Յակոբ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ
Օրերս Նիւ Ճըրզիի Թէքէեան կեդրոնի մէջ առանձին ներկայացումով բեմ ելաւ արժանթինահայ տաղանդաւոր դերասան Գալուստ Ճանսըզեանը: Ան հիւրն էր, այդ երեկոյ, ԹՄՄ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբին:
Գալուստին թատերական վաստակը կու գայ Պէյրութէն, երբ ան գլխաւոր դերասաններէն էր եղած Լիբանանի Համազգայինի «Գասպար Իփեկեան» թատերախումբին, որուն բեմադրիչն էր թատերական ծանօթ գործիչ Ժորժ Սարգիսեան: Ան թատերական հիւրախաղերով այցելած է զանազան հայաշատ կեդրոններ` Միջին Արեւելք, Եւրոպա եւ Ամերիկաներ: Պուէնոս Այրէս այցելութեան հանդիպած է իր կեանքի ապագայ ընկերոջ` արժանթինահայ դարձեալ թատերական գործիչ Հերմինէին ու այնուհետեւ հոն ալ ընտանիք կազմած ու արդէն մօտ 40 տարիներէ ի վեր Արժանթին հաստատուած:
Հարաւային Ամերիկայի մէջ ազգային թատերական աւանդութիւնները վառ պահող գրեթէ միա՛կ դերասանն է Գալուստ Ճանսըզեան: Մայրաքաղաքի հայկական թաղամասին մէջ ունի իր սրահը «Թատրոն» անունով, թէեւ փոքր իր տարածութեամբ, սակայն լեցուն իր հայկականութեամբ եւ մնայուն գործածութեամբ, ուր կը ներկայացուին հայկական եւ օտար հեղինակներու գործերը: Թատերախումբին բեմադրիչը Հերմինէն է:
«Չգիտցայ, թէ ինչպէս» ներկայացումով ան կը ներկայացնէ ազգային մեր կեանքը հայրենիքի թէ սփիւռքի տարածքին վրայ սփռուող: Այս ամէնը կու տայ իր հին ու չսպիացող վէրքերովն ու նոր մարտահրաւէրներով: Անշուշտ մեծագոյն ցաւը, որ կը ներկայացնէ այս սրտցաւ թատերական գործիչը, մեր լեզուին յամրօրէն նահանջող այսօրուան տխուր պատկերն է: Այդ աւելի զգալի է հարաւամերիկեան հայկական համայնքներէն ներս: Անոր ցաւը հետզհետէ սկսած է զգացուիլ գրեթէ բոլոր գաղութներէ ներս:
Կը ցաւի նաեւ չհասկցուած յարաբերութիւններուն` հայրենաբնակ հայուն եւ սփիւռքահայուն միջեւ: Ոչ միայն լեզուական յարաբերութիւններու, այլեւ` հոգեմտաւորական արժէքներու գնահատումին ու հայրենասիրական զգացումներու եւ չափանիշերու: Ան կ՛երգէ ցաւը Էրզրումի հայոց լեռներէն եկող մեր ֆետայիներուն: Կ՛երգէ մեր երէկի յեղափոխականներու անձնազոհողութեան ոգին: Կը սգայ հայրենիքին կորուստին: Կը ջատագովէ հայութեան քաղաքական ուժերու միութիւնը, կ՛ուզէ տեսնել Եկեղեցին միացած: Մեր մշակոյթի արժէքներու տարածումը կը նկատէ անհրաժեշտութիւն: Մեր պատմութեան խորերէն եկած տխուր շղթաները կ՛ուզէ քանդել. Արտաւազդը` տակաւին շղթայակապ իր ձեռքերէն կ՛ուզէ ազատել, որպէսզի այլեւս դառնանք իրաւ անկախ ու հզօր ազգ մը` իր հզօր ու միակ հայրենիքով:
Ցեղասպանութեան դարադարձի նախօրէին լաւապէս հրամցուած մենակատարութիւն մը, ուր կան պատգամներ մեր մեծ գրողներէն Վարուժանէն, Թէքէեանէն, Սիամանթոյէն ու Շանթէն:
Վերջապէս Գալուստ կու լայ իր իսկ ցա՛ւը եւս … հոն` Ռիօ Փլաթա գետի ափին, իր մինակութեան մէջ ան կը խաղայ մեր 3000ամեայ թատրոնը, գէթ պահիկ մը եւս շարունակելու մեր այդ գեղեցիկ աւանդութիւնը` Հայ թատրոնը: