Հայ դպրոցը ամենազգայուն ջիղն է սփիւռքահայուն, – ըլլայ ան անուս թէ ուսանած, արհեստաւոր թէ մտաւորական, – որուն հասած որեւէ սլաք տակնուվրայ կ՛ընէ զինք ու ծայրայեղօրէն հակադարձելու եւ վրէժխնդիր ըլլալու կը մղէ:
Եթէ մեր պատմութեան էջերը վկայակոչենք, պիտի տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս յետեղեռնեան տարիներուն Սփիւռքի մէջ իրար ետեւէ դպրոցներ բացուեցան քիչ մը ամէն տեղ, ի մասնաւորի Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ: Ծնողազուրկ բազմահազար որբուկներ զիրենք պատսպառող երդիքներ ունենալու կողքին, ունեցան նաեւ դպրոցներ, երբեմն աղքատիկ, առանց գրասեղանի ու գրատախտակի, երբեմն աւելի բարւոք վիճակով, որոնց համար աղքատն ու հարուստը ինչով որ կրնային օժանդակելՙ չզլացան, որովհետեւ գիտէին կարեւորութիւնը ուսումին եւ թէ այդ որբերը ճակատագրի քմահաճոյքին ձգել կարելի չէր:
Այս ազգօգուտ առաքելութեան ռահվիրաները եղան երբեմն անհատ բարերարներ, սակայն գլխաւորները եղան հայկական կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ, բարեսիրական միութիւններ եւ եկեղեցական համայնքներ:
Ասոնց մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցաւ ՀԲԸՄ-ը, որուն շնորհիւ Սուրիոյ տարածքին, գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ տասնեակներով դպրոցներ բացուեցան:
Ոչ մէկը կրնայ ուրանալ այն կենսական առաքելութիւնը զոր իր վրայ վերցուցած էր Միութիւնը, շարունակելով ընթանալ հիմնադիրներու գծած ազգօգուտ ուղիէն:
Հարկ չկայ վերաքաղը ընելու ՀԲԸՄ-ի 114 տարիներու ազգանուէր գործունէութեան, որ կրնայ հատորներ լեցնել, ի հեճուկս «կարճատեսներու», նոյնիսկ «կոյրերու», որոնք յաճախ արժանին չգնահատելու կողքին, երբեմն ալ առիթ չեն փախցներ ստուերելու անոր անունն ու վաստակը:
Ըսի սկիզբէն, որ հայ դպրոցը շատ զգայուն ջիղ մըն է, եւ այդ ջիղը պրկուեցաւ, ցաւեցաւ ու մեծցաւ, մէյ մը երբ Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը փակուեցաւ, մէյ մըն ալ վերջերս, երբ Փասատենայի Մանուկեան-Տեմիրճեան դպրոցը փակելու որոշում առաւ ՀԲԸՄիութիւնը:
Երկու պարագաներն ալ ընդվզումի մղեցին ոչ միայն չկամները, այլեւ շարք մը միութենականներ ու Միութեան համակիրներ, որոնց համար հայ դպրոց փակելը դատապարտելի էր եւ նոյնիսկ հաւասարՙ դասալքութեան եւ, կարգ մը անհատներու ծայրայեղ որակաւորումովՙ «դաւաճանութեան»:
Մէկ օրէն միւսը Միութեան հսկայական բարեգործութիւններն ու ազգապահպան առաքելութիւնը մոռացութեան մատնուեցան որոշ մարդոց կողմէ, որոնք այսպիսի առիթի մը կը սպասէին:
Մենք յախուռն բնաւորութիւն ունինք, լուցկիի պէս անմիջապէս կը բռնկինք ու բանականութիւն ըսուածը կը ստուերուի: Միութիւնը իրաւունք ունի՞ դպրոց փակելու, համոզիչ բացատրութիւն ունի՞. անպայման ունի՛, սակայն ընդդիմադիրները չեն համոզուիր եւ իրենց դատապարտութիւնն ու բողոքը մաղձի կը վերածեն եւ նոյնիսկ չեն վարանիր Միութեան ղեկավարի անունին ալ թրքական պիտակ փակցնել ու դիմատետրի էջերուն վրայ զետեղել: Խաթարուած ուղեղներով մարդիկ կան, որոնք առիթի կը սպասեն իրենց հակակրանքի կապարճը պարպելու եւ հակատրամադրութիւններ ստեղծելու հարցին անծանօթ, միամիտ մարդոց մօտ:
Լիբանանի մէջ տասնեակ դպրոցներ փակուեցան, ո՞ւր էին այն ատեն այս «նախանձախնդիրները», թէ՞ՙ ինչ որ մէկուն յարիր է, միւսինՙ չէ:
Ծառուկեան կ՛ըսէր, թէ մեր «չափըՙ չափազանցութիւնն է», սակայն այս եղածը ոչ թէ չափազանցութիւն է, այլ ամօ՛թ: Բոլորս ալ կը ցաւինք եղածին համար, սակայն բողոքն ու դատապարտումն ալ սահման ունենալու են: Ցեխարձակումները, յատկապէս ՀԲԸՄ-ի նման կազմակերպութեան մը հասցէին, նախ եւ առաջ կը նսեմացնեն անոնց հեղինակներն ու ափսոսանք կը պատճառեն:
Խմբ. կողմից – Անկեղծորեն, կուզենայինք ձայնակցել մեր հոդվածագրի քննադատություններինՙ ուղղված ՀԲԸՄիությանը քարկոծողներինՙ Մանուկյան-Տեմիրճյան վարժարանի փակման առթիվ: Բայց մի կողմ թողնելով քար ու ցեխ շպրտողներինՙ չենք կարող խստագույնս չդատապարտել Միության ղեկավարությանը, քանզի ըստ երեւույթին դպրոց փակելը վերջինիս համար դարձել է քաղաքականություն, կամ գլոբալիզացիոն արտահայտությամբՙ թրենդՙ սկսած Մելգոնյան կրթօջախից մինչեւ…: Բայց այս մասին հանգամանալիցՙ առաջիկայում: