ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ, Փարիզ-Երեւան
Բոլոր անոնք, որոնք քաղաքականութեան կրկէսը կը մտնեն, բարիք կը գործեն իրենք իրենց անձին, շրջապատին եւ համայն մարդկութեան, եթէ աշակերտեն իրենցմէ առաջ այդ կրկէսէն անցած մարդոց:
Կ ըսեն, թէ գիտութիւնը կը գումարուի դարերու ընթացքին, պէտք է աւելցնելՙ բացի քաղաքական իմաստութենէն, որովհետեւ փորձը կը սկսի իւրաքանչիւր նոր փառասիրութեան հետ:
Եթէ գիտնայինք եւ գիտնան հեռու եւ մօտ աշխարհներու քաքականութեան կրկէսներուն մէջ խաղցողները, թէ ինչե՜ր ըսած են իրենց նախորդները, անմիջապէս կ ապաստանէին վանք մը կամ… իրենց ձեռք բերած տաչան…մի՛ հարցնէք ինչպէ՞ս…
Ֆրանսայի եւ քիչ մըն ալ աշխարհի պատմութեան ծանօթ դէմքերէն է Ժորժ Քլեմանսօ (1841-1920), որուն ժողովուրդը տուած էր ՎԱԳՐ եւ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՅՐ անուանումները: Եղած է անկախ քաղաքական գործիչ, նախարար եւ Առաջին աշխարհամարտի ընթացքինՙ վարչապետ: Այս մեծ մարդուն մտածումները այսօր կրնան իմաստութիւն ներշնչել բոլոր անոնց, որոնք քաղաքական փառասիրութիւններ ունին, որոնք դիրքերու տենչանք ունին, անոնց տիրացած են եւ կ ուզեն յաւերժանալ հոնՙ ուր կը գտնուին, խորհելով, որ առանց իրենց քաղաք, երկիր եւ մոլորակ անտէր կը մնան, աղէտի կը մատնուին:
Իր միտքերէն մէկը յաճախ յիշած եմ: Կ ըսէ. «Գերեզմանատուները լեցուն են անփոխարինելի մարդոցմով, որոնք բոլորն ալ փոխարինուած են»: Եթէ այս մասին մտածեն մեծերը եւ նուազ մեծերը, որոնք Լա Ֆոնթէնի առակի գորտին պէս կ ուզեն կով դառնալ, կ ուռին եւ կը պայթին, վնասելով նաեւ շրջապատին, թերես երկիրներ եւ աշխարհ նուազ ցաւերով եւ արիւնայեղութեամբ կ ապրէին: Կեանքը եւ ընկերութիւնը կը նմանին միշտ կեղտոտող եւ ինքզինք տեւաբար մաքրող ովկիանոսի:
Առաջին դարու իմաստասէր Սենեկա կ ըսէ, թէ «չարին դարման բնաւ չկայ, երբ երէկի մոլութիւնները դարձած են այսօրուան բարքերը»: Քաղաքական մեծ եւ պզտիկ փառասիրութիւնները, խտրութիւն չդնելով միջոցներու միջեւ, ապականած են սկզբունքով ժողովուրդին ծառայելու կոչուած քաղաքականութիւնը, դարձած մեր օրերու մոլութիւն եւ բարք: Այդ երեւոյթին է, որ ուրիշ բառերով կ անդրադառնայ Քլեմանսօ, Սենեկայէն տասնինը դար ետք: Կը մտածեն՞նք, որ քաղաքական կիրքը կը խաթարէ հոգիները եւ կ ապակայունացնէ ընկերութիւնները, քանի որ քաղաքականութեան սանդուխով բարձրանալու ընթացքին մեր առջեւը գտնուողը պէտք է վար ձգենք, այս կամ այն ձեւով սպանենք: Արդարեւ, Քլեմանսոյի երգիծանքը դառն է, եւ մարդիկ իրենց ականջները կը խցեն: Կ ըսէ. «Քաղաքականութեան մէջ կը յաջորդենք տխմարներու եւ կը փոխարինուինք անկարողներով»: Եւ անդադար կը փոխարինուինք եւ կը փոխարինենք: Եթէ այդպէս չըլլար կացութիւնը, հակամարտութիւններ եւ թշուառութիւն անհետացած պիտի ըլլային:
Աշխարհի մէջ ամէն օր կը բեմադրուին իրաւ, կեղծ եւ թատերական ժողովրդավարական ընտրութիւն-քուէարկութիւններ, մարդիկ յանկարծ կը զգան, որ կարեւոր են եւ ուրիշներէ նուազ կարեւոր չեն: Օր մը եթէ լսած ըլլային Քլեմանսոյի խօսքերը, դիմակները վար կ առնէին: Այս մասին Քլեմանսօ դիպուկ եւ այնքա՜ն ճշմարիտ խօսք ունի. «Երբեք այնքա՜ն սուտ չենք խօսիր, որքան ընտրութիւններէ առաջ, պատերազմի ընթացքին եւ որսէ ետք»: Խորանէն խօսող քահանան պիտի ըսէրՙ առակս ցուցանէ, ինչպէս միշտ, եթէ լսող ըլլայ:
Քաղաքական ղեկավարի աւագ պարտականութիւնը ծառայութիւնն է: Այս է սկզբունքը: Քլեմանսօ սահմանած է այդ աւագ պարտականութիւնը, որ կը մոռցուի մրցակցութիւններու, պայքարներու եւ կրկնուող-ծամծմուող անհատներու արտաբերած բառերու հեղեղին մէջ: Քլեմանսոյի քաղաքական իմաստութիւնը պարզ է եւ ժողովուրդին կողմէ այդ կ ակնկալուի: Կ ըսէ. «Կառավարութեան առաքելութիւնն է ընել այնպէս, որ լաւ քաղաքացիները հանգիստ ըլլան, եւ գէշերըՙ չըլլան»: Այս նոյնիսկ Օրէնքի Պետութիւն ունեցող երկիրներուն մէջ, ըսենք նաեւՙ մեր փոքրիկ երկրին, ուր կան կրակոցներ եւ բազմապատկուող վթարներ: Որպէսզի լաւերը հանգիստ ըլլան, չարիքները պէտք է կանխուին, կանխուէին:
Քաղաքական փառասիրութիւններ շոյող գործիչները թէ մտածէին, թէ որքա՜ն փուչիկ են անոնք, նուազ զիրար կը կոխկրտէին: Նոյն Քլեմանսօն կ՛ըսէ նաեւ, որ «նախարարութեան մը սանդուխները կը նմանին վայրի մը, ուր մարդիկ կը հասնին ուշ, հանդիպելով մարդոցՙ որոնք կանուխ կը մեկնին»: Այսինքն, գացողին եւ եկողին գործը պիտի ըլլայ անբաւարար, պիտի համարուի անբաւարար. պատմական փորձերը բազմաթիւ են:Պատերազմի ընթացքին առիւծ համարուած յաղթական Անգլիոյ վարչապետը չվերընտրուեցաւ… Եւ քաղաքական կեանքը կը շարունակուի, մին կ երթայ, միւսը կու գայ, բեմի վարագոյրը կ իջնէ եւ կը բաձրանայ, թատերախաղը կը շարունակուի, եւ ոչ ոք կ ընդունի, թէ սխալած է, սխալ գործած: Յաղթանակ կերտած Քլեմանսօ ամենայն պարզութեամբ կ ըսէ, որ «Ամէն մարդ կրնայ սխալներ գործել եւ զանոնք վերագրել ուրիշի. այդ կը նշանակէ քաղաքականութիւն ընել»: Մեծ բառերու ետին գտնուող մարդկային կատակերգութեան պզտիկ պատմութիւնը:
Քլեմանսօ չի մոռնար քաղաքական վարչամեքենային օղակները բանեցնող պետական պաշտօնեաները, որոնք կը մնան երբ ուրիշներ կ երթան, կու գան, նստած կ ըլլան օդին մէջ արձակուելիք (ejectable) աթոռներու վրայ: Անոնց համար կ ըսէ, թէ անոնք, «պետական պաշտօնեաները աշխարհի լաւագոյն ամուսիններն են. երբ երեկոյեան տուն կու գան յոգնած չեն ըլլար եւ թերթն ալ կարդացած»… Կը զարմանամ, որ Քլեմանսօ երգիծական գրականութիւն չէ փորձած:
Այս հարցերուն մասին չենք մտածեր, երբ երիտասարդ ենք, երիտասարդները չեն մտածեր, քանի որ, ինչպէս կ ըսէ մեծ գրող Վիրճինիա Վուլֆ, «Երբ շատ երիտասարդ ենք, անգիտութիւնը կը սնուցանէ յոյսը»:
Ոչ լաւատեսութիւն, ոչ յոռետեսութիւն: Պճեղ մը իրատեսութիւն պերճանք չէ, պէտք չէ ըլլայ:
Բայց այսպէս կ ընթանայ կեանքը, նաեւ հայկական կեանքը, թաղապետէն քաղաքապետ, ատենապետ, նախագահիկներ եւ տնօրէն, պետեր, պատգամաւոր եւ նախարար կամ նախագահ:
Թերեւս կեանքը առանց աղի ապուրի պիտի նմանէր, եթէ բեմին վրայ շորորային միայն առօրեականի անկնկալ չունեցող պատկերներու հերոսները…
Հայկական թաղամասի մը մէջ կամ եկեղեցիին շուրջ, կամ պետական իրարանցումի մէջ, միշտ պէտք է գիտնալ, թէ ո՞ւր է բեմը եւ ո՞ւր է կեանքը:
Փարիզ-Երեւան