Սէուտական Արաբիան Պիտի Յաջողի՞ Իր Անցեալի Ազդեցութիւնը Վերականգնել Լիբանանի Մէջ. «Զարթոնք»

Երկար տարիներէ ետք առաջին անգամ ըլլալով Սէուտցի նախարարը Պաապտայի նախագահական պալատ այցելած է։
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանը ժամանելով Լիբանան հանդիպում մը ունեցած է հանրապետութեան նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ:
Նախարարը յայտնած է, թէ. Նախագահ Աունի եւ նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի` կայունութեան հաստատման կարողութեան նկատմամբ իր երկիրը վստահութիւն ունի:
Պըն Ֆարհան աւելի ուշ հանդիպած է վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ եւս:
Սէուտական Արաբիոյ Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ այցելած է նշանակեալ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի շնորհաւորելով եւ նեցակցութիւն յայտնելով իրեն:
Շատ մը դիտորդներ, նախարարին այցը կը դիտեն որպէս Լիբանանը իր արաբական բնական շրջապատ վերադարձնելու ճիգ:
Սակայն ի տես շիա համայնքը ներկայացնող զոյգ կուսակցութիւններուն յամառ դիրքին, Սէուտական Արաբիան պիտի յաջողի՞ իր անցեալի ազդեցութիւնը վերականգնել Լիբանանի մէջ, թէ պիտի յայտնուի իր շրջանային մրցակիցներուն պատնէշին դիմաց:
«Զարթոնք», Լիբանան
