ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
Մարի Նուպար Հիմնարկութիuն 2013-2014 ուսումնական շրջան
ԾԱՆՈՒՑՈՒՄ
Փարիզի Համալսարանական միջազգային ոստանի հայ ուսանողներու տունը 2013-2014 ուսումնական շրջանի համար կ՛ընդունի հայ երիտասարդներ, որոնք բարձրագոյն ուսումնին պիտի շարունակեն փարիզեան համալսարանի մը մէջ (Մաստեր Ա. էն մինչեւ դոկտորական): Ընդունման յանձնախումբը իր նիստը կը գումարէ յառաջիկայ յունիս 28-ին: Դիմումները կ՛ընդունուին մինչեւ յունիս 27:
Թեկնածուները պարտին արձանագրուիլ Միջազգային ոստանի կայքէջի վրայՙ www.ciup.fr
Համացանցով կատարուած դիմումին զուգահեռՙ տան տնօրէնին անունով մինչեւ նոյն թուականը պիտի ղրկուինՙ
Ա – Անցագրի առաջին էջի պատճէնը Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն համար:
– Մկրտութեան վկայականի մը պատճէնը կամ համայնքային հաստատութեան մը պատասխանատուէն յանձնարարական նամակ մըՙ սփիւռքահայերու պարագային:
Բ – Փարիզեան համալսարանի մը կամ բարձրագոյն դպրոցի մը կողմէ տրուած արձանագրութեան հաստատագիր մը:
Գ – Կրթաթոշակի կամ աշխատավարձքի հաստատագիր մը կամ ծնողներու կողմէ խմբագրուած եւ ստորագրուած երաշխիքի նամակ մը:
Այս փաստաթուղթերէն մէկուն բացակայութեան պարագային, տուեալ թղթածրարը չեղեալ կը նկատուի եւ չ՛ուսումնասիրուիր յանձնախումբի նիստին ժամանակ:
հասցէՙ
Monsieur le Directeur
Maison des e՛tudiants Arme՛niens
57, boulevard Jourdan
75014 Paris – France
accueil.armenie@ciup.fr