Վերջերս հաղորդուեցաւ, որ ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահպանութեան տեղամասերէն մէկուն մէջ հայ դիրքապահներու կողմէ 18 դեկտեմբերին ձերբակալուած են թշնամի Ազրպէյճանի բանակին պատկանող սահմանախախտ երկու զինծառայողներ։
Ի զարմանս մեզի (ո՛չ անպայման սակայն), երէկ «Արմենփրես» հաղորդեց, որ ըստ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան, 20 դեկտեմբերին «մարդասիրական նկատառումներով եւ Ռուսիոյ միջնորդութեամբ նշուած զինծառայողները վերադարձուեր են ազրպէյճանական կողմին»։
Իրաւապաշտպաններու հաշուարկով, շուրջ 50 հաստատուած եւ լրացուցիչ ալ 80 չհաստատուած գերիներ ունինք Ազրպէյճանի մօտ այսօր: Գերի ինկած մեր տղաքը տուն վերադարձնելու համար մեր թշնամին բնաւ չ’աճապարեր…: Այս թիւին վրայ պէտք է նաեւ աւելցնեն չյանձնուած եւ շատ յաճախ խոշտանգուած հայ զինուորներուն դիակներ…:
Մինչդեռ կը հաւատամ, որ Պաքուէն մեր տղոց տուն բերելու միակ արժանապատիւ ճանապարհը ամէն առիթով ազերի գերիներ վերցնելուն մէջ կը կայանայ, ըստ երեւոյթին մեր իշխանութիւնները ո՛չ միայն նոյն կերպով չեն մտածեր, այլ՝ կ՛աճապարեն իրենց ձեռքը ինկած գերիները շատ արագ եւ հաճոյքով վերադարձնել թշնամիին…:
Մեզի կը մնայ միայն յուսալ, որ, դարձեալ ըստ մեզի, պատմական մէկ թիւրիմացութեամբ մը մեր հայրենիքին ղեկավարութիւնը ձեռք ձգած սոյն անհասկնալի իշխանութիւնը ներողութիւն խնդրած չըլլայ թշնամիէն վերոյիշեալ գերիները վերցնելու խնդրով…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, Լիբանանի «ԶԱՐԹՕՆՔ» օրաթերթի, Գլխաւոր Խմբագիր