Տոքթ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ, Գերմանիա
Սբ. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ պրն. Պետրոս Շիրինօղլու մամուլին մէջ «Զգայացունց կոչ» մը հրապարակած է, որուն մէջ հրաժարելու կը հրաւիրէ Կոստանդնուպոլսոյ հայոց Եկեղեցական ժողովին կողմէ օրինաւորապէս ընտրուած պատրիարքական տեղապահ սրբազանը:
Անշուշտ թէ պրն. Շիրինօղլու, որպէս պոլսահայ համայնքի մէկ անդամ, իրաւունք ունի համայնքային հարցի մը վերաբերեալ իր տեսակէտը արտայայտելու, կոչ մը հրապարակելու եւ ընտրեալ տեղապահը հրաժարելու հրաւիրելու:
Պրն. Շիրինօղլուի հրապարակած կոչէն կը հասկնանք, թէ ան համոզուած է, որ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքութեան ընտրութեան գործընթացի մէջ Թուրքիոյ պետական իշխանութիւնները մինչեւ նոր պատրիարքի մը ընտրութիւն Արամ Աթեշեան սրբազանը կը ճանչնան որպէս պատրիարքի ընդհանուր փոխանորդ եւ անվաւեր կը նկատեն տեղապահի ընտրութիւնը: Այս հիման պրն. Պետրոս Շիրինօղլու «ցաւ յայտնելով հանդերձ», նորընտիր տեղապահը` Գարեգին արք. Պեքճեան սրբազանը կը հրաւիրէ «զոհողութիւն յանձն առնել եւ հրաժարիլ իր տեղապահի պաշտօնէն, որպէսզի համայնքի եւ պետութեան միջեւ հակասութիւններ չյառաջանան»:
Վստահ եմ, որ մենք բոլորս ալ, պոլսահայ համայնքի եւ ոչ մէկ անդամ, ոչ թէ միայն պրն. Շիրինօղլուն, երբեք չենք փափաքիր եւ չենք ալ ուզեր պետութեան հետ անօգտակար հակասութիւններ յառաջացնել, սակայն պէտք չէ Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւնները, հեղինակութիւնը, արժանապատւութիւնը ու համայնքի իրաւունքները անտես առնուին: Հետեւաբար հարցի լուծման համար, առանց համայնքի եւ պետական իշխանութեան միջեւ հակասութիւններու ծնունդ տալու, պէտք է այնպիսի լուծում մը գտնել, որպէսզի Պատրիարքական սուրբ աթոռը, Հայ եկեղեցին ու համայնքային կեանքը ալեկուծումներէ հեռու պահուին, Հայ եկեղեցւոյ հեղինակութիւնը չոտնահարուի եւ միանգամայն պատրիարքութեան ընտրութեան գործընթացը պետական իշխանութեան հետ ներդաշնակ աշխատութեամբ իր աւարտին հասնի: Այս բոլորին յաջողութեամբ պսակելու նախապայմաններն են` թափանցիկութիւն, անկեղծութիւն եւ երկխօսութիւն:
Այս հիման վրայ ընտրեալ տեղապահը հրաժարելու պրն. Շիրինօղլուի հրաւէր-կոչը ըստ իս իր անկողմնակալութիւնն ու անկեղծութիւնը կորսնցնելով տարօրինակ եւ անհասկնալի կը դառնայ:
Զարմանալի է, որ նոյն պրն. Շիրինօղլուն 9 տարիէ ի վեր Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի իր պաշտօնին մէջ լուրջ թերացումներ ունեցող, համայնքին մէջ պառակտումներ ստեղծող, պաշտօնը ի նպաստ իր անձնական շահերուն օգտագործող, Մեսրոպ պատրիարքը երկարատեւ հիւանդութեան պատճառով հանգստեան կոչելու եւ Պատրիարքական աթոռը թափուր հռչակելու որոշումը պատկան մարմիններուն պատշաճ ձեւով չտեղակացնող *), զանազան այլ թերացումներով Հայ եկեղեցիին վնաս պատճառող եւ նաեւ թրքահայ համայնքը այսօրուան նեղ կացութեան մատնող Արամ Աթեշեան սրբազանը Ընդհանուր փոխանորդի իր պաշտօնէն մինչեւ այսօր օր մը հրաժարելու չէ հրաւիրած: Արդեօք ինչո՞ւ:
*) Արդարեւ, այժմ պարզվում է, որ Մեսրոպ պատրիարք Մութաֆյանի վերաբերյալ բժշկական համապատասխան հանձնաժողովի եզրակացությունը, թե Սրբազանը ուղեղային վերջնական անգործության դատապարտված է, Արամ Աթեշյանը գաղտնի պահած է կրոնական ժողովի անդամներից եւ պոլսահայ համայնքի ղեկավարությունից, որպեսզի, անշուշտ, շարունակի իր միանձնյա ղեկավարումը: Խմբ.: