Լրջօրէն կը տարակուսիմ, որ այսօր գտնուի նոյնիսկ մէկ գիտակից հայ մարդ, որ տեղեակ ըլլալով հանդերձ շրջափակուած Արցախի ժողովուրդէն արձակուող յուսահատութեան կանչերուն, ներքնապէս ենթարկուած չըլլայ յանցաւորութեան եւ անկարողութեան խոր զգացումներու:
Անկեղծօրէն անդրադառնանք, թէ մինչ մեր ազգը այս հանգրուանին կը դիմագրաւէ մեծ աղէտ մը, բոլորս գործնականին մէջ նստած ենք հանգիստ եւ որեւէ ձեւով մասնակից չենք որեւէ ազդու գործառնութեամբ օգնութեան հասնելու 120 000ի հասնող մեր Արցախցին, մանուկ, չափահաս, հիւանդ կամ տարեց եղբայրներուն եւ քոյրերուն, որոնք այսօր բացայայտօրէն ցեղասպանութեան եզրին են, իրենց պապենական հայրենիքին մէջ:
Այս ողբերգական կացութեան առջեւ, Արեւելքէն Արեւմուտք տարածուող քաղաքակիրթ կոչուած աշխարհը պարզապէս առաւելագոյնը, կը բաւարարուի մակերեսային յայտարարութիւններ եւ կոչեր արձակելով եւ կամ նոյնիսկ կազմակերպելով անհետեւանք այսպէս կոչուած բարձր մակարդակի հանդիպումներ, որոնց նկատմամբ ամբարտաւան եւ անխղճահար Ատրպէյճանը եւ Ալիեւը կը դրսեւորեն իրենց բացայայտ ծաղրական վերաբերմունքը:
Ալիեւը, ընդհակառակը, վրէժխնդրութեամբ մը՝ բացայայտօրէն ամբողջ ժողովուրդ մը դանդաղ սովամահութեան ծրագրով մը խեղդամահ ընելու վայրի ռազմավարութիւն մը կը գործադրէ, մինչեւ որ անոնք տեղի տան, ընդունին իրենց պարտութիւնը եւ յանձնուին , ենթարկուելու համար պատմականօրէն նախատեսելի ցեղասպանութեամբ ոչնչացման:
Աշխարհատարած, ներառեալ հայաստանաբնակ՝ սիրելի հայրենակիցներ, երբ դէմ յանդիման կը գտնուինք վերեւը ներկայացուած գոյութենական այն ողբերգութեան, որուն ենթարկուած է մեր ժողովուրդին թանկագին մէկ մասնիկը, քաջութիւնը ունենանք հետեւեալ անխուսափելի հարցը տալու մենք մեզի, ներառեալ Հայաստանի իշխանութեանց եւ աշխարհատարած Սփիւռքի հայերուս,եւ նոյն ժամանակ քաջութիւնը ունենանք պարկեշտօրէն պատասխանելու անոր.
Ցայսօր, արդեօք իսկապէս հաւաքա՞ծ ենք մեր բոլոր ուժերը եւ կարելիութիւնները շտապ օգնութեան հասնելու մեր ազգի զաւակներուն:
Ընդունինք, թէ այս աններող հարցման ամօթալի յստակ եւ արձագանգող պատասխանը մեծ ՈՉ մըն է :
Աւելի եւս շեշտելու համար ամօթալի այս պատասխանին խորութիւնը, թոյլ տուէք որ հարց տամ, թէ այսօր ունենալով հանդերձ մօտ ութ միլիոն բարեկեցիկ սփիւռքահայութիւն մը, որ կ ապրի հանգստաւէտ պայմաններու մէջ, եւ նաեւ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան անդամ՝ ազատ եւ անկախ Հայաստան մը, երբ մենք մեզի կը թոյլատրենք մնալ այս ամօթալի թմրած անհոգութեան վիճակին մէջ, ի՞նչպէս տակաւին կը համարձակինք այպանելու1915ի «քաղաքակիրթ աշխարհը» իր մատն իսկ շարժած չըլլալնուն համար փրկելու մեր նախնիները նոյն ոճրագործ Թուրք դահիճներու ճիրաններէն:
Հայրենակիցներ, ստիպողականօրէն այսօր պարտաւոր ենք հաւաքաբար ոտքի կանգնելու եւ մեր պատրաստակամութիւնը ցոյց տալու եւ հասնելու Արցախահայութեան օգնութեան:
Հոգ չէ թէ թող տակաւին տեղի ունենան Փաշինեաններու, Ալիեւներու, Շառլ Միշէլներու եւ այլոց «բարձր մակարդակի հանդիպումները, որոնք ո՛չ սնունդ եւ ո՛չ ալ դեղօրայք կը հայթայթեն սոված արցախցիներուն…
Նոր լսեցինք Պրիւքսէլի Յուլիս 15 ի վերջին անարդիւնք ժողովին մասին, եւ արդէն իսկ կը լսենք աշնան համար եւս միամտօրէն ծրագրուող Կրընատայի մէջ գումարուելիք ժողովի մը մասին…
Այս բոլորը այլեւս պէտք է նկատուին հայոց բարեմտութեան չարաշահումը:
Հաշուի առնելով մեր ժողովուրդին սպառնացող նոր ցեղասպանութեան մը ենթարկելու իսկական այս աղէտը, Սփիւռքի մէջ անհրաժեշտ է որ ստեղծենք համահայկական կառոյց մը՝ գլխաւորութեամբ պատմականօրէն ճանաչում ստացած բոլոր համազգային կազմակերպութիւններուն, որուն մէջ պէտք է տեղ տրուի բոլոր օրինական կառոյց ունեցող կազմակերպութիւններուն:
Անշուշտ թէ մեծ մարտահրաւէր մըն է այս նախաձեռնութիւնը, ուր պէտք է կարենանք հասունութիւն ցուցաբերել մէկդի դնելով մեր քաղաքական, յարանուանական, եկեղեցական կամ այլ բոլոր ներքին տարակարծութիւնները: Մեր բոլոր եկեղեցական կառոյցները. ՀԲԸՄիությունը, քաղաքական ու բարեսիրական կազմակերպութիւնները, Ամերիկայի Հայկական Համագումարը եւ այլ՝ նման կազմակերպութիւններ պէտք է մասնակից ըլլան այս գործօն հաւաքականութեան զոր կարելի է պարզապէս անուանել « Արցախի Փրկութեան Համաշխարհային Համահայկական Շարժում»:
Իրազեկ ենք անշուշտ, եւ յատկապէս ես անձնապէս կը գիտակցիմ այն մեծ դժուարութիւններուն, զորս կրնայ դիմագրաւել այսպիսի նախաձեռնութիւն մը: Մարտահրաւէրը այդ բոլորը յաղթահարելու կամ շրջանցելուն մէջն է, նկատի ունենալով աղէտին մեծութիւնը:
Թէեւ ոչ միակը, սակայն գլխաւոր նպատակը այս շարժումին պարտի ըլլալ հայաշատ բոլոր երկրներուն մէջ ստեղծումը միջազգային տեղեկատուութեան այնպիսի ուժգնութեամբ ալիքի մը, որ Ազերի ցեղասպանական ոճրային շարժումներուն լրատուութիւնը, Ուքրանական աղէտին լուրերուն հետ համեմատելի սկսի դառնալ: Պէտք է մանաւանդ լրատուութեանց բառապաշարէն ամբողջովին ջնջել շարունակաբար Արցախահայութիւնը որպէս Ատրպէյճանը բաժանման առաջնորդող «անջատողական խմբակ» ներկայացնելու ներկայ ձեւակերպումը, որ տարածուած է միջազգային մամուլին մէջ: Արցախի գոյութիւնը ոչ մէկ կերպով կ՛առնչուի Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութեան:
«Արցախի Փրկութեան Համաշխարհային Համահայկական Շարժումը» նոյնքան պահանջկոտ խստութեամբ պարտի Հայաստանի իշխանութիւններէն ակնկալել եւ պահանջել, որ անոնք, ստիպողական թափով եւ անմիջապէս ձեռնարկեն միջազգային գործողութեանց, պետութեանց մակարդակով: Առաջին հերթին պէտք է անմիջապէս եւ կրկնակի պահանջեն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդին միջամտութիւնը: Պէտք է պահանջեն, որ ՄԱԿ-ը միջազգային ռազմական կամ ոստիկանական միջամտութեամբ պարտադրէ Լաչինի (Բերձորի) միջանցքին անմիջական բացումը:
Սիրելի հայրենակիցներ եւ յատկապէս սփիւռքահայ մեր յայտնի կարեւոր կազմակերպութեանց ղեկավարներ, եկէք առանց ձգձգելու եւ կարճ ճամբով կապ հաստատենք եւ սկսինք այս անյետաձգելի աշխատանքը:
Ձեռնարկելով այս շարժումին՝ առաջին հերթին յոյս պիտի ներշնչենք Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Աւելի եւս կարեւորութեամբ պիտի նպաստենք միջազգային արդարութեան գործադրութեան, եւ մանաւանդ՝ պիտի առաջքը առնենք մարդկային ոճրային մեծ արարքի մը գործադրութեան:
Սիրելի հայրենակիցներ, ազգային մեծ աղէտի մը գործադրութեան սեմին է որ կը գտնուինք:Շատ պատճառաբանութիւններ կարելի է մէջբերել առաջարկուած այս նախաձեռնութեան արգելք հանդիսանալու համար: Անոնք բոլորը սակայն ամբողջովին կը նսեմանան, երբ նկատի առնենք մեր ազգին սպառնացող աղէտին ահաւորութիւնը:
Դոկտ. ԱՐՇԱՒԻՐ ԿԷՕՆՃԵԱՆ
Order of Canada շքանշանակիր