ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԱԶԵՐԻԱԿԱՆ ԱՆԱՐԳ ՅԱՐՁԱԿՄԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԱԾ
Վերջին օրերուն թրքական եւ ազերիական շրջանակներէ արձակուած ռազմաշունչ սպառնալիքները գործնական նախայարձակման յանգեցան Սեպտեմբեր 27ի առաւօտեան, երբ Ատրպէյճանի բանակը, խախտելով հրադադարի պայմանագիրը, զանգուածային յարձակում գործեց Արցախի սահմանի շփման կէտերով: Հակառակ հայկական ոյժերու ուժեղ հակահարուածին, բազմաթիւ զոհեր կան եւ աւելի մեծ վիրաւորներ: Ամբողջ Հայաստանը զօրակոչի ներքեւ է եւ յայտարարուած է արտակարգ դրութիւն: Կազմուելու վրայ են կամաւորական գունդեր: Հայրենիքը վտանգի տակ է:
Արդ, ՌԱԿ Գերագոյն Խորհուրդը կը դատապարտէ Ատրպէյճան նախայարձակումը եւ, յանուն սփիւռքի, իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայրենի ժողովուրդին:
Հայաստանի զօրակոչը պէտք է ի զօրու նկատել նաեւ համայն սփիւռքի համար՝ քաջալերելով կամաւորական շարժումը, սատարելով վիրաւորեալներուն եւ բոլոր միջոցներով պաշտպան կանգնելով Հայաստանի եւ Արցախի հայ ժողովուրդին:
Սփիւռքահայութեան զօրակոչին պէտք է մաս կազմեն նաեւ զանգուածային ցոյցերը ատրպէյճանական եւ թուրքական պաշտօնական ներկայացուցչական հաստատութիւններու դիմաց, լրատու միջոցներով կացութիւնը լուսաբանելու համաշխարհային հանրային կարծիքին մօտ, ինչպէս նաեւ զօրաշարժի ենթարկել հայոց բարեկամ քաղաքական գործիչներ ու պետական դէմքեր:
Հայրենակիցնե՛ր, հայրենիքը վտանգի տակ է եւ զօրաշարժը պէտք է ծաւալի մինչեւ աշխարհի ամէնէն հեռաւոր անկիւնները: Հայաստանի եւ Արցախի զինեալ ոյժերու կողքին պէտք է զօրաշարժի ենթարկենք ամբողջ հայութիւնը:
Մեր պետութեան, դիւանագիտական ներկայացուցիչներու – մամուլի եւ սփիւռքի բոլոր կառոյցներուն պարտքն է համայն աշխարհին ահազանգել որ ցեղասպան Թուրքիան, իր եղբայր Ատրպէյճանի միջոցաւ, կը ծրագրէ ամբողջացնել մէկ դար առաջ սկսած հայութեան բնաջնջման իր արիւնալի ծրագիրը:
Վերջապէս ունեցանք անկախ Հայաստան եւ ազատ Արցախ: Թոյլ չենք տար որ այս անգամ եւս մեր ժողովուրդի կեանքը արիւնոտի եւ մեր երկիրը զոհ երթայ թուրք-ազերիական սադրանքներուն:
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Պոստոն, Սեպտեմբեր 27, 2020