Վարկածներ կան, որ մեր այս երկրագունտը մեզմէ առաջ ուրիշ քաղաքակրթութեան մը թատերաբեմը եղած է: Այդ կը փաստեն Հարաւային Ամերիկայի որոշ քարայրներու մէջի որմնաքանդակները, որոնք հազարաւոր տարիներու հնութիւն ունին, ուր կ՛երեւին այսօրուան աստղանաւորդներուն նմանող մարդիկ, կամ պեղումներու ընթացքին գտածոներ, ինչպէս խոշորացոյց, մարտկոց, կամ տարօրինակ ունելիներ ու ձեռնոցներ (գտնուած Մեծամորի պեղումներուն ընթացքին), որոնք կ՛ենթադրուին որ գործածուած են հիւլէական փուռերու մէջ, կամ նոյնիսկ դրուագներ Աստուածաշունչէն, որոնց գիտական բացատրութիւնները լրիւ տարբեր են ներկայացուածէն, ինչպէս Տապանակի պատմութիւնը, ուր Աստուծոյ կողմէ մանրամասն տրուած են անոր չափերն ու օգտագործելի մետաղները (ոսկի, արծաթ, պղինձ…) եւ ատաղձը՝ փայտատեսակը: Կամ Եզեկիէլի երազը, որուն տեսածը, ըստ նկարագրութեան, ոչ այլ ինչ է, քան տիեզերանաւ մը: Կամ Երիքովի գրաւումը, ուր քահանաները փողեր փչելով պարիսպը կը քանդեն, այդ ալ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ անցեալ դարուն գտնուած քանդող եւ սպանող ստորձայնային ալիքներ եւ այլն: Հեռուները չերթանք, մեր «Վահագնի ծնունդը» բանաստեղծութեան մէջ նկարագրուածը դարձեալ տիեզերանաւի մասին է եւ «խարտիաշ պատանեկիկ»ն ալ՝ աստղանաւորդը:
Գիտնականներ չեն պնդեր, սակայն վարկած մը մէջտեղ կը նետեն, որպէսզի ուսումնասիրութիւններով եւ պրպտումներով կարելի ըլլայ հասնիլ ճշմարտութեան: Անոնք կ՛ըսեն, թէ միլիառաւոր աստղերու մէջ ինչո՞ւ չըլլան երկրին պայմանները ունեցողներ, ուր կեանք սկսած ու զարգացած ըլլայ, մերինէն շատ առաջ, եւ որոնք յաճախ մեզի այցելութեան կու գան իրենց տիեզերանաւերով, որոնք մենք ՉԹՕ (Չյատնաբերուած թռչող օպյեկտներ, UFO) կը կոչենք:
Ըստ վարկածին, կը կարծուի, որ մեզի նախորդող քաղաքակրթութիւնը բազմահազար տարիներու ընթացքին զարգացումի գագաթնակէտին հասած է ու յանկարծ չքացած Երկրի վրայէն: Թէ ինչո՞ւ, յայտնի չէ, սակայն այսօրուան քաղաքական վիճակը տեսնելով կարելի է պատկերացնել, քանի որ մեծ պետութիւնները հիւլէական զէնքերու այնպիսի կուտակումներ ունին, մասնաւորաբար ԱՄՆ եւ Ռուսիա, որոնք մեր մոլորակին նման տասնեակ մոլորակներ կրնան մէկ վայրկեանի մէջ փոշիացնել… Արդէն Ռուսիան յայտարարեց, որ եթէ վտանգ սպառնայ իր երկրին, պատրաստ է հիւլէական զէնք գործածելու:
Այս մէկը լուրջի առնելու է, մասնաւորաբար, որ օրինակ մը արձանագրուած է պատմութեան մէջ որպէս ամօթանք ԱՄՆ-ի նման մեծ պետութեան մը, որ 1945-ին առաջին աթոմական ռումբով հարուածեց ճափոնական Հիրոշիմա եւ Նակազաքի քաղաքները ու աննախադէպ մահ ու աւեր սփռեց:
Աստուած մի արասցէ, եթէ այդպիսի բան պատահի եւ հակամարտ երկիրներէն մէկը յուսահատօրէն կոճակը սեղմէ, կամ հիւլէական ռումբեր ունեցողները զիրար ռմբակոծեն, այս քաղաքակրթութեան վերջն ալ կու գայ եւ մարդկութիւնը ընդմիշտ կը չքանայ աշխարհի երեսէն:
Կը յիշէք, չէ՞, թէ ի՞նչ ըսած է Այնշթայնը, երբ իրեն հարց ուղղած են, թէ երրորդ աշխարհամարտին ի՞նչ զէնքեր պիտի գործածուին, ան ըսած է երրորդին չեմ գիտեր, բայց չորրորդին մարդիկ քարերով եւ գաւազաներով պիտի պատերազմին:
Այս բոլորը գիտեն մեծ երկիրներու ղեկավարները, սակայն անոնք ալ մարդ են եւ կրնան յարձակումներու ենթարկուիլ, բարկանալ, ջղայնանալ, վիրաւորուիլ, վրէժխնդիր ըլլալ եւ յուսահատական քայլերու դիմել:
Մեր դարու գիտական արշաւը այնքան արագ կ՛ընթանայ, որ իր բերած բարիքներուն կողքին լրջօրէն կը մտահոգէ մարդիկը, որոնք լաւ բան չեն ակնկալեր այս ընթացքէն:
Քանի որ վարկածները դեռ վերջնականօրէն չեն ճշդուած՝ շօշափելի փաստերու պակասէն, եւ որպէսզի ապագային ալ այսպիսի չարիքներու չհանդիպին մեզմէ վերջ եկողները, անցեալ դարուն աշխարհի վրայ եղած բոլոր երեւոյթները միքրոֆիլմերու վրայ արձանագրեցին եւ գետնին տակ թաղեցին, որպէսզի գալիքներն ալ երբ պեղումներ կատարեն, չանճրկին մեզի պէս եւ գտնելով այդ միքրոֆիլմերը՝ յստակ պատկերացում ունենան զիրենք նախորդած քաղաքակրթութեան նուաճումներուն մասին: Կ՛ըսոուի նաեւ, որ ԱՄՆ եւ Ռուսիա գիտեն իրականութիւնը, բայց գաղտնի կը պահեն, վախնալով, որ երբ բացայայտնուի, ամբողջ աշխարհը իրար կ՛անցնի ու անկարելի կ՛ըլլայ մարդոց զայրոյթը զսպելը:
Եւ մի տանիր զմեզ ի փորձութիւն:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ