Վերջապէս Իսրայէլ իրականացնելու ճամբուն վրայ դրաւ Երուսաղէմը մայրաքաղաք դարձնելու տարիներու իր երազը, ԱՄՆ-ի նախագահ Տոնալտ Թրամփի անակնկալ յայտարարութեամբՙ ԱՄՆ-ի դեսպանատունը Թէլ Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրելու կապակցութեամբ:
Թրամփը նախագահ դարձաւ, այդ պատճառո՞վ այս որոշումը առնուեցաւ, թէ՞ այս որոշումը առնելո՛ւ համար Թրամփը նախագահ դարձուցին…
Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ-ի նոր դեսպանատան բացումը կատարուեցաւ յատուկ արարողութեամբ եւ օտար դիւանագէտ հիւրերու ներկայութեամբ, երբ անդին, Պաղեստինեան կողմն աշխարհի, ցուցարարները ինքնաշարժի այրուած անիւներու երկինքը մթագնող սեփ-սեւ ծուխ ու մուխին մէջ պարսատիկներով զինուած քար կը տեղացնէին հանդիպակաց կողմը գտնուող իսրայէլացի զինուորներուն վրայ, որոնք «ինքնապաշտպանութեան» դիմելով իսկական փամփուշտներով կ՛որսային ցուցարարներըՙ «ռազմադաշտին» վրայ 62 սպանեալ եւ մօտ 3000 վիրաւոր ձգելով:
ՄԱԿ-ը դատապարտեց եւ յատուկ յանձնախումբ մը Իսրայէլ ուղղեց հարցը քննելու համար. յետո՞յ… Յետոյ, նոյնիսկ եթէ դատապարտեն, ոչինչ կը փոխուի, ոչ Իսրայէլը կը պատժուի, ոչ ալ պաղեստինցի նահատակները կը վերակենդանանան: Իսրայէլ ՄԱԿ-ի ո՞ր որոշումին անսած է, որ այս որոշումին կարեւորութիւն տայ:
Ուրեմ՞ն… Ի՞նչ է օգուտը ՄԱԿ-ին, երբ Իսրայէլի նման երկիր մը, որ ինքզինք օրէնքէն վեր կը դասէ, պիտի չենթարկուի միջազգային որոշումներուն:
Այստեղ դատապարտելին ոչ միայն Իսրայէլն է, այլեւ «Արաբական Լիկա» կոչուած անհեթեթութիւնը, այլեւ արաբական երկիրներ, որոնք որձեւէգ քաղաքականութիւն կը դրսեւորեն, երբ, իբր թէ, պաղեստինցիներուն ի պաշտպանութեան ելոյթներ կ՛ունենան, սակայն չեն դադրեցնէր իրենց կապերը Իսրայէլի հետ:
Ծիծաղելին այն է, որ արաբական երկիրներէն աւելի Թուրքիան ոտքի ելաւ որպէս պաղեստինցիներու պաշտպան, ժողովրդային ցույցերով եւ նոյնիսկ Իսրայէլի դեսպանը ժամանակաւորապէս արտաքսելով:
Ու կը շարունակենք լիբանանցի արաբ մեծ երգչուհի Ֆէյրուզի հետ աղօթել Երուսաղէմի համարՙ «Քեզի համար կ՛աղօթեմ, ով աղօթքի քաղաք, քեզի՛ համար, ով բնակավայրերուն գեղեցկագոյնը, ով քաղաքներու ծաղիկը… Մեր աչքերը ամէն օր դէպի քեզ կ՛ուղղուին, կը գրկեն հնադարեան եկեղեցիներդ ու կը սրբեն վիշտը մզկիթներուդ…», ու վերջաւորութեան աղօթքը կը վերածուի մարտակոչիՙ «Փայլատակող ցասումը գալու է, ես լրիւ հաւատացողն եմ անոր…»:
Աշխարհի մէջ հարց-թնճուկներ կան, որոնք տասնամեակներու հնութիւն ունին, որոնցմէ շատերը երկար ատեն անշարժ մնալով ժանգ կապած են, մինչ ուրիշներ դեռ կենդանութեան նշաններ ցոյց կու տան, իսկ անոնցմէ ամենատոկունը, ամենակենդանին ու ամենաաշխույժը եօթանասունամեայ պաղեստինեան հարցն է, 1948-էն ցայսօր:
1948-ին իսրայէլեան օրինաւոր կամ ապօրինի պետութեան մը հիմքը դրուեցաւ պաղեստինեան հողին վրայ, Անգլիոյ վարչապետ Պալֆորի խոստում-յայտարարութիւնը հիմք ընդունելով: Այդ թուականէն սկսեալ Իսրայէլ ամէն միջոցի դիմեց ինքզինք հաստատելու համար, մինչեւ որ կրցաւ օտար պետութիւններու ճանաչումը շահիլ, որոնց մէջ նաեւ կարգ մը արաբական երկիրներու, սակայն անկարելի եղաւ իր մականին տակ առնել պաղեստինցիները, որոնք անկախ պետութեան մը իրենց ձգտումին մէջ, ամէնօրեայ բախումներ կ՛ունենան իսրայելացիներու հետ, որոնք կենդանի փամփուշտ կ՛օգտագործեն անզէն ցուցարարներուն վրայ կրակելով եւ նյնիսկ կը հրթիռակոծեն Կազայի նման բնակելի քաղաքներ, բազմահազարաւոր զոհերու պատճառ դառնալով: Եւ այս բոլորըՙ աշխարհի աչքին առջեւ:
Իսկ Ֆէյրուզ կը շարունակէ աղօթելՙ «Քեզի համար կ՛աղօթեմ, ով աղօթքի քաղաք…»: Քաղաքՙ որ 70 տարիներէ ի վեր կ՛աղօթէ, կ՛աղօթէ, բայց…