոն ու մուսոն, ա՛լ Սորոս ու մորոս, հրեշտակ ու սատանայ, ԼՏՊ ու ՆՓ, ՀՀԿ ու ՀՀՇ, հայհոյանք, խծբծանք, ազգադաւ, լակոտ, սպառնալիք…
Եթէ խօսքի ազատութիւն ըսուածը այս է, եթէ դեմոքրասին այս է, չըլլարՙ աւելի լաւ էր: Ակամայ կը մտածեմՙ արդեօք մենատիրական-տիքթաթորական ռեժիմը աւելի լաւ չէ՞: Մէկ գլուխ, մէկ օրէնք ու հրահանգ, քաղաքականութեան չես խառնուիր, հանգիստ կ՛ապրիս ոչխարի պէս առջեւդ դրուած խոտը ծամելով:
Ժողովուրդ ջան, ամօթ ըսուած բանը կայ. իբր թէ մենք ճանչցուած ենք որպէս քաղաքակրթեալ ազգ: Մե՞նք… հաւատալս չի գար: Կա՛մ ըսողները մեզմէ շա՜տ դարեր առաջ ապրեր են, կա՛մ ալ բանէ հասկցող չեն: Եթէ այսօր ապրէին, այդպիսի բարենիշ կու տայի՞ն մեզի:
Սա ֆէյսպուք ըսուածն ալ ոչ հսկիչ ունի, ոչ գրաքննիչ. ամէն մարդ խելքին փչածը կը գրէ, ան ալ զզուելի սխալներով: Վատաբանութիւն, վրան ալՙ վատ լեզու: Այսպէս գրողները բռնես պատժես, ականջնին քաշես, կամ լեզուներուն վրայ կծու պղպեղ ցանես, ինչպէս մեր մամաները կ՛ընէին, երբ հայհոյէինք, փոքր եղած ատեննիս:
Ֆէյսպուքը կը նմանցնեմ որոշ յետամնաց երկիրներու հանրային զուգարաններուն, որոնց պատերուն վրայ ինչեր կը գրեն ներսը նստողները: Անոնք երկու «կարեւոր գործ» միասին նոյն մակարդակով կ՛ընեն, քանի քոնթրոլ չկայ:
Կ՛ըսեն որ ՀՀԿ-ն է այս բոլորին պատասխանատուն. անոնք համբերեցին, համբերեցին ու յանկարծ սկսան հակահարուածի, երբ Փաշինեանին բերած խորհրդարանն ու կառավարութիւնը ակնկալուած մակարդակը չունեցան: Եթէ նախկիններուն մէջ շատ էին պաշտօնը շահագործող ու ապօրէն հարստացողներ, ապա այսօրուան իշխանաւորներուն մէջ շատ են տարօրինակ ուղղութիւններով ու գաղափարներով մարդիկ, որոնք կրնան հայու նկարագրի բազմադարեայ մաքրութիւնը պղտորել:
Ամէն բանէ առաջ անհրաժեշտ է որ իշխանաւոր մը ազգային արժէքներուն կարմիր գիծը յարգէ ու պահպանէ, յանուն եւրոպականացումի կամ համաշխարհայնացումի չփորձէ այդ կարմիր գիծը անցնիլ: Մենք մեր կրօնական թէ աշխարհիկ իւրայատկութիւններով տարբերուած ենք ուրիշներէն եւ այդպէս ալ դիմացած ենք ու հասած այս օրերուն:
Ազգային իւրայատկութիւնները պահպանելը ժամանակավրէպութիւն չէ. ուրիշները կապկելը յառաջդիմութիւն չէ: Թող լաւ հասկնան այս բոլորը մեր երիտասարդ պատասխանատուները եւ իրենց «մոտեռնացումի» ջանքերը խնայեն եւ զանոնք գործածեն երկրի բարօրութեան, զարգացման եւ կայունացման համար:
Այս շփոթ, անյստակ վիճակը շուտ անցնելու է. առիթ տալու չէ որ պղտոր ջուրերու մէջ որսի սիրահարները իրենց կարթերն ու ուռկանները նետեն: Իսկ եթէ արդէն նետած են, թող յուսախաբութիւնն ըլլայ իրենց որսը:
Հայաստանի կեդրոնական գերեզմանատան մէջ շիրմաքար մը կայ, որուն վրայ գրուած է.
«Հեղափոխությունները նախապատրաստում են ռոմանտիկները
Կատարում են ֆանատիկները
Իսկ արդյունքից օգտվում են սրիկաները»:
Ստորագրութիւնՙ Մի խելոք մարդ:
Ժամանակն է, որ այս «խելօք մարդուն» կարծիքը փոխենք: