Մարդկութեան պատմութիւնը երկրագունդի վրայ իր գոյութեան առաջին օրէն իսկ կապուած եղած է անընդմէջ բարեփոխումներու հետ, կեանքը աւելի հեշտացնելու, դիւրացնելու, աւելի տանելի դարձնելու պայքարով. ատոր համար ալ մարդկային ուղեղը յայտնաբերումներ կատարած է, գիւտեր, որոնք օգնած են, որ այդ նպատակը իրականութիւն դառնայ։ Քարը երկաթով փոխարինած են, քարայրը՝ հիւղակով, հիւղակը տնակով, տնակը տունով, տունը՝ շենքով ու շքեղ առանձնատունով… Հազարամեակներու ընթացքին մարդը հասած է այսօրուան բարօր կեանքին հազարումէկ տեսակ գիւտերու շնորհիւ, տարատեսակ դժուարութիւնները հարթելով ու միաժամանակ օգտակարին ու հաճելիին հասնելով։
Ասոր զուգահեռ՝ նախամարդը կայծքարէ դանակը տապարի վերածած է, տապարը՝ նիզակի, նիզակը՝ սուրի, սուրը՝ հրացանի, հրացանը՝ հրթիռի… Այսպէս երկուորեակներու նման իրար կողքի ընթացած են գիւտերը, մէկը՝ բարօրութեան համար, միւսը՝ բարօրութիւնը խանգարողին դէմ։ Աստուածային շնորհք է, որմով զինուած է մարդը, ինքզինք եւ իր շրջապատը անդադար բարեփոխելու հմտութեամբ ու կարելիութեամբ։
Ականատեսներն ենք այս մոլորակի մարդկային անչափելի կարողութեանց, ուր աշխարհ մը ամբողջ տուփիկի մը մէջ ամփոփուած գրպանն է իւրաքանչիւրիս։ Հեռախօս, նամակատուփ, գրադարան, ֆիլմադարան, բառարան, լուսանկարչական մեքենայ, ժամացոյց, օրացոյց, ջերմաչափ եւ նման շարք մը գործարքներ, որոնց իւրաքանչիւրը առանձին սարք մը կը պահանջէր անցեալին, հիմա այդ բոլորը մարդու գրպանին մէջ։
Այսպէս է՝ գիւտերն ու հնարքները կանգ չեն առներ, այնքան ատեն, որ մարդուն երեւակայութիւնը սահման չի ճանչնար։ Այո՛, երեւակայութիւն, անսահման աշխարհ մը միտքերու, որոնք կրնան մարմին առնել եւ իրական դառնալ։ Հրա՛շք է մարդ արարածը, իսկապէս հրաշք, իր անսահման կարողութիւններով, գիտելիքներով, զգացումներով, յուզումներով, ձգտումներով…
STOP. Վայրկեան մը, խանդավառութիւնս յորդեցաւ, հանգի՛ստ։ Ու մէջէս ձայն մը շշնջաց՝ իսկ այդ «հրաշք»ը երբ «հրէշ» կը դառնայ… այդ մասին պիտի չակնարկե՞ս։ Հրաշքը հրեշտակներուն կալուածն է, հապա՞ եթէ հրեշտակը հրէշի վերածուի՞։
Հասկցայ, անմիջապէս կռահեցի, թէ ինչ ըսել կ՛ուզէ շշուկը։
Ինչո՞ւ թաքցնել իրականութիւնը, որքան ալ ցաւալի ըլլայ, ինչո՞ւ չպատռել պալարն ու ժահրը դուրս չթափել։ Այո՛, վերեւ յիշուած բոլոր գիւտերուն եւ նորարարութիւններուն դաշտ եղած են նաեւ զէնքերն ու զինուորները, զինամթերքն ու բանակները, անդադար կատարելագործուելով, յանուն ինքնապաշտպանութեան, եւ անշուշտ անոր անունով յարձակումներու, սպաննութիւններու, քանդումներու եւ աւերներու…Անշուշտ ինքնապաշտպանութեան համար ստեղծուածները՝ ստեղծողին համար բարիք եղած են, մինչ անոնց թիրախին համար՝ չարիք։
Ահա՛ աշխարհի վրայ վերջ չունեցող պատերազմները։ Բոլորն ալ արդարութեան անունով մարտի կը դիմեն, մինչ իսկական զոհը արդարութիւնը կ՛ըլլայ։ Էհ՛, կարիք կա՞յ վերյիշելու ասոյթը, թէ նպատակը կ’արդարացնէ միջոցները։ Ու պատերազմները կը շարունակուին։
Ինչ արդարացուցիչ պատճառ ալ ունենան յարձակում գործողները, երբ տուժողը կ՛ըլլայ անմեղ ժողովուրդը, դատապարտելի՛ է։ Մեր աչքերուն առջեւն է ամէն օր ու վայրկեան Ուքրաինայի բնակչութեան տեղահանութիւնն ու տանջանքները։ Եթէ չլուծուած հարցեր ունին երկու պետութիւնները, ինչո՞ւ չեն կրնար թիրախաւորել միայն բանակն ու զինուորական կեդրոնները, ինչո՞ւ ժողովուրդը պիտի վճարէ երկու պետութիւններու թշնամանքին գինը։ Խաղաղ ապրող մարդիկ, դպրոցական երախաներ, գիրկի մէջ նորածիններ, կքած ծերունիներ, ինչո՞ւ պիտի տեղահան ըլլան։ Ուքրաինայի պետութիւնը մեր 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին օգնած է ազերիներուն, պետութի՛ւնը, ո՛չ ժողովուրդը, ես չեմ կրնար ուրախանալ անմեղ մարդոց գողգոթան տեսնելով։
21-րդ դարուն մէջ, հրաշալիքներու հասնող գիւտերուն զուգահեռ, զիրար փճացնե՞լ, տարիներու ընթացքին կազմաւորուած շքեղութիւններ՝ կայք ու գոյք, մարմին ու միտք հողին հաւասարեցնե՞լ։ Կը դատապարտեմ ամբողջ սրտով։ Ու կը մտածեմ՝ այս ընթացքով աշխարհը դէպի ո՞ւր։
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ