ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ, Պէյրութ, ՌԱԿ «Զարթօնք» թերթի խմբագիր
Աւարտեցան Հայաստանի Ազգային Ժողովի արտահերթ ընտրութիւնները: Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց ընտրութեան նախնական արդիւնքները, ըստ որոնցՙ իշխող կուսակցութիւնըՙ «Քաղաքացիական պայմանագիրը» ստացած է ձայներուն 53.92 %, Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքըՙ 21.04 %, Սերժ Սարգսեանի հովանաւորած «Պատիւ ունեմ»-ըՙ 5.23 %: Այս երեքն են, որ կը յաւակնին մուտք գործել խորհրդարան: Մինչ աւելի փոքր տոկոսներ ստացած մնացեալ մասնակիցները դուրս կը մնան նորընտիր խորհրդարանէն:
Ես կը հաւատամ, որ արդիւնքները անակնկալ էին, նոյնիսկ ընտրութիւնները կազմակերպող իշխանութեան համար, եւ իրենց իսկ ձեռք բերած արդիւնքըՙ իրենց լաւատեսութեան սահմաններէն շատ բարձր: Մինչդեռ նոյն արդիւնքները ուսանելի պէտք է ըլլան բոլորիս, նամանաւանդ ընդդիմութեան համար:
Նախ եկէք համաձայնինք, որ Փաշինեանը չէ, որ անպայմանօրէն յաղթեց: Այլՙ «նախկիններուն» կազմած անմիակամ դաշինքներն են որ պարտուեցան պարզ այն պատճառով, որ չէին կրցած շօշափել ընտրող զանգուածներուն բազկերակը եւ քայլ մը ետեւ մնալով յառաջ մղել աւելի չէզոք եւ անեղծ անցեալով ուժեր: Իշխանութեան ի նպաստ քուէարկողները անպայմանօրէն չքուէարկեցին յօգուտ այդ իշխանութեան, այլՙ անոնք, ինչպէս 2018-ին, այս անգամ եւս քուէարկեցին, ոչ անպայմանօրէն ի սէր Փաշինեանին, այլՙ պարտութեան մատնելու իրենց կողմէ մերժուած «նախկինները»:
Հայաստանի նման երկիրներու ընտրական գործընթացը առնչուած է եւ սերտօրէն կապակցուած է ամբոխներու հետ, որոնք զգացումներով է, որ կ՛առաջնորդուին եւ ոչ անպայման տրամաբանութեամբ: Հետեւաբար ակնկալելի էր, որ ամբոխը առաջնորդուի իր անմիջական վախերով եւ դառն կենսափորձովՙ քան ազգային կամ հայրենասիրական ոչ անպայմանօրէն շօշափելի սկզբունքներով:
Իշխանութեան ի նպաստ քուէարկողներուն կարեւոր մէկ մասը Հայաստանի տարբեր մարզերէն էին: Ինչո՞ւ, որովհետեւ «նախկիններուն» հանդէպ կեղեքումի եւ ընչազուրկ մնալու իրական թէ արհեստականօրէն հրահրուած անոնց վախը եկաւ գերակշռելու «դաւաճանը» կամ «ապիկարը» մերժելու կամ հայրենասիրութիւնն ու ազգայինը անձնական վախին վրայ գերակշռելու անհրաժեշտութեան: Հետեւաբար զարմանալի չէ, որ Սիւնիքի մէջ, որուն տարածքները կորսնցնելու վտանգին առջեւ կը գտնուինքՙ շնորհիւ ապիկար իշխանութեան, իշխանութիւնը կարեւոր թիւով ձայներ ստանայ: Սիւնեցին առաջնորդուեցաւ «նախկինններէն» զգացած իր անմիջական վախերով, որ եկաւ շրջանցելու հայրենիք հասկացողութեան հանդէպ իր վերացական շահախնդրութիւնը:
Մենք այս տրամաբանութեամբ կը գրենք միշտՙ զանց առնելով տակաւին չփաստուած կեղծիքի ազդակը, որ անշուշտ կրնայ նաեւ իր ազդեցութիւնը ունեցած ըլլալ ամբողջ արդիւնքին վրայ:
Պատահածը նաեւ արդիւնքն էր Նոյեմբեր 9-ի ամօթալի անձնատուութեան յաջորդող օրերուն ընդդիմութեան կողմէ սխալ հաշուարկուած եւ momentom-ը ափսոս այրելու ապիկարութեան: Այս մասին օրին շատ գրած ենքՙ խրատելով ընդդիմութեան դաշնակցական կողմին, որ մէկդի դնէ կուսակցական փրոփականտի իր հին եւ դդումի համ տուող սեւտան կամ աշխատելաոճը, որպէսզի վնաս չհասցնէ համազգային ընդվզումի շարժումի մը, որ կրնար ծնիլ այդ օրերուն եւ տապալել իշխող ապիկար եւ պարտուած իշխանութիւնը: Ափսոս սակայն:
Այսօր վերոնշեալ կուսակցութիւնը զարմանալու շատ պատճառներ չունի: Որովհետեւ ինքը Փաշինեանէն վար չի մնար հաւաքականութիւն մը ամբոխ պահելու իր քաղաքականութեան մէջ: Վկայՙ Սփիւռքի վերջին հարիւրամեայ պատմութիւնը: Սփիւռքը իր վերահսկողութեան տակ պահելու կարճատես գործելաոճով եթէ ան մեծապէս օգտուած էր մինչեւ օրս, այսօրՙ «կախարդութիւնը» շրջուեցաւ «կախարդին» վրայ եւ այլ տեղՙ այսինքն Հայաստանի մէջ ամբոխամտութիւնը իրեն հակառակ կողմին օգնեց: Հետեւաբար պարտութեան մատնուեցան այդ հին սակայն կարճատես ու ապագայ չունեցող դպրոցին «ռահվիրաներ»ը եւս…:
Հայաստանի մէջ միշտ կարելի էր ժողովուրդին կողմէ ընկալելի եւ սրտամօտիկՙ «ոչ հին. ոչ նոր»ՙ երրորդ կան առաջին ուժ մը ստեղծելՙ տապալելու Փաշինեան երեւոյթը: Այս բանին կրնային օգնել պետական փորձառութիւն ունեցող «նախկինները», եթէ անշահախնդիր գործելաոճ ունենային: Ընդհակառակը սակայն, անոնք փոխանակ ասպարէզը նոր ուժերու ձգելուՙ իրագործելու համար համընդհանուր նպատակակէտը, իրենք իրենց ձեռքերը սոթտած անձամբ իջան մէյտանՙ յօդս ցնդեցնելով իշխանափոխութիւն յաջողցնելու յոյսերը: Անոնք այդ փոքր սակայն ազնիւ ուժերը ամբաստանեցին որպէս ձայներ փոշիացնող եւ ի վերջոյ Փաշինեանին սատարող կուսակցութիւններ: Իրականութեան մէջ սակայն իրենք էին, որ փոշիացուցին եւ նսեմացուցին այդ ուժերը, որոնք ունէին հաւանականութիւնը փոփոխութիւն յառաջացնելու:
Խօսիմ մէկ պարզ օրինակով.
Ըստ Հայաստանի ընտրական օրէնսդրութեան, քարոզչութեան ֆինանսաւորման նախընտրական հիմնադրամ մը գոյութիւն ունի, որուն մէջ սահմանուած ժամկէտին ընտրութեան մասնակից կողմերը Կեդրոնական դրամատան մօտ պահ կը դնեն նախընտրական իրենց քարոզչութեան համար օգտագործելիք գումար մը:
Ըստ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի տուեալներուն, իշխանութիւնըՙ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, իր քարոզարշաւին համար տրամադրած է շուրջ 880 հազար ԱՄՆ տոլարի համազօր հայկական դրամ: Սերժ Սարգսեանի հովանաւորած «Պատիւ ունիմ» դաշինքըՙ շուրջ 535 հազար տոլար: Քոչարեանի «Հայաստան» դաշինքը իր ընտրական քարոզչութեան համար տրամադրած է շուրջ 473 հազար տոլար: Այս գումարները անշուշտ տեսանելիներն ու բացայայտուածներն են: Ընտրութեան արդիւնքով «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացաւ շուրջ 687 հազար ձայն, «Պատիւ ունիմ» դաշինքըՙ շուրջ 67 հազար ձայն, իսկ «Հայաստան» դաշինքըՙ շուրջ 268 հազար ձայն: Անդինՙ փոքր եւ նորաստեղծ, սակայն ազգային վեհ գաղափարախօսութեամբ եւ իր անդամներով անեղծ կուսակցութիւն մը, ինչպիսին է «Զարթօնք ազգային-քրիստոնէական կուսակցութիւնը», իր ընտրարշաւին համար կրցած էր տրամադրել միայն շուրջ 5 հազար տոլար եւ ստացած մօտ 5000 ձայն: Թուաբանութիւնը դուն ըրէ, սիրելի ընթերցող: Աւելի քիչ գումարի փոխարէն յարաբերաբար աւելի շատ թիւով իր մասին տեղեկացուած հանրութիւն կամ քարոզարշաւի արդիւնք: Ուրեմն տուեալ այդ փոքր կուսակցութիւնը կամ նմանօրինակ կուսակցութիւնները, եթէ ֆինանսական, հետեւաբար կազմակերպչական աւելի հնարաւորութիւններ ունենային, աւելի լաւ արդիւնքներու չէի՞ն հասներ…:
Եղածը եղած է այսօր եւ ունինք ինչ որ ունինք: Կը մնայ, որ իշխանութիւնը աւելի լաւ հասկնայ, թէ ընտրապայքարը աւարտած է եւ ինք դարձեալ իշխանութեան գլուխն է: Փորձէ սրբագրել իր նախկին սխալները: Հետեւաբար ըլլայ աւելի յաղթողի վեհ հոգեբանութեամբ եւ հանդուրժող ու բոլորը լրջութեամբ եւ անկեղծօրէն ընկալող: Ընդդիմութեան կը մնայ, վերջին 30 տարիներուն ամենաիրական ընդդիմութիւնը ունեցող նոր խորհրդարանին մէջ աշխատիլ այնպէս, որ քաղաքակիրթ եւ լիիրաւ կերպով օգտագործածէ խորհրդարանէն ներս ընդդիմութեան բեմը եւ հասանելիութիւնը:
Ամօթը կը մնայ սկզբունքով 52 տոկոս կազմող ընտրելու իրաւունք ունեցող այն լուռ զանգուածի ճակտին, որ նախընտրեց ընտրութեան օրը անտարբեր մնալ ու չկատարել իր քաղաքացիական պարտականութիւնը:
Ամօթ նաեւ սփիւռքի «հեռակայ հայրենասիրութեամբ» տոգորուած կազմակերպութիւններուն եւ կարողութիւնը ունեցող անհատներուն, որոնք իրենց ուժերն ու առաջնահերթութիւնները հայրենիք չտեղափոխեցին ու այնպէս ալ չսատարեցին այլընտրանքային ուժի մը ստեղծմանՙ հայրենիքը դուրս բերելու համար իր ներկայ իրավիճակէն:
Մինչեւ նոր… արտահերթ: