9 տարիներ անորոշութեան մէջ մնալէ ետք Պոլսոյ Պատրիարքութեան կրօնական ժողովը մարտի 15-ին Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը ընտրեց տեղապահ: Լուրին մելանը տակաւին չչորցած յայտնի դարձաւ, որ Պոլսոյ կուսակալութիւնը «անվաւեր» կը համարէ եղած ընտրութեան արդիւնքը եւ իրավիճակը «կը վերադարձնէ» փետրուարի վերջին շաբթուան Տ. Սահակ Սրբազանի հրաժարականով ստեղծուած տագնապի փուլին:
Ճիշդ է, որ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ բառացիօրէն Տ.Գարեգին Պեքճեան սրբազանի ընտրութիւնը անվաւեր համարելու մասին խօսք չկայ, բայց ըսել թէ «մենք որպէս փոխանորդ կը ճանչնանք Արամ Աթէշեանը», այդ արդէն տեղապահի ընտրութիւնը անվաւեր համարելէն աւելին է:
Սահակ Սրբազանի հնչեցուցած «ահազանգ»էն ետք դէպքերը կ՛ընթանային բաւական արագ: Նախ համայնքի «պուրժուազիա»ն ամէն ճիգ կ՛ընէր ներծծելու առկայ լարուածութիւնը, որուն իբրեւ հետեւանք կը կատարուէր «ճակատագրական» ժողով մը, ուր կ՛ընդունէին պատրիարաքական ընտրութիւնը արագացնող որոշումներ: Վրայ կը հասնէր հակամարտ կողմերը դէպի Էջմիածին «կանչելու հրաւէր»ը, ուր համաձայնութիւն կը ձեռքբերուէր մինչեւ 15 մարտը տեղապահ մը ընտրելու վերաբերեալ: Եւ այսպէս. համայնքի հոգեւորականաց դասը գաղտնի քուէարկութեամբ եւ 23 ձայներով տեղապահ կ՛ընտրէրՙ Տ. Գարեգին արք. Պեքճեանը:
Այսօրուան տուեալներով նոր իրավիճակ մը կայ Պոլսոյ մէջ: Բոլոր հաշուարկները մէկդի, սակայն բացորոշ է որ Պատրիարքութեան գմբէթին տակ հաւաքուած միաբաններուն մեծամասնութիւնը յօժար կամքով Տ. Գարեգին սրբազանը ընտրած է տեղապահ:
Այստեղ կարեւոր նշում մը ընելով պէտք է շեշտադրել, որ անկախ Գարեգին սրբազանին հանդէպ առկայ համակրանքի չափէն, ժողովին մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը «Ո՛չ» ըսաւ Արամ Աթէշեանին:
Եղած ընտրութիւնը միայն Արամ Աթէշեանին կամ Գարեգին Սրբազանին միջեւ կատարուած ընտրութիւն չէր: Ինն տարիներ պատրիարքութիւնը «իր ձեռքին» մէջ պահած Արամ Սրբազան բաւական դժուարին վիճակի մէջ է:
Անոր ունեցած առաւելութիւնները սկսած են տեղի տալ, ու յստակ է նաեւ, որ համայնքի տարբեր խաւերուն մօտ իրեն հանդէպ առկայ դժգոհութիւնը շատ աւելի մեծ է, քան կը պատկերացուէր:
Տեղապահի ընտրութիւնը նոյնպէս կարեւոր կամուրջ է, հասնելու համար Պատրիարքի ընտրութեան, եւ հոս նոյնպէս յստակ է, որ մինչ այդ տարբեր կողմերու կարծիքով «ճնշուած» համարուող հոգեւորականները յաջողեցան քաջ կեցուածքով հանդէս գալ:
Նախասիրութեան, պաշտօնի, ներքին կապուածութիւններու հարցերէն անդին Արամ սրբազանին երեսին «նետուած» «ո՛չ»ը միայն տեղական «արմատներ» չունի:
Արամ Աթէշեան, որ ամէն գնով սպառած ու մսխած է իրեն տրուած վստահութիւնը, այսօր հանրութեան կը ներկայանայ որպէս պարտեալ: Ան ոչ միայն պարտուած է կրօնական ժողովին, այլեւ իր ժողովուրդին առջեւ:
Խօսելով Թուրքիոյ «կուսակալութեան խաղաքարտ»ին մասին, հասկնալի է, որ միայն այս հանգրուանին «լսելի» դարձած կուսակալութեան «պատուէր»ը իր մէջ կը ներփակէ տարբեր նրբերանգներ, որոնք շատ մը պարագաներու կրնան վնասակար ըլլալ նոյնինքն Անքարայի համար:
Պոլսահայ համայնքը, որ անցնող տարիներուն «եոլա երթալու» վիճակին մէջ էր, այսօր կորսնցնելիք չունի:
Իսկ եթէ կուսակալութեան հրապարակած բաւական կոպիտ «կոչ»ը դիտարկուի որպէս Հայ փոքրամասնութեան դէմ կատարուած բացայայտ ճնշումի եղանակ, ապա այդ պարագային Եւրոպայի հետ «պատերզամի» դուրս եկած Էրտողանի վարչակազմը կրնայ դէմ յանդիման ըլլալ բաւական խոցելի վիճակի:
Տ. Գարեգին սրբազան, որ ընտրութենէն օր մը անց յայտարարած է, որ համայնքին մէջ «հանգիստ են» իր ընտրութեան կապակցութեամբ: Սրբազանը, չէ մոռցած դրական ու կարեւոր «ազդանշան» ուղղարկել դէպի Անքարա յայտարարելով, թէ ինք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ ժխտական կեցուածք չէ ունեցած:
Այս ալ կարեւոր է: Կարեւոր է մանաւանդ անոնց համար, որոնք ամէն առիթի կը փորձեն Անքարայի ետին թաքնուիլ եւ իրադրութիւնը այնպէս մը ներկայացնել, որ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանաւորներուն համար Աթէշեան սրբազանը անփոխարինելի թեկնածու է:
Պատրիարքի ընտրութեան այսօր արդէն նոր հարթութեան մը վրայ գտնուող ընթացքը յառաջիկայ օրերուն աւելիով պիտի բարդանայ:
Մէկ կողմէ, Պոլսոյ կուսակալութիւնը (հետեւաբար ՙ Թուրքիոյ իշխանութիւնները)) եւ միւս կողմէ Գարեգին սրբազանին շուրջ բոլորուած պոլսահայ համայնքի մեծամասնութիւնը կարեւոր փուլ մը պիտի մտնեն:
Մինչ այդ շատ կարեւոր ընելիք ունի ինքՙ Արամ սրբազանը, որ պէտք է ամէն գնով, կուսակալութեան հետ իր ունեցած բոլոր յայտնի թէ անյայտ կապերը գործի մղելով ապահովէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն «համաձայնութիւն»ը ընտրութեանց:
Այդ կերպ ան փրկած պիտի ըլլայ Պոլսոյ դարաւոր աթոռը նոր փոթորիկներէ եւ,միաժամանակ, իր մեղքերը փորձէ քաւել յաչս հայ ժողովուրդին: