Պատի՛ւ արժանաւորին
Ոտքդ հազիւ ներս կը դնես սենեակէն, քեզ ընդունող առաջին հիւրընկալը կ՛ըլլայ Պետրոս Ադամեանի կիսանդրին իր պատուանդանին վրայէն: Արձանը չի խօսիր, բայց տարօրինակ զգացում մը կը ներարկէ մէջդ վայրկենապէս, ու կը հասկնաս, որ սովորական սենեակ մը չէ քու դիմացդ իր դուռը բացողը. կը զգաս, որ եթէ ոչ եկեղեցի, բայց անպայման սրբատեղի մըն է, որուն պատերէն հոյլ մը թատրոնի «սուրբեր» իրենց նկարներէն կ՛ողջունեն քեզ: Մեռած են, բայց անմահացած, որովհետեւ տասնամեակներ շարունակ, առանց դոյզն իսկ ակնկալութեան ոտքի պահած են թատերական այս օճախը:
Հալէպ քաղաքի ՀԲԸՄ-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Պետրոս Ադամեանի անուան թատերախումբի նստավայրն է, թատերասենեակը, ժողովասենեակը, փորձասենեակը, հաւաքատեղին, որ կը կրէ երէց դերասան Յովհաննէս Սամուէլեանի անունը, եւ ուր կը պահպանուին թատերախումբին բոլոր արխիւներըՙ ալբոմներ, տեսաերիզներ, լուսանկարներ, յայտագիրներու հաւաքածոն եւ թատերական գրականութեամբ լեցուն գրադարանը:
Այս տարի թատերախումբը պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 60-ամեակը: 1961-2021… Անսակարկ նուիրումի, անխոնջ աշխատանքի ու աննկարագրելի զոհողութեանց շղթայի մը օղակներն են այս վաթսուն տարիները: Թէեւ ՀԵԸ-ի մէջ թատերական ձեռնարկներ եղած են անցեալին, սակայն թատերախումբի պաշտօնական ծնունդը կը համարուի 1961-ը, երբ ան մկրտուեցաւ մեծ դերասան Պհտրոս Ադամեանի անունով ու դարձաւ Ընկերակցութեան կարեւոր շարժումներէն մէկը, որ տասնամեակ մը ետք շատ աւելի կանոնաւոր յաճախականութեամբ բեմելներ կազմակերպեց, երբ Երեւանէն վկայեալ, արհեստավարէժ բեմադրիչ ունեցաւ, յանձին իր անդամներէն Գրիգոր Քելեշեանի , որ ամբողջ 15 տարի ղեկավարեց խումբը:
Թատերախումբին անցած ուղիին մասին խօսիլը ինքնին ամբողջ հաստափոր գիրք մը լեցնել կը նշանակէ, ինչ որ վերապահուած է այս տարի լոյս տեսնելիք յուշամատեանին, սակայն անկարելի է չխօսիլ սփիւռհահայ թատերական շարժումներուն մասին, եւ յատկապէս Ադամեան թատերախումբին մասին ու չթուել կարգ մը երեւոյթներ, որոնք անծանօթ կրնան ըլլալ հայրենի մեր ընթերցողներուն:
Ադամեան թատերախումբը վաթսուն տարիներու երկայնքին, հայրենի եւ օտար 58 հեղինակներու 95 թատերգութիւններու հատընտիր փունջ մը ներկայացուցած է թէ՛ հալեպահայ եւ թէ՛ այլ գաղութներու հանդիսատեսներուն, 616 ելոյթներով: Անցնող վեց տասնամեակներու ընթացքին 355 դերակատար-դերակատարուհիներ բեմ բարձրացած են: Շատեր անվերադարձ մեկնած, շատեր երկրէն հեռացած, որոշ թիւ մը Հայաստան հաստատուած ու շատեր ալ Հալէպ մնալովՙ դեռ կը շարունակեն գործել, թատերախումբին շարունակականութիւնը ապահովելով:
Թիւերը յիշելն ու անցնիլը դիւրին է, սակայն երբ կը ճանչնաս դերակատարներէն իւրաքանչիւրը եւ մասնաւորաբար 30-40-50 տարի անընդմիջաբար ծառայածներն ու թթխմորի պէս մնացողներն ու իրենց շուքին տակ անընդհատ նորեր հովանաւորողները, երբ կը յիշես իւրաքանչիւրին հետ կապուած բեմական ուրախ ու տխուր դէպքերը, չես կրնար երկու խօսք ըսել ու անցնիլ: Օրինակՙ ինչպէ՞ս չխոնարհիլ քանի մը դերակատար-դերակատարուհիներու առջեւ, որոնք ներկայացման օրը ընտանիքի մէջ մահ ունեցած են, կէսօրին թաղումէն վերադարձած ու գիշերը բեմ բարձրացած են: Ինչպէ՞ս չհամբուրես ճակատը այն տղոց ու աղջիկներուն, որոնք ներկայացման նախորդող օրերուն փորձերէն ետք տուն չեն գացած ու մնալով սրահին մէջ մինչեւ առաւօտ, բեմայարդարման, տարազներու եւ իրերու հետ կապուած գործերը գլուխ հանած են: Հապա ինչպէ՞ս գնահատել բոլոր անոնք, որոնք պատերազմի ռումբերու որոտին տակ փորձի եկած են եւ ուշ ժամերուն անլոյս փողոցներէ ու թաղերէ անցնելով, ձմռան ցուրտին ու ամրան տօթին տուն վերադարձած են:
Անսակարկ նուիրումի վառ օրինակ է թատերասենեակի անուանատէրը, որ Եզովբոսի ներկայացման նախօրեակին, դիմայարդար երիտասարդին կատակով առաջարկածին, անմիջապէս ենթարկուելով, յաջորդ օրը սրահ եկած է ամբողջ 25 տարի պահած իր փարթամ պեխերը ածիլած, դառնալով իր ոսկերիչ արհեստակիցներուն ծաղրանքի առարկան, սակայն քանի դիմայարդարը Եզովբոսը պատկերացուցած է առանց պեխերու, այլանդակ դէմքով, ինք ալ հնազանդած է թատրոնի սիրոյն: Դերասանական տաղանդը բաւարար չէ դերասանի մը մեծութիւնը բնորոշելու համար, այլՙ անոր նկարագիրը, քանի որ աննկարագիր դերասան մը, յատկապէս սիրողական թատերախումբերու մէջ, երբեք չի կրնար սիրուիլ իր բեմընկերներէն, եւ տուժողը կ՛ըլլայ թատրոնը:
Վերը յիշուած 355 դերակատարներէն ոչ մէկը ոչ մէկ նիւթական վարձատրութիւն ստացած է, երբե՛ք, գիտակցելով, որ Սփիւռքի մէջ հայկական մշակոյթը պահպանելը հայապահպանումին կը սատարէ, այնպէսՙ ինչպէս ազգագրական պարախումբերը, երգչախումբերը, նուագախումբերը եւ նման ձեռնարկներ: Անոնք ոչ միայն նիւթական վարձատրութիւն չեն ստացած, այլեւ յաճախ տոմսեր ալ գնած են իրենց հարազատները հրաւիրելու համար:
Ադամեանը ունեցած է ՀԵԸ-ի հովանաւրութեան տակ գործող թատերական իրերայաջորդ յանձնախումբեր նուիրեալ վարչականներու մասնակցութեամբ, ատենապետութեամբ Վահէ Սամուէլեանի , Գէորգ Ներսոյեան , Յակոբ Միքայէլեանի , Զատիկ Գուշեանի , բժ. Պետրոս Պոյաճեանի , Յովհաննես Գալմաճեանի , բժ. Մանուէլ Վարժապետեանի , Ներսէս Տաղլեանի , Վիգէն Պիթարի եւ բժ. Սմբատ Երէցեանի :
Գրիգոր Քելեշեանէն ետք, հրաւիրեալ բեմադրիչներ եղած են Մանուէլ Ճիճին , Յարութիւն Չննոզեանը , Վաչէ եւ Լանա Ատրունիները եւ Մանուէլ Քեշիշեանը : Որոշ բեմադրութիւններ կատարած են նաեւ Վահէ Սամուէլեանը , Յակոբ Միքայէլեանը եւ Սմբատ Երէցեանը : Թատերախումբի անձնակազմէն կարգ մե դերակատար- դերակատարուհիներ հրաւիրուած են ու մասնակցած Սուրիական արաբական թատրոնին, ֆիլմերուն եւ սերիալներուն, ինչպէս Գրիգոր Քելեշեանը , Անի Պասմաճեան , Հուրի Պասմաճեանը , Յակոբ Միքայէլեանը , Սմբատ Երէցեանը , Նուշիկ Միքայէլեանը , Ռաֆֆի Գալայճեանը :
Ադամեան թատերախումբը հայրենի բեմադրիչ-դերասաններու վկայութեամբ նկատուած է Սփիւռքի ամենամնայուն եւ ամենայաջող թատերախումբը, որուն հետ գործակցած են հայրենի մեծ արուեստագէտներ, ինչպէս Սօս Սարգսեան , Վարդուհի Վարդերեսեան , բեմադրիչներ Նիկոլա Ծատուրեան , Սամսոն Ստեփանեան , Արտաշէս Յովհաննիսեան , Արա Երնջակեան Նարինէ Մալեան , դերասանուհի Լալա Մնացականեան , թատերագէտ Լեւոն Մութաֆեան :
Հայրենի թատերագէտ Բախդիար Յովակիմեանի ջանքերով Ադամեան թատերախումբի կարեւոր արխիւ մը կազմուած է Երեւանի թատերական թանգարանին մէջ:
!991-ին Հայաստանի Թատերական միութեան այդ օրերու նախագահ Խորէն Աբրահամեանի հրաւէրով Ադամեան թատերախումբը Երեւանի եւ Վանաձորի մէջ ներկայացումներ տուած է, մասնակցելով Սփիւռքահայ թատրոնի փառատօնին, արժանանալով մրցանակի եւ «Դիբլոմ» վկայագրի, ստորագրութեամբ այդ օրերու մշակոյթի նախարար, հայրենի անուանի վիպագիր-թատերագիր Պերճ Զէյթունցեանի կողմէ: Բացի փառատօնի մասնակցութենէն, Ադամեանը երկու տարբեր անգամներ եւս ներկայացումներ տուած է Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ, արժանանալով հայրենի հանդիսատեսին սիրոյն եւ գնահատանքին:
Հալէպէն դուրս Թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է սուրիական զանազան քաղաքներու մէջՙ Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, Գամիշլի. առաւելՙ Լիբանանՙ Պէյրութի, Թրիփոլիի եւ Պուլկարիոյ կարգ մը քաղաքներուն մէջՙ Փլովտիւ, Պուրկազ, Եամպըլ:
Հայ մշակոյթին ծառայելու եւ հայապահպանման սատարելու իր նպատակէն չշեղելով թատերախումբը շարունակած է իր երթը տասնամեակներու ընթացքին: Ան եղած է առաջինը Սուրիոյ տարածքին, որ հիմը դրած է մանկապատանեկան թատրոնին (Նոյնիսկ Սուրիոյ մակարդակով, ինչպէս օրին վկայած է սուրիական արաբական թերթը) եւ կանոնաւորաբար ամէն տարի երկու թատերգութիւն բեմ բարձրացուցած է, որոնցմէ մէկըՙ մանկապատանեկան, որուն հանդիսատեսները եղած են հալէպահայ վարժարաննրու աշակերտները:
Թատերախումբը իր օգնութիւնը չէ զլացած հալէպահայ այլ թատերախումբերու, երբ խնդրանք ներկայացուած է, դիմայարդարման, բեմայարդարման եւ զգեստներ փոխ տալու:
Ադամեանը աւանդոյթ դարձուցած է իր դերակատարները պատուել յատուկ շքանշանով, անոնց 25, 40, 50 տարիներու ծառայութիւնը գնահատելով: Ցարդ ունեցած ենք 3 յիսնամեայ մետալակիր, 9 քառասնամեայ ոսկի մետալակիր եւ 31 քսանհինգամեայ արծաթ մետալակիր:
Այսօր հոյլ մը ադամեանականներ, որոնք սուրիական պատերազմին պատճառով Հայաստան հաստատուած են, ի մի գալով կազմած են երեւանաբնակ ադամեանականներու թատերախումբը, որ իր առաջին ելոյթները ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի կեդրոնին մէջ, մէյ մը Մարտ 27-ի թատրոնի օրուան առթիւՙ թատերական պատկերներ ներկայացնելով, , մէյ մըն ալ ինքնագիր երգիծական պատկերներ ներկայացնելով: Խումբը կը ծրագրէ թատերական մեծ գործի մը ձեռնարկել, եթէ պայմանները ներեն:
Ադամեանը կը շարունակէ իր յաղթական երթը, միշտ հաւատքով եւ անկոտրում կամքով: