Վատիկանի Պապը առջի երեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ համաշխարհային երրորդ պատերազմը սկսած է… Իր նման կշիռ ունեցող մէկը չի կրնար, ի միջի այլոց, այսպիսի բան մը ըսած ըլլալ: Երբ ինք բան մը կը յայտարարէ, կը նշանակէ, որ երկար մտածած եւ ուսումնասիրած է եւ իր յայտարարութիւնը փամփուշտի նման է, մէյ մը որ արձակուեցաւ՝ ետ չի գար:
Ինք մեծ կրօնապէտ մըն է, սակայն նաեւ քաղաքակա՞ն անձնաւորութիւն է: Իր փոքրագոյն, սակայն անկախ պետութեան կարգավիճակ ունեցող երկրի մը, աւելի ճիշդ՝ կրօնական շրջանակի մը՝ Վատիկանի գլուխն է, ատո՞ր համար նաեւ քաղաքական հարցերով կը զբաղի, թէ՞ ի սկզբանէ, Վատիկանի կրօնապետերը, միշտ ալ քաղաքական այրեր եղած են եւ նոյնիսկ սքեմը հանած եւ սպառազինուած՝ պատերազմներու ալ մասնակցած են:
Կ՛ըսուի, թէ մեր երկրագունդը կը ղեկավարեն երեք թաքուն ոյժեր, կամ ոյժի կեդրոններ՝ Մեծն Բրիտանիոյ Էլիզապէթ թագուհին, Վատիկանի Պապը եւ Ռոքֆելլըր ընտանիքը:
Իրականութիւն մը կա՞յ այս ըսուածին մէջ, թէ՞ յերիւրածոյ բան մըն է, այլ վարկածներու նման, ինչպէս՝ ըսողներ կան, որ մեզ ղեկավարողները այլմոլորակայիններ են, կամ միջազգային Սիոնիզմն է, կամ մասոններն են եւ այլն: Եթէ առաջ գաղտնի էր, այսօր բացայատ է ամէն ինչ. աշխարհի բազմամարդութեան վիճակը լուծելու համար, մարդոց մէկ մասը բնաջնջելու ծրագիրներ կը մշակուին, որոնցմէ մէկն ալ քանի մը միլիոնի մահուան պատճառ դարձած COVID-19 վարակն էր: Նման համավարակներ եղած են նաեւ անցեալին եւ միլիոնաւոր կեանքեր խլած: Կամ վերջերս դարձեալ տարածուած լուրերը, թէ աշխարհի նոր համակարգ մը պիտի ստեղծուի, եւ նման բաներ: Ինչո՞ւ անդադար պատերազմներ կը հրահրուին, ինչո՞ւ կարելի չէ առանց կռիւի, հաշտ ու խաղաղ ապրիլ աշխարհի բարիքները իրարու մէջ հաւասար բաժնելով: Ինչո՞ւ խաղաղութեան կոչերը արձագանգ չեն գտներ: Ինչո՞ւ այսպէս մտածող մարդիկ եւ վարդապետութիւններ երկար չեն ապրիր:
Եթէ եղածը ըսի-ըսաւ է, ականջ կախելու չէ, սակայն եթէ իրականութիւն մը կայ, այն ատեն հարցին տարբեր ձեւով մօտենալու է: Եթէ իսկապէս դուրսէն կամ ներսէն որոշ ոյժերու կողմէ կը ղեկավարուինք, ուրեմն բոլոր պետութիւնները պարզապէս խաղալիքներ են անոնց ձեռքին: Իւրաքանչիւրին վարած քաղաքականութիւնն ալ ենթակայ է անոնց որոշումներուն եւ քմահաճոյքին: Իսկ ժողովուրդը՞… ժողովուրդը ի՞նչ ընելու է. չեմ ըսեր՝ ինչ կեցուածք ունենալու է, որովհետեւ այսպիսի ոյժերու դիմաց կեցուածք չես կրնար ունենալ, այլ հլու-հնազանդ կ՛ենթարկուիս: Ճիշդ ոչխարներու հօտի նման, դիմացը ինչ խոտ դնեն, պիտի ուտէ եւ գոյատեւէ:
Երբեմն անցուդարձերու առջեւ շուար կը մնանք, առանց հասկնալու եղածն ու ըլլալիքը, եւ մեր չհասկնալը պատճառ կ՛ըլլայ, որ ընդունինք գերագոյն ոյժի մը կամ ոյժերու գոյութիւնը եւ մեզի վիճակուած կեանքը ապրինք անտրտունջ:
Առեղծուածներով շրջապատուած ենք, ո՛չ գիտենք ինչպէ՞ս ստեղծուած է աշխարհն ու կեանքը, անշուշտ կրօնի դասագիրքերէն անդին, ո՛չ գիտենք աշխարհակործան աղէտներուն իսկական պատճառներն ու զանոնք չեզոքացնելու ձեւերը, ո՛չ գիտենք տարատեսակ հիւանդութիւններուն իսկական պատճառները ու զանոնք արմատախիլ ընելու վերջնական միջոցները: Դէպի անջրպետ կը թռչինք ու դեռ մեր անմիջական արեգակնային դրութենէն ոչ թէ դուրս չենք եկած, այլ անոր մէջն իսկ հազիւ Լուսնին ու Հրատին հասած ենք, երբ անդին միլիառաւոր աստղեր կան, որոնցմէ մի քանին դիտած ենք աստղադիտարաններէն ու անուններ տուած անոնց եւ ուրախացած:
Մէյ մը մտածեցէք այս բոլոր անծանօթ աստղերուն, հիւանդութիւններուն, աղէտներուն եւ այն գաղտնի մնացածներուն մասին ու զանոնք բաղդատեցէք այսօրուան մեր ճարտարագիտութեան նուաճումներուն հետ… Որքան բան չենք գիտեր… նոյնիսկ չենք գիտեր մեր գանկին մէջի սա ուղեղ կոչուածին աշխատանքին մասին, անոր տակաւին չպեղուած կարողութիւններուն մասին, երբ կ՛ըսուի, թէ մեր գիտցածը մեր ուղեղին հազիւ մէկ երրորդն է, կամ աւելի պակաս :
Համաշխարհային երրորդ պատերազմ… Մարդիկ ոչնչացնելու, մարդուն կերտածները կործանելու, մարդոց կեանքը դժոխքի վերածելու միջոց: Ու դեռ մարդիկ կը կռուին իսկապէս ոչինչի համար: Խելքի կու գա՞յ մարդկութիւնը, անծայրածիր անջրպետին մէջ, սա մեզի տրուած «աւազի հատիկը» պահելու պահպանելու համար: Թէ՞ հլու-հնազանդ կ՛աղօթէ ու կ՛երթայ անէացումի:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ