ԴՈԿՏ. ԱՒԵՏԻՍ ԵԱՓՈՒՃԵԱՆ, Սիդնի, Աւստրալիա, Յունիս 3, 2013
Կանգուն մնացած երիտասարդը (Երուանդ Պապայեանի ծննդեան դարադարձին առիթով)
Այո՛, Երուանդ Պապայեանը կը բոլորէ իր ծննդեան առաջին դարադարձը: Տարիները անցած են, սակայն, Երուանդ Պապայեանը մնացած է երիտասարդ: Մնացած է երիտասարդ ոչ միայն իր բազմահազար աշակերտներուն մատղաշ շունչովը, այլեւ իր կրթական-մտաւորական-հասարակական բեղուն գործունէութեան հարուստ արգասիքովը, որ կը մնայ իբրեւ յուշարձանը իր երկար տասնամեակներու վաստակին:
Երուանդ Պապայեանը քահանայի որդի է: Իր հայրըՙ երջանկայիշատակ Տէր Ներսէսը, եթէ Աստուծոյ պատգամը կը փոխանցէր իր հօտին, նոյնիսկ Մեծ եղեռնի մահաշունչ օրերուն, իր որդինՙ Երուանդ Պապայեանը, Մեսրոպ Մաշտոցի պատգամն է որ կը փոխանցէր իր հայրական հոգածութեան յանձնուած մատաղատի սերունդերուն իրարայաջորդ:
Արդարեւ, Լիբանանի քաղաքացիական դաժան պատերազմի ամենատաք օրերուն, իր հարազատները թողած կրակներու տակ, սրտին վրայ քար դրած, երբ հայ մարտիկները լիբանանահայութեան ապահովութիւնը կը պաշտպանէին, ընկեր Երուանդ Պապայեանը, ռումբերու ականջ խլացնող պայթիւններն ու կարկուտի նման տեղացող փամփուշտները արհամարհելով, կը շրջէր զանազան հայագաղութներ, իր անուշ լեզուով, իր համոզկեր խօսքով, իր անբասիր վարկով, իր աղէտեալ շրջապատին եւ լիբանանահայութեան կարիքներուն հասնելու համար հանգանակութիւններ կը կատարէր: Եւ առաւել քան խղճահարութենէ մղուած, իր անձնական հմայքով, իր համոզիչ փաստարկումներով առինքնած, ամէն ոք լայնօրէն կը բանար իր սիրտն ու գրպանը: Գործի մը յաջողութեան գրաւականն է իր մասնակցութիւնը անոր: Եւ ոչ միայն այսքան: Իր նոյն այդ անուշ եւ համոզկեր վերաբերումով, իր այնքան սիրելի Վահան Թէքէեան վարժարանին համար, որուն անունը անջնջելիօրէն իր անուան հետ առնչուած պիտի մնայ ընդմիշտ, կամ ալ Բարեգործականի վարժարաններու համար, շունչ հատցնելով, դրամահաւաք կը կատարէր կամ բարերարներ կը գտնէր, անոնց կառուցումը, գոյատեւումը եւ յանձանձնումը ապահովելով:
Եւ անոր անսպառ շունչը անխուսափելիօրէն իր բարենպաստ արդիւնքը կու տար տեւապէս: 1971 թուականին, Վահան Թէքէեան վարժարանին հիմնադրման 25 ամեակին եւ նոր շէնքին բացման առթիւ, ցնծութեան ինչպիսի օրեր կապրէր: Հոգին ինչպէս կը խայտար, որ իր հոգեհարազատները այլեւս պիտի ամփոփուին լուսաւոր ու շէն շէնքին մէջ, որուն վրայ հետագային ինկած ամէն մէկ ռումբ, որուն պատերը ծակծկող ամէն մէկ փամփուշտ վստահ ենք, նախ կանցնէր իր սրտէն: Ան այս վարժարանը հասցուց եւ պահեց մեծ բանաստեղծին անուան արժանի բարձրութեան:
Երուանդ Պապայեանը, իր մաքրամաքուր հօրՙ Ներսէս քհնյ. Պապայեանի նկարագրին բերումովն ալ, կը վայելէր Ալեք Մանուկեանի անվերապահ համակրանքն ու վստահութիւնը: Աննկուն կուսակցական, կուսակցութիւնը իրեն համար եղաւ իր հայրենիքին ու իր ժողովուրդին ծառայելու միջոց եւ ոչ թէ նպատակ: Երբեք չձգտեցաւ աթոռներու, թէեւ հասաւ ալ անոնց, բայց իրեն համար դաստիարակի, կրթական գործիչի տնօրէնի աթոռը մնաց բարձրագոյնը, ամենանուիրականը, եւ այդ ոգիով ալ դաստիարակեց սերունդները: Իրեն համար աթոռները ոչ թէ փառքի հասնելու միջոց են, այլ առաքելութիւն, եւ այդ պատճառաւ ալ հեռու մնաց անոնցմէ, զանոնք նկատելով իր դաստիարակի առաքելութեան խոչընդոտ:
Երուանդ Պապայեան, իր կրթական տիտանական առաքելութեան առընթեր, կը մշակէր նաեւ գրականութիւն մը մնայուն արժէքով եւ բարերար ազդեցութեամբը մեր հասարակութեանը վրայ: Ինչպէս որ ինք երախտագէտ որդին եղած է իր հօր, անոր յիշատակը անմահացնելով, իրենց կարգին, իր զաւակներն ալ երախտագէտՙ իր գործերը մէկը միւսին ետեւէն կը հրատարակեն, անոնց տալով լոյս աշխարհ գալու պատեհութիւնը: Վեջին տասնամեակներուն, հակառակ իր ծերունազարդ տարիքին, երիտասարդական աւիւնով ու խանդով, ան կը ստեղծագործէրՙ առանց յումպէտս վատնելու իր հանգստեան կոչելու արգասաբեր ու մտաւորականի յուռթի միտքը, որ բազում տասնամեակներէ ի վեր կը գործէ անխափան ու անդադրում: Դարադարձի յոբելեանական այս երջանկաբեր պատեհութեամբ կարելի չէ մոռնալ իր կեանքի ընկերուհինՙ տիկ. Ռոզինը, որ այն օրէն, երբ իր ճակատագիրը կապեց ազգային-հասարակական գործունէութեան իր կեանքը նուիրաբերած այս մարդուն, մեծատառ Մարդուն, կը բաժնէ անոր ուրախութիւններն ու յուսախաբութիւնները, անոր կեանքի բոլոր ելեւէջներուն ալ որպէս նեցուկ ապրելով, անոր հետ վայելելով անոր յաղթանակներուն պտուղները:
Վարձքդ կատար, կեանքդ երկար, սիրելի ընկեր Երուանդ Պապայեան: