ԱՍԱՏՈՒՐ ԿԻՒԶԵԼԵԱՆ, Լոնտոն, 9 Յուլիս, 2018
Հայկական լրամիջոցներէ իմացանք երկու օր առաջ, որ ինքզինք «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» կոչող խմբակ մը գրաւած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանատունը եւ կը պահանջէ Ամենայան Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ.ի հրաժարականը:
Առնուած վերոյիշեալ քայլը, նախ եւ առաջ, անվայել արարք մըն է, հետեւաբար նաեւՙ անընդունելի եւ դատապարտելի, մանաւանդ այս օրերուն, երբ Հայաստանի նոր կառավարութիւնը անհրաժեշտ բոլոր օրինական միջոցներուն կը դիմէ, որպէսզի Հայաստանը դառնայ ժողովրդավարական օրինապահ երկիր: Երկրորդՙ առնուած քայլը օրինական ոչ մէկ հիմք ունի:
Ն. Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած համաժողովրդական թաւշեայ յեղափոխութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքն ոչ մէկ խուլիգանական կամ ապօրինի քայլ առնուեցաւ: Օրինակՙ ժողովուրդը բռնի ոյժով քաղաքապետարան կամ նախագահական պալատ չգրաւեց…:
«Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» խմբակը պէտք է լաւ հասկնայ, որ առանձին անհատներու կամ զանազան խմբաւորումներու կողմէ գործուած ապօրինի արարքները կրնան միայն վնաս հասցնել ժողովուրդի բացարձակ մեծամասութեան միասնական կամքէն ծնածՙ Հայաստանի նորաստեղծ կառավարութեան հետապնդած ժողովրդավարական ծրագիրներուն եւ նպատակներուն:
Նշեցինք, որ առնուած քայլը ապօրինի է: Բացատրենք:
Ի գիտութիւն բոլոր անոնց, որոնք ծանօթ չեն Հայ եկեղեցւոյ սահմանադրութեան, նշենք որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը կ՛ընտրուի պատգամաւորական ժողովի մը կողմէ, որուն կը մասնակցին էջմիածնապատկան բոլոր թեմերու ներկայացուցիչները, ի Հայաստան եւ Սփիւռս: Կաթողիկոսին պաշտօնը ցկեանս է, եւ ոչ ոք, ներառեալ եպիսկոպոսական ժողովը, կրնայ անոր հրաժարականը պահանջել: Միայն այն պարագային, երբ կաթողիկոսը կորսնցնէ իր բանականութիւնը կամ հիւանդութեան եւ այլ պատճառներով անկարող ըլլայ կատարել իր պարտականութիւնները, եպիսկոպոսական ժողովը կ՛ընտրէ տեղապահ մը, որ կը ստանձնէ անոր պաշտօնը եւ կը կազմակերպէ ընդհանուր պատգամաւորական ժողովՙ նոր կաթողիկոս ընտրելու համար:
Արդ, նկատի ունենալով վերոգրեալ տուալները, իրաւական հարց կը ծագի, թէ ո՞վ ընտրած եւ լիազօրած է «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» խմբակը, որ պահանջէ կաթողիկոսին հրաժարականը…:
Սխալ չհասկցուելու համար շեշտենք, որ մեր նետարձակած աղեղին թիրախը «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» խմբակին ապօրինի գործելակերպն է եւ անոր առած անվայել, հետեւաբար նաեւՙ անընդունելի քայլը: Մենք կը հաւատանք օրէնքին եւ օրինապահութեան: Ժողովրդավարական օրէնքներով ղեկավարուող երկրի մը մէջ որեւէ անհատ կամ խմբակ իրաւունք ունի մատնանշելու, քննադատելու եւ հանրութեան ուշադրութեան յանձնելու, ի միջի այլոց նաեւՙ եկեղեցականի մը, խումբ մը եկեղեցականներու, նոյնիսկ կաթողիկոսին սխալ արարքները, պայմանաւ որ այդ բոլոր միջոցառումները չխախտեն օրէնքը:
Մեր թելադրանքն է որ «Նոր Հայաստան, Նոր Հայրապետ» խմբակը յիշէ միշտ, որ օրէնքով ընտրուած կաթողիկոսի մը հրաժարականը ապօրինի կերպով պահանջելը ՙ ապօրինի է, հետեւաբար նաեւՙ անընդունելի:
Յ.Գ.- Այս գրութիւնը նոր աւարտած էինք, երբ հայաստանցի բարեկամ մը հեռախօսով յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը ցուցարարները հանած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի դիւանատունէն: Ա.Կ.