Տարածաշրջանի իրավիճակի տագնապալից այս օրերուն այսպիսի նիւթի մը անդրադառնալս պարզապէս անփոյթ վերաբերմունք պիտի որակեն ոմանք: Տարածաշրջանը ամբողջ ելեկտրականացած կը հետեւի Իսրայէլ-Կազա, Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմի լուրերուն, իսկ ես, ահա՛, կը գրեմ հայկական դպրոցի մը 70-ամեայ յոբելեանին մասին:
Արդարեւ, երկու շաբաթ առաջ Հալէպէն ետք Լոս Անճելոսի մէջ մեծ շուքով տօնուեցաւ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան – Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանի 70-ամեակը, կազմակերպութեամբ նոյն վարժարանի Գալիֆորնիոյ շրջանաւարտից միութեան:
Կարկինը լայն բացինք՝ Միջին Արեւելք (Կազա, Լիբանան) – ԱՄՆ . առաջիններէն մէկը՝ տարիէ մը իվեր կրակներու մէջ է, ուր մահ ըսուածը ամէնօրեայ ծիսակատարութեան սովորական երեւոյթ դարձած է, երկրորդը՝ ամիսէ մը աւելի է պատուհասուած քրոջ նման իր հացին լեղի խառնուած պատառները կուլ տալ կը ջանայ: Մինչ կշիռքի միւս նժարին Հալէպէն-Լոս Անճելօս նետուած յիշատակի կամուրջ մըն է, որուն վրայէն բազմահարիւր աշակերտներ քալած են՝ թեւատակ ուսումը զէնքի վերածելու աննկուն կամքով:
Դպրոցները ընդհանրապէս բարի յիշատակներ կը կտակեն իրենց աշակերտներուն, երբ վերջինները ընթացաւարտ կը դառնան ու կը սփռուին աշխարհով մէկ: Բախտաւոր պարագային, երբ գաղութի մը մէջ նոյն վարժարանէն շրջանաւարտներու թիւը բաւական մեծ կ՛ըլլայ, այն ատեն կը մտածուի շրջանաւարտից միութիւն մը կազմել եւ ձեւով մը վերապրիլ ու երկարել յիշատակներու այդ տարիները եւ, ինչու չէ, օգնութիւն ցուցաբերել տուեալ վարժարանին:
Ամէն տարի կրկնուող տօնական հաւաքոյթներէն տարբեր՝ այս տարուանը պատկառելի թիւ մըն էր՝ 70-ամեակ… Հայկական վարժարան մը եօթանասուն տարիներու յաղթական իր երթին գիտակից ու մասնակից, գուրգուրանքով վարուելու էր այս յոբելեանական թիւին հետ, որովհետեւ սփիւռքահայ ամէն վարժարանի չէ տրուած երկար տասնամեակներ ապրիլ:
Յետ Մեծ Եղեռնին, Սուրիոյ տարածքին բացուած աւելի քան 200 մեծ ու մանր, քաղաքային թէ գիւղական վարժարաններէն ցարդ կը գործեն միայն 15, թէ՞ 16 վարժարան: Պարզ է՝ թիւերուն աճն ու նուազումը համեմատական է համայնքի անդամներու թիւին հետ: Մեր բոլոր ազգային կառոյցներէն՝ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ,- ի պատիւ մեր ժողովուրդին,- ամենէն սրտամօտը դպրոցը եղած է միշտ:
Մեր վարժարանէն աւելի հիներն ալ եղած են Հալէպի մէջ, անոնց ալ յոբելեանները պատշաճօրէն տօնուած են. երանի՜ այս բարի աւանդոյթը շարունակուի:
Իր հողէն վտարանդի ժողովուրդի մը համար, օտար երկինքներու տակ ազգային դիմագիծն ու յատկապէս լեզուն պահելը պատերազմ մղելու պէս բան մըն է՝ ընդդէմ ձուլման վտանգին, եւ նուիրեալ ազգայիններ ըրին անկարելին՝ հիմնեցին դպրոցներ եւ սերունդները կապուած պահեցին իրենց ազգային պատմութեան, մշակոյթին ու լեզուին:
Ես կը գրեմ իմ դպրոցիս մասին, որովհետեւ որպէս նորընծայ պատանի մտայ անոր դռնէն ներս եւ որպէս երիտասարդ դուրս եկայ: Տարիներ ետք հոն ուսուցչական պաշտօն ալ զբաղեցուցի ու կարճ շրջան մըն ալ որպէս տնօրէն: Հետաքրքրական է, նոյն դպրոցին թէ՛ աշակերտը ըլլալ, թէ՛ ուսուցիչը եւ թէ՛ ալ տնօրէնը: Ես հպարտ եմ իմ դպրոցովս, ինչպէս որ դպրոցն ալ հպարտ կը դառնայ իր շրջանաւարտ իւրայատուկ աշակերտներով, յատկապէս երբ անոնք անուանի անձնաւորութիւններ կը դառնան:
Մեր վարժարանէն շրջանաւարտ եղած են այնպիսի աշակերտներ, որոնք միջազգային կարեւոր դէմքեր դարձած են իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ, երբեմն անոնց հռչակը տեղական, կամ համայնքային սահմանները կտրած է ու դարձած են հանրածանօթ անուններ գիտութեան, քաղաքականութեան, գրականութեան, արուեստներու եւ այլ ոլորտներու համբաւաւոր անձեր:
Լազար Նաճարեան-Գալուստ Կիւլպենկեան վարժարանը սուրիական պատերազմի վտանգալից տարիներուն իսկ ի գին մեծ զոհողութեանց շարունակած է իր սրբազան առաքելութիւնը՝ արժանանալով բոլորին սիրոյն եւ յարգանքին: Մաղթենք որ անոր երթը անարգել շարունակուի:
Վարձքը կատար Գալիֆորնիոյ շրջանաւարտից միութեան:
ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ