Ամանորը նախորդող գիշերը կրկնակի սքանտալային էր իմ համար, երբ ՀՀ Հանրային Հեռուստաընկերութեան (Հ1) իշխանամէտ տնօրէնութեան կողմէ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին աւանդական ուղերձը չսփռելու որոշումին յաջորդեց ՀՀ Վարչապետին Ամանորեայ ուղերձին պաշտօնական սփռումը:
Առանց շատ խորանալու նշեալ ուղերձին «հետաքրքրական» մանրամասնութեանց մէջ, այսօր կ՛ուզեմ անդրադառնալ, անոր բովանդակութեան մէջ լայն տեղ գրաւած յատկանշական երեւոյթին՝ Հարկ վճարելու գաղափարին կամ զայն վճարողի փառաբանութեանը…:
Արդարեւ, ընդամէնը նուազ քան 9 վայրկեան (րոպէ) տեւած ելոյթի մը մէջ 7 անգամ հարկ բառին օգտագործումն ու անոր մասին այդքան շեշտուած անդրադարձը, ուշադրութիւնս գրաւեց:
Հետաքրքրական է, որ ինչո՞ւ երկրի մը ղեկավարին Ամանորեայ ուղերձի մը բովանդակութիւնը սեւեռուն կերպով շեշտը դրած պէտք է ըլլայ հարկ վճարելն ու վճարողը փառաբանելուն վրայ: Այս բանը արդեօ՞ք տուեալ անձի մը ազնիւ նկարագրին արդիւնքն է, թէ «քաղաքացին շահագործող» նախկինները միշտ եւ ընդմիշտ մեղադրող ու ամբաստանող, ընտրուելու պարագային քաղաքացիին կեանքն ու աշխատանքը չշահագործելու՝ ժողովրդայնական (populist) սին խոստումներով իշխանութեան հասած անձի մը յետագայ հակասական պահուածքին չքմեղանքն է: Նշեալ ուղերձին մէջ ուշագրաւ երեւոյթին տուն տուած պատճառը, տուեալ անձին բարեմտութեան չափանի՞շն է, թէ «Ապագայ կայ Ապագայ» լոզունգի տեսաբանին թաքուն նախապատրաստութիւնը, այդ ապագային մէջ քաղաքացիին յաւելեալ հարկերով ծանրաբեռնելուն դիմաց վերջինին ցասումը կանխելու հոգեբանական միջոց…:
Մինչ 2024 տարին պիտի հաստատէ կամ բացայայտէ վերոյիշեալները, հիմնուելով պարոն Փաշինեանին «օրէնքով նախատեսուած հարկերը վճարող մարդիկ արժանի են գովասանքի ու շնորհակալութեան» խօսքին վրայ, ինծի կը մնայ յուշել ՀՀ իշխանութիւններուն, որ ինքզինք յարգող պետութիւններուն մէջ հարկ վճարել կամ չվճարելը խնդրոյ առարկայ քաղաքացիներուն կամքին թողուած կամ ընտրովի բան չէ, ուր պատկան մարմինները, կարիքը չեն զգար հարկ վճարելը նմանօրինակ մաշտաբով գովելու, այլ՝ հարկ չվճարողին պարզապէս… բանտ կ՛առաջնորդեն:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Զարթոնք», Լիբանան