Լիբանանահայ կրթական վիճակն այսօր բաւական մտահոգիչ պատկեր մը կը ներկայացնէ: Անցեալ տարի հայ եկեղեցւոյ լիբանանահայոց թեմին ենթակայ ազգային վարժարանները փակուեցան ու մէկ վարժարանի վերածուեցան: Այս տարի ՀԲԸՄիութեան վարժարաններն ալ կը ծրագրեն միացնել իրենց երեք վարժարանները եւ մէկ վարժարանի մէջ ամփոփուիլ: Ըստ մեր տեղեկութիւններուն, երեք վարժարաններու աշակերտութեանց ընդհանուր թիւը 350-ի շուրջ է, եւ հաւանական է, որ այս վերամուտին այդ թիւն ալ նուազի:
Այսօր, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութեան թիւը 4000-ի շուրջ է, երբ տասը տարի առաջ այդ թիւը կրկնապատիկ էր, ըստ յայտնի մատենագէտ, խմբագիր եւ կրթական գործիչ Ժիրայր Դանիէլեանի ատենին կատարած եւ հրատարակած ուսումնասիրութեան: Տասը տարուան ընթացքին 8000 աշակերտութեան թիւը ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ կէսի իջած է, երբ նոյն այդ տասը տարիներուն լիբանանահայութեան թիւը կէսի չէ իջած:
Հայ դպրոցը հայապահպանութեան միջնաբերդն է Սփիւռքի մէջ, եւ անցնող մէկ դարու ընթացքին, Եղեռնէն ու բռնագաղթէն հազիւ ճիղոպրած, նուիրեալ ազգայիններ եւ կազմակերպություններ, ինչ-ինչ զրկանքներու գնով հոս ու հոն դպրոցներ կառուցեցին. ո՛ւր հայկական համայնք մը գոյացեր էր, հոն եկեղեցի ու դպրոց կառուցեցին եւ սերունդներ հասցուցին, հոգ չէ թէ ոտաբոպիկ ու լաթէ պայուսակներով, սակայն Սփիւռքի ապագան իրենց ձեռքին մէջ առնող յանձնառու ղեկավարներ եղան անոնք:
Հարիւր տարի ետք, այսօր, եթէ ոչ հոգեվարքի մէջ, գոնէ ընդունելու է, որ հիւանդագին կացութեան մը մատնուած են մեր աշխարհատարած վարժարանները, որոնք տարուէ տարի, մին միւսին ետեւէն փակուելով, 140-է աւելիի մասին կը խօսուի:
Ինչ պատկեր ալ ներկայացնէ այսօրուան գաղթաշխարհի քարտէսը, Լիբանանն ու Սուրիան կը մնան կրթական ամենակարեւոր աւանդապահները, որոնք հասցուցած են ու տակաւին կ՛ակնկալուի որ հասցնեն Սփիւռքի հասարակական, մշակութային եւ այլ ասպարէզներու պահանջքները գոհացնող գիտակից ու նուիրեալ ղեկավարներ ու գործիչներ:
Թէեւ ճիշդ է որ պատերազմները կացնահարեցին հայ կեանքը թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ, սակայն լիբանանեան պատերազմի աւարտէն աւելի քան քառորդ դար ետք, հայ աշակերտութեան թիւի նուազումին յանցանքը այլեւս պատերազմին վրայ նետելու չէ, տեղական կրօնական, կուսակցական եւ միութենական հաստատութիւններ հարցը իրենք իրենց վրայ առնելու են ու պատճառները լոյսին բերելով, դարմանի մասին մտածելու են:
Կը լսենք, որ միութիւն մը մեծ թիւով աշակերտներ մերժած է ընդունիլ, նիւթական պատճառներով: Այդ աշակերտներուն ծնողները ի վիճակի չեն եղած հայկական դպրոցի մը կողմէ պահանջուած արձանագրութեան ու կրթաթոշակի բաւական մեծ գումարները հայթայթել: Այստեղ անհրաժեշտ է փակագիծ մը բանալ եւ ըսել, որ Սուրիոյ ութամեայ պատերազմի ընթացքին, ի պատիւ Սուրիոյ հայկական վարժարաններուն ու զանոնք հովանաւորողներուն, ՈՉ ՄԷԿ աշակերտ դպրոցէ զրկուած է նիւթական պատճառներով:
Լիբանանահայ համայնքին ուսանելու տարիք ունեցողներուն թիւը, շատ մակերեսայն հաշուարկումով, գոնէ 15.000 մը ըլլալու է, ուրեմն ո՞ւր կերթան միւս աշակերտները. կա՛մ օտար վարժարաններ, ըստ նիւթական կարողութեան, կա՛մ ալ պետական անվճար դպրոցներ: Իսկ, այս մտահոգիչ եւ վտանգաւոր կացութիւնը դարմանելու մասին ի՞նչ կը մտածեն լիբանանահայութեան աշխարհիկ թէ կրօնական կառոյցները:
Հարիւրերորդ անգամ ըլլալով չհարցնենք, թէ ինչո՞ւ ունեւորներէն շատեր, իրնց զաւակներուն համար օտար դպրոցները կը նախընտրեն, իսկ չունեւորներուն համար անվճար ուսում հայթայթելը անկարելի՞ է, ո՞ւր են բարեսիրական միութիւնները, ո՞ւր են լիբանանի հարուստ բարերարները:
Այս ընթացքով տասը տարի ետք Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ ոչ աշակերտ կը մնայ, ոչ ալ դպրոց այդ երկրի տարածքին: ԱՀԱԶԱ՛ՆԳ…