Տոքթ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ, Երեւան, 14.8.2021
Պատուարժան խմբագրութիւն,
Մեծ ուրախութեամբ կարդացի յարգարժան պրն. Յակոբ Միքայելեանի հարցազրոյցը դոկտ. Յակոբ Չոլաքեանի հետ, որ լոյս տեսած էր «ԱԶԳ»ի 12.8.2021 թիւին մէջ:
Յ. Չոլաքեանի տարեկիցն եմ, մօտէն ծանօթ եմ իր գրական վաստակին ու միշտ բարձր գնահատած եմ իր գործերը:
Կ՛ուզեմ այս առիթով կիսել երկու Յակոբներուն մտահոգութիւնները, որոնք նաեւ իմն են:
Այո, բժիշկը, երկրաչափը, կղերականը, դերասանը, երգիչը, գրողը, գիտնականը, արուեստագէտը, դաստիարակը, դիւանագէտը, քաղաքական գործիչը, լրագրողը, նկարիչը, ուսեալ հողագործն ու բանուորը, բոլորը մտաւորականներ են, այնքան ժամանակ, որ կը մտածեն, կը ստեղծեն:
Այո, ձեզի հետ միասին, ըսած եմ ու կ՛ըսեմՙ բոլորը պէտք է ՀԱՄԵՐԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ձգտին:
Այո, հայոց լեզուն մէկ է, ժամանակի ընթացքին, գրաբարէն սկսեալ մինչեւ այսօր հայոց լեզուն կը մնայ մէկՙ իր զոյգ ճիւղերով, իր բարբառներով:
Հայաստանը լինելու է «Ի սկզբանէ էր Բանն, եւ Բանն էր առ Աստուած»: Հայաստանը Աստուծոյ հրաշքներէն մէկն է: