ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Մայիս 7, 2015, հինգշաբթի օր կէսօրին, Ուաշինկթընի «Ինթերքոնթինենթալ» հիւրանոցին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ունեցաւ մասնաւոր հանդիպում մը Միացեալ Նահանգներու զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ` ամերիկահայ տասնեակ մը գործարարներու հետ: Հանդիպման ներկայ գտնուեցան նաեւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան եւ Մ. Նահանգներու մէջ ՀՀ դեսպան Տիգրան Սարգսեան:
Սկիզբը Սերժ Սարգսեան կարդաց իր ուղերձը, որ առաւելաբար կը վերաբերէր Ցեղասպանութեան դարադարձին առթիւ ձեռք բերուած միջազգային ակնյայտ յաջողութիւններունՙ կապուած Ցեղասպանութեան ճանաչման, ինչպէս` Հռոմի Պապին եւ Եւրոպական Խորհրդարանի, Գերմանիոյ, Աւստրիոյ, Պոլիվիոյ, Չիլիի ու Լուքսեմպուրկի խորհրդարաններու կողմէ:
Պարոն նախագահը վեր առաւ ամերիկահայութեան կարեւոր դերը ազգապահպանման, Հայ դատի հեսապնդման եւ մայր հայրենիքին օգտակար ըլլալու նախանձախնդրութեան մէջ եւ ըսաւ. «Ես հպարտ եմ ձեր ընկերակցութեամբ այս ջերմ միջավայրում գտնուելու համար: Ամէն անգամ մեծ ուրախութեամբ եմ հանդիպում մեր հայրենակիցներին, այն մարդկանց, ովքեր կարողացել են համախմբուել, կարողացել են աշխարհի ամենաազդեցիկ պետութիւններից մէկում ապահովել մեր ձայնը, ստեղծել այնպիսի հզօր ու ներկայանալի համայնք, որի մասին խօսում են ամէնուր, խօսում են մեր բարեկամները եւ թշնամիները»:
Հանգամանօրէն անդրադարձաւ ապրիլի 24-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած միջոցառումներուն, սկսելով Ծիծեռնակաբերդի բարձրունքէն 65 տարբեր երկիրներու պատուիրակութիւններու, պետութիւններու ղեկավարաներու մասնակցութենէն, երբ նախագահ Սարգսեան յայտարարեց Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու դատապարտումըՙ զայն դնելով մարդու իրաւունքներու համաշխարհային քաղաքականութեան նժարին մէջ: Յատկանշական էր մասնակցութիւնը մանաւանդ նախագահներ Փութինի եւ Օլանտի:
Կարեւոր հանգրուան մը նկատեց Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարին մէջ Ֆրանսիսքոս Պապին յայտարարութիւնը, երբ Մեծ եղեռնը Ցեղասպանութիւն կոչելով, ոչ միայն քրիստոնեայ աշխարհին, այլեւ համամարդկային արժէքներու գնահատանքն էր որ կ՛ընէր քահանայապետը:
Սերժ Սարգսեան անդրադարձաւ Ղարաբաղեան հիմնախնդրին, որ կը մնայ Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերէն մէկը. Հայաստանի դիրքորոշումը եղեր է եւ կը մնայ միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու հիման վրայ խնդրին խաղաղ կարգաւորումը` համահունչ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբին համանախագահներուն եւ համանախագահող երկիրներու դիրքորոշմանը: Ուրախութիւն յայտնեց, որ Արցախի պետականաշինութեան գործին արդէն սատարած են Ամերիկայի հինգ նախագահներ, եւ այս առթիւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկահայութեան կատարած այդ աշխատանքին համար եւս:
Նախագահը նաեւ խօսեցաւ Հայաստանի տնտեսական կայունացաման ու զարգացման հիմնախնդրին մասին եւ նոր գործարարներու եւ ներդրումներու անհրաժեշտութիւնը նկատեց կենսական երկրին ազատ տնտեսութեան ապահովման համար: Հաստատեց, որ Ուաշինկթըն իր կեցութեան առաջին օրն իսկ ստորագրած է միջպետական համաձայնագիր մը, որ պիտի ծառայէ հայ-ամերիկեան տնտեսական համագործակցութեան բարելաւման:
Այնուհետեւ առիթ տրուեցաւ ներկաներուն տալու հարցեր: Ներկաներուն, մասնաւորաբար հայտնի գործարարներու հետաքրքրութիւնը հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր Հայաստանի բարգաւաճման խնդրին վրայ, տնտեսութեան բարգաւաճումին համար կատարելով թելադրութիւններ: Թէեւ ազգային աւանդական մեր կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները ներկայ էին, սակայն անոնք բաւարարուեցան նախագահին զեկոյցէն եւ գոհ էին անոր բացատրութիւններէն:
Նիւ Ճըրզի