Անցեալ օր «JFK» ֆիլմը կը դիտէի երկրորդ կամ երրորդ անգամ ըլլալով. ԱՄՆ-ի նախագահ Քենետիի սպանութեան մասին էր, որուն գաղտնի ծալքերը ցարդ, այսինքն 1963-ի դէպքէն 58 տարի ետք, դեռ չեն յայտնաբերուած (իբր թէ): Ամիսը նոյեմբերն էր, օրըՙ ուրբաթՙ 22 . այսինքն ասկէ մի քանի օր առաջ էր տարելիցը: Թերեւս աշխարհի մէջ չէ պատահած ոճիր մը, ան ալ քաղաքական, որ այսքան երկար տարիներու քննութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ պահանջած ըլլայ, բուն ոճրագործը եւ անոր ետին կանգնողները յայտնաբերելու, եւ յոյս չկայ որ երբեւէ յայտնաբերուի եւ պաշտօնապէս յայտարարուի: Քաղաքական ոճիրները ընդհանրապէս նոյնանման ճակատագիր կ՛ունենան: (Լիբանանի նախկին վարչապետ Հարիրիի սպանութեան պատմութիւնն ալ նոյնը չեղա՞ւ):
Կարեւորն այն է, որ շարժանկարին մէջ ուշադրութիւնս կեդրոնացաւ վաւերական ֆիլմի մը պատառիկին վրայ, որ կը հաղորդուէր հեռատեսիլէն, ուր նախագահը ճառ կ՛արտասանէր: Հազիւ 15 երկվայրկեան տեւող այդ դրուագին մէջ Քենետին խաղաղութեան մասին խօսելով կ՛ըսէր. «Վերատեսութեան պէտք է ենթարկենք մեր յարաբերութիւնները Սովետական Միութեան հետ»:
Ճոն Քենետին իսկապէս կողմնակից ըլլալով խաղաղութեան, բաւական աշխատանք տարաւ ԱՄՆ-ի քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու նպատակով: Ֆիլմին բեմադրիչը յատուկ շեշտելով այս կէտը, յստակ կերպով կ՛ուզէր յուշել, թէ Քենետիի սպանութիւնը կապ ունի այս յայտարարութեան հետ:
1995-ին Իսրայէլի մէջ իսրէալացի հրեայի մը կողմէ սպաննուեցաւ Յիցհակ Ռապինը, Իսրայէլի վարչապետը, որ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատի հետ համաձայնութեան եզր մը գտնելու լուրջ աշխատանք տարած էր եւ որ պատրաստ էր 1967-ի պատերազմին Իսրայէլի կողմէ գրաւուած սուրիական տարածքներուն մեծ մասը վերադարձնել յանուն խաղաղութեան հաստատման երկու երկիրներուն միջեւ, վերջ տալու համար փոխադարձ թշնամանքին:
Ռապինն ալ խաղաղութեան զոհ գնաց:
Պաղեստինի անուանի ղեկավար Եասէր Արաֆաթն ալ ըսին բնական մահով կեանքէ չհեռացաւ, պաշտօնապէս չհրապարակուած տեղեկութիւնները կ՛ըսէին, թէ զինք թունաւորած էին: Ի՞նչ ըրած էր, Իսրայէլի հետ խաղաղութեան դաշինք կնքել կ՛ուզէր:
Եգիպտոսի նախագահ Անուար Սատադն ալ զոհ չգնա՞ց Իսրայէլի հետ հաշտութեան ու խաղաղութեան իր համարձակ քայլերուն համար:
Պատմութեան էջերը դարձնելով հաւանաբար շատ ուրիշ օրինակներ ալ կարելի է գտնել. կարեւորն այն է, որ միջպետական խաղաղութեանց թշնամիներ կան, որոնք կը նախընտրեն որ թշնամանքներուն եւ պատերազմներուն վերջ չդրուին: Բայց, ինչո՞ւ: Պատասխանը այնքան ալ դժուար չէՙ խաղաղութիւնը այդ մարդոց կամ կազմակերպութեանց, նոյնիսկ որոշ պետութեանց հաշուին չի գար, կը վնասէ անոնց շահերուն:
Որպէս իմաստութիւն, յաճախ մէջտեղ կը նետուի «Խաղաղութիւն ուզողը հարկ է որ պատրաստուի պատերազմի» ասոյթը, ուրե՞մն: Ու հաւատալով այս գաղափարին, երկիրներ իրենց բանակները անդադար արդիական զէնքերով ու զինամթերքով կ՛ամրապնդեն: Պահանջարկը այնքան շատ է, որ զէնք արտադրող երկիրները չեն հասցներ պատուէրները ժամանակին յանձնել յաճախորդներուն:
Որքան նմանութիւն կայ մեր նախակրթարանի դասագիրքերէն մէկուն մէջ զետեղուած գծանկարի մը, ուր էշը քալեցնելու համար հեծեալը գաւազանի մը ծայրը ամրացած թելէն ստեպղին մը կախած է, որուն հասնելու համար, էշը կը վազէ բերանը բացած: Պետութիւններուն ալ առջեւ խաղաղութեան ուրուական «ստեպղինը» կախած են ու անոնք կը վազեն անոր հասնելու համար, անդադար զինուելով:
Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակը, որ այսքան տարիներէ ի վեր կը յանձնուի յանուն խաղաղութեան աշխատանք տարած գործիչներուն, ցարդ ի՞նչ փոխեց խաղաղութեան գործին մէջ, կրամ մը իսկ օգուտ ունեցա՞ն այդ մրցանակներն ու մրցանակակիրները: Խօսքՙ շա՛տ, սակայն գործՙ դժբախտաբար չկայ եւ չի կրնար ալ ըլլալ, այնքան ատեն, որ պատերազմներէն աւելի շահութաբեր գործարք չկայ աշխարհի մէջ: