ՐԱՖՖԻ ՊԵՏԻԿԵԱՆ, 4 հոկտեմբեր 2015, bedikian2001@yahoo.de
Սեպտեմբեր 30-հոկտեմբեր 3 Գերմանիոյ գեղեցիկ Դրեզդեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ համաշխարհային բժշկագիտական համամագումարը Միջերկրականեան ընտանեկան ջերմութեան-տենդին նուիրուած, ծանօթ որպէս «Հայկական հիւանդութիւն» կամ «Երեւանեան տենդ» անուններով, մասնակցութեամբ ամբողջ աշխարհէն հարիւրաւոր բժիշկներու եւ գիտնականներու: Ամենամեծ պատուիրակութիւններն ունէին Իսրայէլը եւ Թուրքիան, իսկ Հայաստանը տասը հոգիով կը մասնակցէր: Սփիւռքէն ներկայ էին բժիշկ Վահագն Ադամեանը (Կիպրոս) եւ ես (Գերմանիա)ՙ որպէս մանկաբոյժ:
Կային նաեւ մասնակիցներ արաբական երկիրներէն, Յունաստանէն, Իտալիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, նաեւ Ճափոնէն ու Չինաստանէն:
Հայաստանի պատուիրակութիւնը ելոյթ ունեցաւ երկու նեղ մասնագիտական դասախօսութիւններովՙ
– Molecular modeling of complete tertiary structure of pyrin and influence of mutatiojns on it- Գրիգոր Առաքելով
– Pulmonary hypertension in famillial Mediterranean fever-consequence or coincidence- Աննա Սարգսեան եւ ներկայացուց երեք փոսթըրներ:
Մեր փափաքն է այս հարցով զբաղող բոլոր հայ բժիշկներու եւ հիւանդներու ցանց մը ստեղծել: