Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան նախօրեակին եւ պատրիարքի ընտրութենէն ետք ալ «Ընտրապայքար, մրցակցութիւն» եւ ասոնց նման բառեր լսեցի ու սկսայ մտածել…
Բայց նախՙ մանրապատում մը.
Թերաճներու դպրոցի ամավերջի հանդիսութեան ընթացքին տասը մանկահասակ տղաք ու աղջիկներ վազքի մրցումի մը կը մասնակցին: Երբ ազդանշանը կը տրուի, բոլորը կը սկսին յառաջանալ դէպի նշուած կէտը, երբ յանկարծ աղջնակ մը կը սահի ու կ՛իյնայ. Մնացեալները իրենց վազքը շարունակելու փոխարէն կանգ կ՛առնեն, կը վերադառնան, աղջնակը գետնէն կը բարձրացնեն ու բոլորը ձեռք-ձեռքի, միասին կ՛ուղղուին դէպի աւարտական կէտ:
Քանի անգամ այս մանրապատումը ներկայացուցած եմ աշակերտներուս եւ հարցուցածՙ «Եթէ անոնք թերաճ չըլլային, ինչպէ՞ս պիտի վարուէին:», բոլորին պատասխանն ալ նոյնն էրՙ «Պիտի ձգէին աղջնակը գետին եւ պիտի շարունակէին մրցիլ, որպէսզի առաջնութիւնը շահին…»:
Պայքա՛ր, մրցապայքա՛ր: Փոքրեր թէ մեծահասակներ, յատկապէս մեծահասակներ, որոնք ամէնօրեայ պայքարի մէջ են ՏԵ՛Ղ հասնելու համար: Այդ «տե՛ղ»ը կրնայ ըլլալ յանուն կենսական մակարդակի բարելաւման, մարզական բաժակի մը տիրանալուն, հիմարկի մը տնօրէնի, միութեան մը ատենապետի, պետական բարձրագոյն աթոռի մը նուաճումին սիրոյն եւ այլն:
Կեանքի մէջ միշտ ալ պայքար կայ յանուն գոյատեւման. անոր համար ալ ստեղծուած է «գոյապայքար» բառը: Սակայն կայ ազնիւ պայքար եւ կայ անազնիւ պայքար: Ազնիւըՙ երբ լաւագոյնդ կ՛ընես աւելի լաւ կեանքի մը ու նպատակի մը իրագործման համար, առանց ուրիշներուն վնասելու: Իսկ անազնիւ պայքարըՙ երբ վազքիդ ընթացքին, ուրիշ մրցակիցներ չէզոքացնելու սիրոյն ամէն միջոցի կը դիմեսՙ վատաբանութիւն, չարախօսութիւն, մատնութիւն, մրցակիցներու վազքը արգելակելու համար տեսակաւոր դաւեր ու խոչընդոտներու օգտագուրծում եւ նման բազմատեսակ անազնիւ, նոյնիսկ վտանգաւոր ու մահացու մեղքեր:
Թերաճները գերադասեցին իրենց ընկերուհիին օգնել, քան թէ մրցանակին տիրանալ: Անոնց ուղեղները թէեւ փոքր են, սակայն չեն «թունաւորուած» եսասիրական գոյապայքարի ախտով: Կեանքն է, որ կը պարտադրէ պայքարիլ յանուն լաւագոյնին, սակայն ոչ անազնիւ միջոցներով:
Հիմա վերադառնանք մեր առաջին տողերունՙ «ընտրապայքար, մրցակցութիւն»: Կամայ թէ ակամայ ընդունելով հանդերձ մրցակցութեան իրավիճակն ու կարեւորութիւնը յատկապէս ներկայ կեանքի մէջ, չեմ կրնար զարմանքս եւ զայրոյթս չարտայայտել եկեղեցականներու պարագային, կրօնական-եկեղեցական ոլորտին մէջ: Խօսքս ընդհանուր է, չի վերաբերիր միայն Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան, ուր բացորոշ թէ գաղտնի ինչե~ր ու ինչե~ր տեղի ունեցան ամիսներ շարունակ:
Ի՞նչ կը նշանակէ եկեղեցիի մը գլուխը ըլլալու համար պայքարիլ: «Վերջ ի վերջոյ այս ալ պաշտօն մըն է», պիտի ըսեն շատեր: Ո՛չ, պիտի ըսեմ ես, ասիկա պաշտօն չէ, ասիկա առաքելութիւն է նուիրապետական աթոռին ծառայելու, ոչ թէ նուիրապետական աթոռը գրաւելու եւ ցմահ վայելելու անոր անսահման բարիքները: Ով ուզէ ըլլայ, պապը, կաթողիկոսը, պատրիարքը, կամ ոեւէ կրօնական հեղինակութիւն. Մրցիլ յանուն աթոռ գրաւելո՞ւ… Անընդունելի է ինծի համար: Թող մրցին եկեղեցիին եւ ժողովուրդին լաւագոյնս ծառայելու: Ասոր համար ալ եկեղեցական գահեր կարեւոր չեն: Ես վստահ եմ, որ առանց եկեղեցական պաշտօնի կամ աթոռի, Մայր Թերեզայի վարկը Աստուծոյ մօտ աւելի բարձր էՙ քան այսօրուան շատ մը եկեղեցական հեղինակութիւններունը:
Երբեմն մարդիկ, երբ մօտէն իրազեկ կը դառնան որեւէ կրօնական ընտրապայքարի խոհանոցային անցուդարձերուն, այնքան մը յուսախաբ կ՛ըլլան, որ կը սկսին կռնակ դարձնել եկեղեցիին ալ, եկեղեցականներուն ալ: Մեր դարաւոր եկեղեցին մեր գոյատեւման ասպարը դարձած է, յատկապէս երբ անոր գլուխը եղած են առաքինի, անձնուրաց, նուիրեալ, ծառայասէր հովիւներ: Թող ընտրուին արժանիները, առանց կողմնակի հաշիւներու, որպէսզի ոչ միայն զինք ընտրողները գոհանան ու շահին, այլեւ ամբողջ ազգը: