Մաեստրո Սեպուհ Աբգարեանը 26 յունիսէն է վեր, գլխուն մէջ յառաջացած արեան կուտակումի մը որպէս հետեւանք, Նիկոսիոյ հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ դարմանումի կ՛ենթարկուէր: Վերջին շաբաթներու ընթացքին անոր առողջական վիճակը բարելաւում սկսած է արձանագրել դէպի աւելի կայուն իրավիճակ:
«ԳՈՀԱՐ»-համույթի համայն ընտանիքի ցանկութիւնն է տեղեկացնել իր երկրպագուներուն ու բարին կամեցողներուն, որ մաեստրո Աբգարեանի առողջութիւնը օրէ օր մեծ առաջընթաց կ՛արձանագրէ շնորհիւ զինք շրջապատող բժիշկներուն: Ներկայիս ան կը բոլորէ լիարժէք վերականգնումի շրջան մըՙ վերադառնալու համար իր կայտառ առողջութեան:
Մտահոգ մաեստրոյի առողջական վիճակի վատթարացումէն, բարի ապաքինման մաղթանքներու եւ սրտանց յուզական մեկնաբանութիւններու հոսք մը տեղադրուած էր «ԳՈՀԱՐ»-ի կայքէջին մէջ յատկապէս մելգոնեանցի ուսանողներու կողմէ: Անոնք երախտապարտ ոգիով շնորհակալութիւն կը յայտնէին իրենց ոգեշնչող ուսուցիչին, որ կոփած է զիրենք կրթադաստիարակչական ու մշակութային մարզին մէջ:
Ներկայիս, մաեստրոն արդէն վերադարձած է տուն ու կը բոլորէ հանգիստի շրջան մը: Պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ կը հետեւի վերականգնման դարմանումներուն եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք աշխարհի չորս ծագերէն բարին կամեցան իրենց հեռաձայնային կապերով, բացիկներ ուղարկելով եւ բարի ապաքինման մաղթանքներ յղելով «ԳՈՀԱՐ»-ի կայքէջին միջոցով թէ այլապէս: