Եմէնի անջատողական զինեալ կազմակերպութիւնը՝ «Հութիները» (Houthies), որ Իսրայէլ-Համաս պատերազմի ընթացքին Կարմիր ծովէն դէպի Միջերկրական անցնող նաւերը, որոնք օժանդակութիւն կը հասցնէին Իսրայէլին, կը հրթիռակոծէին, որուն Ամերիկան եւ Անգլիան հակահարուածով պատասխանեցին, սակայն Հութիները դադար չառին եւ շարունակեցին իրենց յարձակումներն ու թիրախաւորումները, պատճառ դառնալով Կարմիր ծովի եւ Սուէզի ջրանցքի անապահովութեան, որուն հետեւանքով բազմաթիւ նաւեր փոխեցին իրենց երթուղին:
Ընթացիկ այս թիրախաւորումները շարունակուեցան առանց կարեւորութիւն տալու Իսրայէլի եւ Արեւմտեան պետութեանց սպառնալիքներուն, երբ անակնկալ կերպով Եմէնէն Հութիներու ԱԹՍ մը անարգել կերպով հասաւ Իսրայէլի մայրաքաղաք Թէլ-Աւիւ: Իսրայէլի ռազմաօդային անանցանելի պատնէշը չկրցաւ որսալ այդ ԱԹՍ-ն, խոստովանութեամբ նոյնինքն Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին, որ յայտարարեց, թէ նկատած են թռչող սարքը, սակայն չեն կրցած վար առնել զայն: Արձակուած այդ ԱԹՍ-ն լրիւ նոր կարողութիւններով օժտուած է ու կրնայ Իսրայէլի քունը փախցնել, մինչեւ որ ասոր ալ դէմ դնելու միջոցը գտնուի: (Իսրայէլի պաշտպանութեան բանբերը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ արձակուած ԱԹՍ-ն նոյնիսկ Իսրայէլի սահմանները չէ հատած):
Թէպետ արձակուած ԱԹՍ-ն ոչ մէկ վնաս հասցուցած էր Իսրայէլի, սակայն դէպքէն երկու օր ետք Իսրայէլ 20 F-15 ռազմական օդանաւերով յարձակում գործեց Եմէնի հարաւային սահմանին վրայ գտնուող Հութիական կեդրոններուն վրայ, ահաւոր մեծ վնաս հասցնելով յատկապէս տեղւոյն Հուտայտա նաւահանգիստի քարիւղի զտարանին: Իսրայէլի պատգամը, յատկապէս ուղղուած Իրանին, յստակ էր, մի փորձէք դպչիլ մեզի, թէ չէ հարիւրապատիկով կը պատասխանենք:
Իսկապէս, մարդ կը տարուի մտածելու՝ Գազայի օրինակը դեռ թարմ է, Համասի արկածախնդրութեան պատասխանը արդէն 40.000 զոհ խլած է, համատարած քանդում եւ աւեր ու տակաւին շարունակելի է: Աչքի առջեւ ունենալով այս իրողութիւնը, ինչպիսի՞ համարձակութեամբ կը գործէ Հութիներու կազմակերպութիւնը եւ զայն զինողն ու մղողը նոր Կազա-ի՞ մը պիտի վերածէ Եմէնը, թէ՞ ինչ որ թաքուն, վարագոյրին ետին տարբեր հաշիւներ կան:
Հիմա, Իսրայէլի դէմ երրորդ ճակատ մը բացուեցաւ Կազայէն ու Լիբանանի հարաւէն ետք: Այնպէս կ՛երեւի, որ Հութիները բաւական վտանգաւոր թշնամիներ են, որոնք բացայատ կերպով կը յայտարարեն՝ «Մա՛հ ԱՄՆ-ին, մա՛հ Սէուտական Արաբիոյ, անիծեալ ըլլայ Իսրայէլը, յաղթանակը մերն է» լոզունգները հրապարակաւ կ՛երեւին փողոցային ցուցանակներու վրայ:
Հութիները Եմէնի հիւսիսային շրջանի ցեղախումբ են, որոնք Իսլամական կրօնքին հետեւելով Շիա կը դաւանին: Այս կազմակերպութեան գլխաւոր հովանաւորը Իրանն է, իսկ բարեկամներէն յիշենք Հիւսիսային Քորեան, Ռուսաստանը, Սուրիան եւ կարգ մը այլ պետութիւններ:
2015-ին Սէուտական Արաբիան եւ Էմիրութիւնները արաբական միացեալ բանակ մը կազմեցին Հութիներուն դէմ պայքարելու համար, փորձելով առաջքը առնել այդ կազմակերպութեան սանձարձակ յարձակումներուն: Քանի մը տարի տեւած բախումներէ ետք այդ համաձայնական բանակը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ՝ առանց յաղթանակ տանելու:
Եմէնը՝ Արաբական թերակղզիի հարաւ-արեւմտեան անկիւնի իր դիրքով, Արաբական ծովէն դէպի Կարմիր ծով տանող բանալին է, ատոր համար հնուց ի վեր շատ մեծ ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող երկիր է, սահմանակից է Սէուտական Արաբիոյ, որուն հետ յաճախ բախումներ ունեցած է, յատկապէս վերջերս, երբ Հութիները գլուխ ցցեցին եւ կամաց-կամաց հզօրանալով ամբողջ Եմէնի ճակատագիրը որոշող դարձան, մնալով թշնամի սուննի Սէուտական Արաբիոյ:
Ռազմագիտական կրթութիւն ունենալը պարտադիր չէ, մարդիկ հետեւելով իրադարձութեանց, դիտելով ներկայի զանազան պատերազմներու թատերաբեմերը, դերակատարները, կողմնակիցներն ու ընդդիմադիրները, կրնան բաներ մը հասկնալ անցած-դարձածէն, որ սառցալերան կը նմանի՝ ջուրի յատակը թաքնուած իր չերեւացող մասով:
Տասնամեակներէ ի վեր Արաբական աշխարհը կ՛երեւեփի, տեսնենք ե՞րբ պիտի խաղաղի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ