Դիւան ՌԱԿ Գերագոյն խորհուրդի, Յուլիս 5, 2019
Ուրբաթ, յուլիս 5, 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը Պիքֆայայի Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ կաթողիկոսնիստ դահլիճին մէջ ընդունեց ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդի պատուիրակութիւնըՙ գլխաւորութեամբ ընկ. Հրաչ Գույումճեանի (ատենապետ): Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ընկերներ Յակոբ Վարդիվառեանը (փոխ ատենապետ), Արտաւազդ Մելքիսէթեանը եւ Երուանդ Ազատեանը:
Շուրջ երկու ժամուան խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուեցան բազմաթիւ հարցեր, որոնք կը յուզեն մեր ժողովուրդը Սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ:
Առաջին հերթին, գնահատութիւններ տրուեցան Արամ Ա. Հայրապետին կողմէ նախաձեռնուած Մամուլի համահայկական համագումարին մասին, որ տեղի ունեցաւ յուլիս 2-4, 2019-ին, Անթիլիասի մայրավանքին մէջ:
Նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ Սբ. Էջմիածնի եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեանց ներկայ յարաբերութեանց եւ անմիջական անցեալի պատմական իրադարձութեանց: Վեհափառը, ծանօթ ըլլալով ՌԱԿ-ի տեսակէտներուն, բացարձակ անկեղծութեան պայմաններու ներքեւ տուաւ լուսաբանութիւններ, գնահատելով նոյն ատեն սրտցաւ քննարկումներու իրաւունքն ու սատարը:
Լուսարձակի տակ առնուեցան Մայր հայրենիքի մէջ եկեղեցի-ժողովուրդ եւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւնները: Նկատի առնուեցան կարգ մը մտահոգիչ զարգացումներ, որոնց շուրջ նախատեսութիւններ եղան եկեղեցական վերին իշխանութեանց ու քաղաքական կազմակերպութեանց դերին մասին:
Վեհափառը իր գնահատանքը յայտնեց ՌԱԿ-ի Գերագոյն Խորհուրդինՙ հանդիպումը կայացնելու նախաձեռնութեան համար, իսկ պատուիրակութեան անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին Մամուլի համագումարին մասնակցելու ՌԱԿ մամուլին տրուած հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ հանդիպման հնարաւորութեան, բովանդակութեան եւ ամբողջովին դրական մթնոլորտին համար: