Զարմինէ Գալայճեան-Պօղոսեանը ճանչցած եմ Հալէպի ՀԲԸՄ-ի Լ.Ն.-Գ.Կ. վարժարանէն, երբ ան ինձմէ դասարան մը ցած էր: Այդ օրերէն արդէն կը փայլէր իր հայերէնի հանդէպ ունեցած սիրով ու դպրոցական գեղեցիկ շարադրութիւններով: Անկախ որեւէ յստակ պատճառէ, պատահած են աշակերտներ, որոնց մէջ հայերէնի սէրը իւրայատուկ փթթում մը ունեցած է այդ պատանեկան տարիքին, ուրՙ ոչ ժառանգականութիւնը դեր խաղացած է, ոչ ալ որեւէ երեւելի պատճառ: Հայերէն լեզուի ու գրականութեան դասապահերուն դասաւանդին կողմէ նետուած սերմերը յանկարծ գտած են զիրենք գրկաբաց ընդունող հողը, ուր ծլած են ու ծաղկած եւ դպրոցէն ետք ալ, անբաժան մնալով անկէ, շարունակած են ջրել ու խնամել այդ բոյսը, մինչեւ որ փարթամօրէն աճած է ան ու պտղաբերած եւ այդ պտուղներն ալ լիաբուռն բաշխուած թերթերու ու գիրքերու մէջ:
Այսպէս եղած է հայերէն լեզուին ուղեկցումը Զարմինէի կեանքի տարիներուն, իր հետ ճամբորդելով Ազէզէն Հալէպ, ապա Միացեալ Նահանգներ: Արդէն վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած իր առաջնեկ գիրքին ալ խորագիրը այդպէս էՙ «Ազէզէնՙ Ամերիկա» :
Զարմինէն երկար տարիներ, զանազան վայրերու, զանազան դպրոցներու մէջ եղած է հայերէնաւանդ ուսուցչուհի: Նիւ Եորք-Նիւ Ճըրզի ԹՄՄ-ի վարչութեան անդամ է, իսկ կողակիցըՙ Միսաք Պօղոսեանը Հալէպի «Ադամեան» թատերախումբի դերասաններէն եղած է, իմ բեմընկերս, որ ցարդ կը շարունակէ իր մասնակցութիւնը բերել Նիւ Եորքի ԹՄՄ-ի թատերախումբի ելոյթներուն: Գրականութեան եւ բեմարուեստի երկու երկրպագուներ կը շարունակեն իրենց շնորհքները ի սպաս դնել հայապահպանման կարեւոր գործին:
Զարմինէն երկար տարիներ եղած է նաեւ տնօրէնուհին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամենօրեայ վարժարանին (ՍՆԱՎ): Վարժարան մը, որուն մասին Զարմինէն դիմատետրի էջերուն այնքան գրած ու նկարներ զետեղած է, որքան նոյնը ըրած է իր հարազատ մօրՙ հանգ. Տիրամայր Զապէլին ու երջանկայիշատակ քահանայ եղբօր: Ուրեմն կրնաք պատկերացնել, թէ ինչ տեղ ունեցած է հայ վարժարանը իր սրտին ու մտքին մէջ:
Ազէզը, Հալէպէն հազիւ 40 քմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղաքաղաք մը, եղած է Թուրքիոյ սահմանակից: Արդարեւ, սահմանէն երեւցող Քիլիսը, որ իրենց պապենական ծննդավայրը կը նկատուի, հայաթափ ըլալով Ցեղասպանութեան օրերուն, անոր բնակիչները ապաստան գտած են Ազէզի մէջ, ուր հայ նոր գաղութ մը արմատացած է, ունենալով համայնքի մը գոյատեւումը ապահովող երեք ազդակներն ալՙ եկեղեցի, դպրոց, ակումբ:
Գիրքին պարունակութիւնը իր յօդուածներն են, մենագրութիւնները, գրախօսականները, խոհագրութիւններն ու հայ մամուլին ուղարկած թղթակցութիւնները: Թղթակցութիւններՙ որոնք մէկական գրական գործերու վերածուած են իր փայլուն հայերէնին շնորհիւ, իրավիճակները տեսնելու, խորհրդածելու եւ թուղթին յանցնելու իր իւրայատուկ կարողութեամբ:
Իր ապրած միջավայրի ակնառու գրողներու, գիտնականներու, թատրոնի մարդոց, կամ այլՙ գործարար ասպարէզներու մէջ փայլած մարդոց, ապաՙ հայրենիք այցելութեան ընթացքին հանդիպած, կամ Նիւ Եորք այցելած հայրենի անձնաւորութիւններու մասին անպայման էջեր յատկացուցած է ու հայ թերթերու ուղարկած: Զարմինէին աչքէն չէ վրիպած որեւէ կարեւոր երեւոյթ, իրադարձութիւն, որուն մասին գրելը պարտականութիւն սեպած է ու գրած այնքան գեղեցիկ ոճով ու կենդանի նկարագրութեամբ, որ ընթերցողը մասնակից կը դարձնէ երեւոյթին:
Զարմինէն արժանացած է ամերիկեան եւ հայկական շարք մը մրցանակներու եւ գնահատագրերու, իսկ 2014-ինՙ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ շքանշանին եւ սրբագիր կոնդակին:
440 էջանի գիրքը հրատարակուած է Հայաստանի Մանկավարժական համալսարանի Սփիւռք Գիտաուսումնական կեդրոնին կողմէ, խմբագրութեամբ Քնարիկ Աբրահամեանի: Գիրքին կողքը կը զարդարէ Արամ Հայկազի մէկ գեղանկարը, որ հեղինակը նուէր ստացած է մեծ գրողէն:
Սրտագին շնորհաւորութիւններ, նոր երկերու ակնկալիքով: